Compass Band-ի «Sweetie Baby»-ն Դեկտեմբեր 1-ին Ամսթերտամի մէջ կայացած Մանկական Եւրոտեսիլ-2012-ի մրցոյթին 12 երկիրներու շարքին 98 միաւորով գրաւեց 3-րդ տեղը:
Հայաստան ներկայացնող Compass Band-ը հանդէս եկաւ 8-րդը: Հայաստանի քուէարկութեան արդիւնքները Երեւանէն հաղորդեց Compass Band անդամներէն Միքայէլ Վարոսեանը, որ այստեղ մասնակցած էր «Եւրոտեսիլ»-ի նախընտրական հանգրուգանին, սակայն չէ մեկնած Ամստերտամ, քանի որ անոր տարիքը չէր համապատասխաներ մրցոյթի մասնակիցներուն ներկայացուող պահանջներուն:
Հայաստանին որեւէ միաւոր չտուած Ատրպէյճանը մնաց ամենավերջին հորիզոնականներուն:
Առաջին տեղը զբաղեցուց Ուքրանիայի մասնակիցը:
Աղիւսակը ըստ միաւորներու ունէր հետեւեալ դասաւորումը.
1. Ուքրանիա – 138
2. Վրաստան – 103
3. Հայաստան – 98
4. Ռուսիա – 88
5. Պելճիքա – 72
6. Շուէտ – 70
7. Հոլանտա – 69
8. Իսրայէլ – 68
9. Պելառուս – 56
10. Մոլտովա – 52
11. Ատրպէյճան – 49
12. Ալպանիա – 35