Մայրենիի տօնին ընդառաջ` «Հայերն այսօր»–ը զրուցած է Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն ոլորտին առնչուող մարդոց հետ, որոնք պատասխանած են մայրենիին վերաբերող հարցերու:
Կը ներկայացնենք եգիպտահայ ազգային–հասարակական գործիչ դոկտ. Սուրէն Պայրամեանի, Երուսաղէմահայ գրող Անուշ Նագաշեանի, գեղագէտ, արուեստաբան, գծանկարիչ Լեւոն Լաճիկեանի հետ ունեցած զրոյցները:
«Մայրենիի տօնն անսահման գնահատելի, պատուաբեր ու հայավայել նախաձեռնութիւն է».Սուրէն Պայրամեան
Մայրենին ինծի համար …
-Գոյութեան իմաստ է եւ գոյապայքարի դրօշակիր:
–Մայրենիի տօնը…
-Անսահման գնահատելի, պատուաբեր ու հայավայել նախաձեռնութիւն է:
–Հայերէնի մէջ ձեր սիրած բառը եւ արտայայտութիւնը…
-Ամէն ինչէ վեր` «Հայաստան» եւ «Արարատ» բառը կը սիրեմ, իսկ արտայայտութիւններէն` Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութենէն «Աշխարհ անցի՛ր, Արարատի նման ճերմակ գագաթ չկայ» տողը:
–Արեւմտահայերէն սիրած բառը եւ արտայայտութիւնը…
-Գոյապայքար, պայքար` մինչեւ յաղթանակ:
–Մայրենիին նուիրուած սիրելի բանաստեղծութիւնը…
–Կը սիրեմ Մուշեղ Իշխանի ( Մուշեղ Ճէնտէրէճեան ) «Հայ լեզուն տունն է հայուն» եւ Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդուն» բանաստեղծութիւնները:
–Մայրենիի առաջին ուսուցիչը կամ ուսուցչուհին…
–Գահիրէի «Գալուստեան» Ազգային մանկապարտէզ յաճախելու տարիներուս առաջին ուսուցչուհիս եղած է վաստակաշատ Պերճուհի Դպիրեանը: Երեխաներու հոգեբանութիւնը լաւ ճանչցող այս գորովագութ կինն ինծի համար բարութեան եւ քնքշութեան մարմնացումն էր:
–Մայրենին` այսօր…
–Սփիւռքի մէջ` անհրաժեշտ ուշադրութեան եւ ուսուցման պակաս, իսկ Հայրենիքի մէջ` հասարակութեան կողմէ օտարացումի եւ անհասկնալի անտարբերութեան մատնուած:
–Մայրենին` երիտասարդներու շրթունքներէն…
– Մայրենին սորվելու առումով ինչ-որ տեղ տեղայնական, միջավայրի պայմաններուն եւ ուշադիր, դաստիարակիչ, պահանջկոտ ցուցումներու պակասի զոհ են մեր երիտասարդները
«Մայրենին միշտ իր բարձունքին վրայ կը գտնուի».Անոյշ Նագաշեան
-Մայրենին ինծի համար…
–Մայրենին ինծի համար հանապազօրեայ հացն է:
–Մայրենիի տօնը…
-Կը կարծեմ `այս տօնը հաւասարազօր է Հայաստան` քրիստոնէութեան մուտքին:
–Արեւելահայերէնի մէջ ձեր սիրած բառը եւ արտայայտութիւնը…
–«Մայրենի»:
–Արեւմտահայերէն սիրուած բառ կամ արտահայութիւն…
-Միսաք Մեծարենցի «Տուր ինծի Տէր» բանաստեղծութենէն «Տուր ինծի Տէր ուրախութիւնն անանձնական» արտայայտութիւնն է:
–Մայրենիին նուիրուած սիրելի բանաստեղծութիւնը …
– Մուշեղ Իշխանի «Հայ Լեզուն Տունն Է Հայուն» բանաստեղծութիւնը ինծի համար սիրելի է:
–Մայրենիի առաջին ուսուցիչը կամ ուսուցչուհին…
– Քանի որ ծնած եմ Պաղեստին, ուր հայկական վարժարան չկար, մայրս ինծի մեսրոպատառ այբուբենը սորվեցուցած է: Հէնց իրեն ալ կը համարեմ հայոց լեզուի առաջին ուսուցիչս:
–Մայրենին` այսօր…
-Մայրենին միշտ իր բարձունքին վրայ կը գտնուի:
–Մայրենին` երիտասարդներու շրթունքներէն…
-Այս հարցին կը պատասխանեմ Սիլվա Կապուտիկեանի բանաստեղծական տողերով, որուն միջոցով կոչ կը յղեմ բոլոր երիտասարդներուն` «Թէ մօրդ անգամ մտքիցդ հանես, քո մայր լեզուն չմոռանաս»:
«Ուսուցչուհիիս կերպարն ինծի համար անառանձնացնելի է Մաշտոցի կերպարէն».Լեւոն Լաճիկեան
-Մայրենին ինծի համար…
-Աւելի լաւ, քան բանաստեղծը, չես ըսեր. «Նա աղն է մեր ինքնութեան»:
–Մայրենիի տօնը…
-Յիշեցում այդ աղի գոյութեան ու կարեւորութեան մասին:
–Արեւելահայերէն Ձեր սիրած բառը եւ արտայայտութիւնը…
-«Բան», իսկ արտայայտութիւնը` «Ի սկզբանէ էր Բանն»:
–Արեւմտահայերէն սիրուած բառ եւ արտայայութիւն…
-«Աղուոր», իսկ արտայայտութիւնը` «Վարձքդ կատար»:
–Մայրենիին նուիրուած սիրելի բանաստեղծութիւն…
-Արդէն պարզ է. Համօ Սահեան «Մեր լեզուն»:
–Մայրենիի առաջին ուսուցիչը կամ ուսուցչուհին…
-Արմիկ Մխիթարեան` Լենինականի (Գիւմրի) թիւ 20 միջնակարգ դպրոցի իմ ուսուցչուհիս, որուն կերպարն ինծի համար անառանձնացնելի է Մաշտոցի կերպարէն:
–Մայրենին` այսօր…
-Մեր Մայրենին այսօր յայտնուած է, մեղմ խօսքով, աննախանձ վիճակի մէջ, ուստի անյետաձգելի քայլեր պէտք է ձեռնարկուին այդ վիճակը շտկելու համար:
–Մայրենին` երիտասարդներու շրթունքներէն…
-Եթէ անկեղծ ըլլամ, տպաւորուած չեմ մեր երիտասարդներու շրթունքներէն հնչող մերօրեայ հայերէնով: Ուստի անձնական ջանքեր կը գործադրեմ, որպէսզի անոնց խօսքը ըլլայ կիրթ, գրագէտ ու ներկայանալի:
Գէորգ Չիչեան