Երեք տարիէ ի վեր «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանէն ներկայացուող եւ մեծ հետաքրքրութիւն ու գնահատանք վայելող «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրի այս տարուան աւարտական հանգրուանն ու մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 18 մայիս 2013-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, ուր գտնուող մեծաթիւ ներկաներուն կողքին յայտագիրին հետեւելու առիթ ունեցան նաեւ «Վանայ ձայն»¬ի ունկնդիրները, որովհետեւ անիկա ուղղակի սփռուեցաւ կայանէն:
Յայտագիրին բացումը կատարեց եւ «Ճիշդ հնչենք»-ի այս տարուան անցած ուղիին, աշակերտներուն ունեցած հետաքրքրական ու օգտաշատ փորձառութեան մասին խօսեցաւ յայտագիրը պատրաստող եւ հաղորդավար Հուրի Փափազեան-Էմմիեան, որ անդրադարձաւ այն երեւոյթին, թէ տարուէ տարի յայտագիրը աւելի քաշողական սկսաւ ըլլալ աշակերտներուն համար: Ան դիտել տուաւ, որ մրցող դասարանները, որոնք նախորդ տարիներուն 6¬րդ, 7-րդ եւ 8-րդ էին, այս տարի վերածուեցան 5-րդ, 6-րդ եւ 7-րդի` այն նպատակով, որ նախակրթարանի վարժարանները եւս առիթ ունենան թէկուզ մէկ աշակերտով մասնակցիլ յայտագիրին:
«Մեզի համար ալ մեծ ուրախութիւն է տեսնել, թէ այս յայտագիրին ընդմէջէն մայրենի լեզուին նկատմամբ սէրն ու գուրգուրանքը աւելցաւ, աշակերտներ` մրցակցութեան ճամբով աւելի հետամուտ դարձան հայերէն բառերը ճիշդ հնչելու: Անոնց խանդավառութիւնը նաեւ մերն էր, մեր նպատակը ա՛յս էր հիմնականօրէն», հաստատեց Հ. Փափազեան-Էմմիեան:
Ապա ան ներկայացուց այն մթնոլորտը, որ կը տիրէ «Վանայ ձայն»-ի յարկին տակ յայտագիրի օրերուն, նկարագրեց աշակերտներուն ապրած սպասողական վիճակը, անոնց ուրախութիւնն ու տխրութիւնը, հայերէն բառերը ճիշդ հնչելու հետամուտ ըլլալու անոնց պատրաստակամութիւնը` աւելցնելով, որ խօսափողին ետին նստիլը փորձառութիւն ըլլալու կողքին կրնայ երբեմն վախազդու ըլլալ` պատճառ դառնալով, որ աշակերտները ամէնէն պարզ բառը սխալ հնչեն: Ան նաեւ անդրադարձաւ դպրոցներուն մէջ եւս իբրեւ մրցում կիրարկուող «Ճիշդ հնչենք»-ին: «Այս երեւոյթը քաջալերական է, կը նշանակէ, որ «Վանայ ձայն»-ը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը եւ այս յայտագիրով յաջողեցաւ առողջ մրցակցութեան մթնոլորտ ստեղծել աշակերտներուն միջեւ, մայրենի լեզուին նկատմամբ սէր եւ գուրգուրանք արթնցուց, հայ աշակերտները «Վանայ Ձայն»-ին ծանօթացուց եւ ամէնէն կարեւորը` հարիւրաւոր հայերէն բառեր սորվեցան ճիշդ գրել եւ ճիշդ հնչել», եզրափակեց Հուրի Փափազեան-Էմմիեան:
Երրորդ տարին ըլլալով Այնճարի քաղաքապետութեան հովանաւորութիւնն ու քաջալերանքը վայելող «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրին այս տարի իրենց մասնակցութիւնը բերին 15 վարժարաններէ 5-րդ, 6-րդ, եւ 7-րդ դասարաններու 40 աշակերտներ:
Աւարտական հանգրուանի հասած էին հետեւեալ աշակերտները. 5-րդ դասարան` Նարէ Գոգօղլանեան (Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան) եւ Քարլա Քէշիշեան (Անարատ յղութեան Ս. Ագնէս վարժարան), 6-րդ դասարան` Ժորժ Սահիլի (Հայ աւետարանական Փ. եւ Է. Թորոսեան վարժարան) եւ Կասիա Ժինեան (Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան), 7-րդ դասարան` Յովսէփ Գլընճեան (Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան) եւ Ալիք Սթամպուլեան (Ազգային Յառաջ – Գ. Կիւլպենկեան վարժարան):
Յայտագիրին վերահսկեց Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի տնօրէն, լեզուաբան, հայագէտ Յովիկ Պերթիզլեան, որ յայտագիրին մասին իր կարծիքը յայտնելով` դիտել տուաւ, թէ անիկա հոյակապ նախաձեռնութիւն մըն է, որ գոհունակութիւն կը պատճառէ, որովհետեւ առիթ կու տայ հայ աշակերտներուն շրթներէն լսելու հայոց լեզուի հոյակապ գեղեցկութիւնը:
Ապա տեղի ունեցաւ մրցումին աւարտական հանգրուանը, որուն ընթացքին մրցանակակիր դարձան Նարէ Գոգօղլանեան (Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան), Ժորժ Սահիլի (Հայ աւետարանական Փ. եւ Է. Թորոսեան վարժարան) եւ Ալիք Սթամպուլեան (Ազգային Յառաջ – Գ. Կիւլպենկեան վարժարան):
«Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Աւետիս Կիտանեան այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ նման կամ այլ յայտագիրներ յաջողութիւն կը գտնեն շնորհիւ անոնց նկատմամբ ցուցաբերուած հաւատքին. անոր համաձայն, թէեւ կայանը մնայուն կերպով հետամուտ է արեւմտահայերէնը, հայ երգն ու մշակոյթը անաղարտ եւ կենդանի պահելու, սակայն յաջողութեան գրաւականը ունկնդիրներն են, «Վանայ ձայն»¬ի բարեկամներն ու քաջալերողները, որոնք նեցուկ եւ պահպանման երաշխիք կը հանդիսանան: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին` դիտել տալով, որ կայանին նկատմամբ եղած գնահատականները, քննադատութիւնները եւ արտայայտուած նոր գաղափարները կը ծառայեն անոր յառաջդիմութեան եւ զարգացման: Ա. Կիտանեան հաստատեց, որ «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրով շահեցաւ հայոց լեզուն:
Ապա խօսք առաւ Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, որ դիտել տուաւ, թէ սրտի խոր գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն է նման օգտաշատ յայտագիր մը հովանաւորելը` շեշտելով, որ յառաջիկայ տարի եւս քաղաքապետարանը պիտի ըլլայ անոր հովանաւորը: Ան մեծապէս գնահատեց այս նախաձեռնութիւնը, նաեւ հայ վարժարաններն ու ուսուցիչները, որոնք բոլորն ալ հայոց լեզուն անաղարտ պահելու մնայուն պայքար կը մղեն. բան մը, որ նաեւ Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետութիւններուն պարտականութիւնն է, որովհետեւ անոնք սոսկ քաղաքապետարաններ չեն, այլ` առաքելութիւն ունեցող կառոյցներ: Խօսքը աշակերտներուն ուղղելով` Կ. Փամպուքեան շեշտեց, որ անոնք պէտք է հպարտօրէն յայտարարեն իրենց ինքնութեան մասին եւ պայքարին անոր պահպանման ի խնդիր, մանաւանդ որ հայութիւնը ունի հարազատ եւ ընտիր լեզու, մշակոյթ եւ աւանդութիւններ:
Հ. Փափազեան-Էմմիեան այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնեցան յայտագիրի յաջողութեան:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: Իւրաքանչիւր մրցանակակիր ստացաւ 400.000 լիբ. ոսկի իսկ 2-րդ հանդիսացող աշակերտները` 200.000 լիբ. ոսկի: Յայտագիրին մասնակցած բոլոր աշակերտներն ալ ստացան քաջալերական նուէրներ` «Վանայ ձայն»-ի կողմէ: