ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ
(140)
Դէպքը կը պատահի Լիբանանի փառքի օրերուն, երբ աշխարհի ամէն կողմերէն եւ մասնաւորաբար արաբական երկիրներէն մայրիներու երկիրը կու գային վայելելու համար Միջին Արեւելքի Փարիզի անհամար բարիքները:
Անթիլիասի «Հալապի» ճաշարանի սպասեակներէն մին է պատմողը. «Ամէն օր, կէսօր եւ իրիկուն, ճաշարանը ասեղ ձգելիք տեղ չկայ: Շատ հիւրեր ունինք Սէուտական Արաբիայէն եւ Արաբական ծոցի երկիրներէն, որոնք նուազագոյնը քսան-քսանհինգ հոգիով կու գան: Ահա այսպիսի խումբ մը կու գայ եւ կը նստի լիբանանցիներու սեղանի մը կողքին, որ իր ճաշը աւարտած եւ պտուղ ու անուշեղէն կ՛ուտէր: Խաղող եւ կեռաս լուալու համար սեղանին մէջտեղը, խորունկ ամանի մը մէջ սառով ջուր դրած ենք, եւ ամէն մարդ պտուղը կը լուայ ու կ՛ուտէ: Քովի սեղանի արաբական երկիրի հիւրերը ամէն բան կ՛ապսպրեն եւ իրենց սեղանի կեդրոնական պնակը քարիտէզի մեծ ափսէն կը հանդիսանայ, որուն կողքին կը դնենք տաք ջուրը, որպէսզի քարիտէզ ճաշակողները իրենց ձեռքերը մաքրեն եւ ապա այլ կերակուրներ ձեռնեն. իսկ մեր այս հիւրերը, կ՛երեւի առաջին անգամ քարիտէզ կ՛ուտեն, քովի պտուղի սեղանը կապկելով` կը սկսին քարիտէզները տաք ջուրին մէջ լոգցնել եւ ապա ճաշակել… Մենք ճար չունինք, մեր խնդուքը ծածկելու համար խոհանոց կը վազենք»:
(141)
1991-ի Մեծ պահքին Նիւ Ճըրզիէն Մարսէյ կ՛երթամ ընկերոջս տղուն զաւակին մկրտութեան կնքահայր ըլլալու համար: Մկրտութիւնը կիրակի տեղի պիտի ունենայ Մարսէյի արուարձաններէն մէկուն փոքր հայ եկեղեցիին մէջ` սուրբ պատարագէն ետք, եւ կը յանձնարարեմ բոլորին, որ կանուխ գան եւ սուրբ պատարագին մասնակցին: Գրեթէ պատարագի սկզբնաւորութեան երեսուն հոգիով եկեղեցի կը մտնենք: Պատարագիչն է հանգստեան կոչուած Յակոբ արք. Վարդանեանը, որ Մեծ պահք ըլլալով` փակ վարագոյրի ետին կը պատարագէ եւ պատարագի աւարտին, երբ խորանէն վար կ՛իջնէ քարոզելու համար, կը զարմանայ եկեղեցին բերնէ բերան լեցուն տեսնելով:
Ան իր քարոզը կը սկսի հետեւեալ բառերով. «Սիրելի՛ հաւատացեալներ, ես գիտեմ, որ դուք այսօր կնունքի համար եկեղեցի եկեր էք, եւ չեմ գիտեր` ե՞րբ եկեղեցի մտաք, որովհետեւ վարագոյրը գոց էր, եւ հիմա ձեզ տեսայ: Յանենայն դէպս բարի եկեր էք», եւ կը շարունակէ աւելի քան երեսուն վայրկեան քարոզել այս ներածականէն ետք. «Քաջ գիտնալով, որ Մեծ պահքի միւս կիրակիներուն եկեղեցի պիտի չգաք, ձեզի միայն այս կիրակիի` Արտաքսման կիրակիի քարոզը պիտի չխօսիմ, այլ` բոլոր կիրակիներունը, մինչեւ Ծաղկազարդ», եւ կը սկսի Բուն բարեկենդանէն ու կ՛աւարտէ Գալստեանով… Պատարագէն ետք կը մօտենամ, ինքզինքս կը ծանօթացնեմ եւ կը շնորհաւորեմ իր` Թորգոմ պատրիարք Մանուկեանի կողմէ Երուսաղէմի պատրիարքական փոխանորդ նշանակումը, որ քանի մը օր առաջ մամուլէն կարդացած էի, որուն կը պատասխանէ. «Շնորհակալ եմ, բայց եթէ պատրիարքը կը սպասէ կոր, որ ասոր համար Երուսաղէմ երթամ, շա՜տ երկար պիտի սպասէ. ես փոխանորդութիւնը հոսկէ ալ կրնամ վարել»: Պէտք է ըսել, որ այդպէս ալ ըրաւ եւ` շատ ձեռնհասօրէն…
(142)
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոս կը պատմէ. «Նոր Ջուղա առաջնորդ եղած շրջանիս հայաբնակ գիւղի մը մէջ Մարկոս անունով քահանայ մը ունէինք, որ իր անունը «Մարգոս» կը գրէր: Նախ խորհեցայ, որ վրիպակ է. սակայն երբ նամակներուն մէջ միշտ նոյնը կրկնուեցաւ, առանձինն քովս կանչեցի եւ նկատողութիւն ըրի, թէ ինչպէ՛ս կրնայ ըլլալ, որ Մարկոս աւետարանիչին անունը «Մարգոս» կը գրէ, երբ յաճախ գոնէ եկեղեցւոյ մէջ «Սրբոյ աւետարանիս Յիսուսի Քրիստոսի, որ ըստ Մարկոսի» կը կարդայ: Տէր հայրը զարմացաւ եւ ըսաւ, թէ ճիշդ այդ պատճառաւ փոխան Մարկոսի «Մարգոս» կը գրէ, որովհետեւ ինք Մարկոս աւետարանիչը չէ…
(143)
1963-ին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Խադ արք. Աջապահեանի 80-ամեակը կը տօնուի, եւ միաբան մը իր սիրտի խօսքը արտասանած պահուն կը բարեմաղթէ. «Սրբազա՛ն հայր, կ՛աղօթեմ Աստուծոյ, որ ձեզ քաջառողջ պահէ եւ մինչեւ 100 տարի ձեր հայրական շուքը մեր վրայէն անպակաս ընէ»: Խադ սրբազան դժգոհ կը մնայ եւ կը գոչէ. «Քի՜չ է, հարիւրը քի՜չ է…»: Դժբախտաբար 1968-ին, 85 տարեկանին կը վախճանի:
Այլ պաշտօնական առիթով, որպէս կաթողիկոսական տեղապահ, Խադ արք. Աջապահեան հանդիսութեան մը փակման խօսքը պիտի կատարէ եւ նկատի ունենալով սրբազանին տարիքն ու սահմանափակ կարողութիւնը` դիւանապետը խօսքը նախօրօք գրած եւ յանձնած է իրեն, ինքն ալ ընթերցելու փորձը կատարած է: Ամէն բան յաջող կ՛անցնի, սակայն հազիւ փակման խօսքը աւարտած` թուղթը կը ծալէ, գրպանը կը դնէ եւ իրեն յատուկ հեղինակութեամբ կ՛ըսէ. «Հիմա քանի մը խօսք ալ մեր կողմէն…»:
(144)
Առաւօտեան ժամը հինգին Պէյրութէն Երեւան կը ժամանեմ: Ընկերս կը դիմաւորէ զիս եւ կ՛ըսէ, թէ տուն մտնելէն առաջ կը փափաքի, որ շուկայէն անցնինք եւ պտուղ գնենք: Վերջապէս ճամպրուկներովս եւ Երեւանի շուկայէն մեր գնած թարմ պտուղներով, որոնց մէջ խոշոր ձմերուկ մըն ալ կայ, տուն կը մտնենք: Մինչ ընկերս, զաւակները եւ ես նստասենեակը նստած կը խօսակցինք, սուրճի ափսէն ձեռքը բռնած տանտիկինը խոհանոցէն մեր քով կու գայ եւ խնդալով կ՛ըսէ. «Տատիկը զարմացել է, թէ սրբազանը ինչի՞ համար էդքան միրգ է բերել Պէյրութից Երեւան, եւ մանաւանդ հարց է տալիս, թէ ինքնաթիռի մէջ ո՞նց է շալակել էդ խոշոր ձմերուկը…»:
(145)
Կոստանդնուպոլսոյ Մեսրոպ պատրիարք Մութաֆեան եւ ուսողագէտ ու Կիլիկիոյ պատմութեան մասնագէտ ֆրանսահայ Արմէն Մութաֆեան առաջին անգամ ըլլալով իրարու կը հանդիպին: Պաշտօնական ծանօթացումէն ետք Մեսրոպ սրբազան կը հարցնէ. «Ես Քլոտ Մութաֆեանի մը ֆրանսերէն յօդուածները կարդացած եմ, ձեզի ազգակա՞ն կ՛ըլլայ»: Արմէն ժպիտը դէմքին կը պատասխանէ. «Նոյնինքն ես եմ. հայկական շրջանակին մէջ Արմէն կը կոչուիմ, իսկ ֆրանսականին մէջ` Քլոտ:
(146)
2015-ի Ս. Ծնունդի համերգի փակումին խօսքը կը կատարեմ Նիկոսիոյ մէջ եւ գնահատանքս կը յայտնեմ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երգչախումբին մաս կազմող կրտսերներուն ու երէցներուն եւ պատկեր մը գործածելով` կ՛ըսեմ` «Փոքր տարիքէն մինչեւ անսահմանափակ տարիքի պատկանողներ»: Ամէն բան շատ լաւ կ՛աւարտի, եւ բոլորը գոհ տրամադրութեամբ իրենց տուները կ՛երթան:
Յաջորդ առաւօտ տէր հայրը առաջնորդարանի գրասենեակս կը մտնէ եւ կ՛ըսէ. «Այս առտու կանուխ անակնկալ հեռաձայն մը ստացայ: Երգչախումբի ամենատարեց անդամուհին էր խօսողը, ձեզմէ շատ նեղուեր է: Սրբազանը «անսահմանափակ տարիք»-ը ըսելով` ինծի կ՛ակնարկէր ըսաւ եւ աւելցուց` «Ես այլեւս երգչախումբէն պիտի չերգեմ»: Ինչ որ ըրի, չկրցայ խօսք հասկցնել, թէ չարաչար կը սխալէր: Լաւ կ՛ըլլայ, որ մէյ մը հետը խօսիք»:
Անմիջապէս հեռախօսեցի ենթակային, անհրաժեշտ լուսաբանութիւնը տուի եւ սիրտը շահեցայ: Բարեբախտաբար ան շարունակեց մաս կազմել երգչախումբին եւ իր քաղցր ձայնով ու անուշ ներկայութեամբ մեզի հետ մնալ:
(147)
Լոնտոնի տիկին Թագուհին կը հեռախօսէ իր ընկերուհիին` Զուարթին տունը: Հեռաձայնին կը պատասխանէ փոքրիկ Սթիւը եւ կը հարցնէ. «Բարեւ ձեզ: Ո՞վ կ՛ուզէք»: Տիկին Թագուհին կը հարցնէ` «Զուարթը տո՞ւնն է» եւ անմիջապէս կ՛աւելցնէ. «Սթիւ, դո՞ւն ես խօսողը»: Սթիւ կը պատասխանէ. «Այո՛, մամաս տունը չէ: Դուք ո՞վ կ՛ըլլաք»: Դիմացէն կը լսուի. «Ես Թագուհին կ՛ըլլամ: Երբ մամադ տուն գայ, ըսէ, որ Թագուհին հեռաձայն բացաւ»:
Երբ Զուարթ տուն կը մտնէ, Սթիւ խանդավառուած` կ՛ըսէ մօրը. «Մա՛մ, գիտե՞ս թագուհին հեռաձայնեց եւ հետս հայերէն խօսեցաւ: Չէի գիտեր, որ մեր թագուհին հայերէն ալ կը խօսի»: Տիկին Զուարթ կը սկսի խնդալ եւ կը պատասխանէ. «Տղա՛ս, հեռաձայնողը Անգլիոյ թագուհին չէ, այլ ընկերոջդ` Թոմըսին մայրը, որուն անունը Թագուհի է…»:
(148)
Անգլիոյ առաջնորդ Յովակիմ սրբազանն է պատմողը. «Նոր եկած էի Լոնտոն եւ առաջին ոտնլուայի արարողութիւնը պիտի կատարէի: Ինծի ըսին, որ տեղական սովորութիւն է բոլոր փափաքողներուն ոտքերը լուալ արարողութեան ընթացքին: Երբ տեսայ, որ եկեղեցին շատ ժողովուրդ եկած է, խորանին վրայ տէր հօր հարցուցի. «Կ՛օգնե՞ս ինծի, որ միասին լուանք այսքա՜ն մարդոց ոտքերը»: Տէր հայրը պատասխանեց. «Երբ Յիսուս իր աշակերտներուն ոտքերը լուաց, Պետրոս առաքեալին չըսաւ, որ օգնէ իրեն: Աւելի ճիշդ կ՛ըլլայ, որ դուք առանձին լուաք…»:
(149)
Սասուն Սիմոնեան ուշադրութեանս յանձնեց «Սփիւռք»-ի մէջ լոյս տեսած (28/7/1966, էջ 2) մանրապատում մը, որ ամփոփելով կը փոխանցեմ ձեզի.
Կիրակի առաւօտ մը Սահակ Բ. կաթողիկոս եւ Բաբգէն Ա. աթոռակից կաթողիկոս Պէյրութի Ս. Նշան եկեղեցիէն Անթիլիաս վերադարձի ճամբուն վրայ Պուրճի հրապարակը հոծ բազմութեան մը կը հանդիպին, եւ շարժավարը կը ստիպուի դանդաղիլ: Սահակ վեհափառ կը հարցնէ. «Ինչո՞ւ այսքան մարդ խռնուած է այստեղ»: Շարժավարը կը պատասխանէ. «Սինեմայի համար»: Բաբգէն վեհափառ տրտմօրէն կը յարէ. «Կիրակի օրով եկեղեցիները գրեթէ դատարկ, իսկ սինեմաներուն առջեւը` այսպէս խռնուած»: Սահակ վեհափառ կ՛եզրակացնէ. «Սինեմաները ամէն շաբաթ կը փոխեն իրենց ֆիլմերը, իսկ մենք 1900 տարիէ ի վեր նոյն ֆիլմը կը դարձնենք…»:
(150
«Քորոնա» ժահրի պատճառով երկու տարի մայրավանք չայցելած մեր առաջնորդ սրբազաններէն մին վերջերս Անթիլիաս եկած էր եւ բակին մէջ միասին կը ճեմէինք: Մեր պարտիզպան Վազգէնը մօտեցաւ եւ խօսքը սրբազան հօր ուղղելով` ըսաւ. «Աստուած օգնական, բարի եկած էք»: Սրբազանը պատասխանեց. «Աստուած պահապան, բարի տեսանք, Պօղոս»: Վազգէնը սրբագրեց. «Սրբազան հայր, ես Վազգէնն եմ, Պօղոսը չեմ»: Սրբազանը եզրափակեց. «Լա՛ւ, Անդօ, բարի տեսանք…»:
(151)
Զարեհ Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան օրերուն արտասահմանէն ազգային մը Անթիլիասի կաթողիկոսարան կու գայ եւ պահակին կ՛ըսէ. «Կը փափաքիմ հայրապետը տեսնել»: Պահակը զինք Պէյրութի Ազգային առաջնորդարանը կը ղրկէ, ուր կը ծառայէր նշանաւոր Հայրապետ լուսարարը: Մարդը հոն հասնելէն ետք կը պարզուի, որ ան կը խնդրէր Զարեհ վեհափառին հետ տեսնուիլ: Առաջնորդ Խորէն սրբազան կացութինը կը փրկէ, երբ ազգայինը առնելով` Անթիլիաս կը բերէ եւ Զարեհ հայրապետին կը ներկայացնէ:
(152)
Համայնավարութեան օրերուն պետական անձնաւորութիւն մը Ս. Էջմիածին կու գայ Վազգէն Ա. կաթողիկոսին հանդիպելու: Երբ վեհարանին կը մօտենայ, կը տեսնէ, թէ մայրիկ մը նստած է հոն, եւ կը յարէ. «Ես Վազգէնն եմ ուզում»: Մայրիկը անդին գտնուող ինքնաշարժը ցոյց տալով` կը պատասխանէ. «Գնա՛, էդտեղ աւտոյի տակն է Վազգէնը»: Մարդը կը զարմանայ. կ՛երթայ եւ կը տեսնէ, որ իսկապէս մարդ մը մեքենային տակը պառկած` նորոգութիւններ կ՛ընէ: Երկուքը քանի մը բառ կը փոխանակեն, եւ մարդը մայրիկին քով կը վերադառնայ ու կ՛ըսէ. «Էս Վազգէնը չէ, ես կաթողիկոս Վազգէնն եմ ուզում»: Մայրիկը զինք կ՛առաջնորդէ Վազգէն վեհափառի գրասենեակը եւ յանդիմանական մեղմ շեշտով կ՛աւելցնէ. «Սկիզբից պէտք էր էդպէս ասէիք. Վազգէն կաթողիկոս»: Շնորհալի մայրիկը վեհամայրն էր, որ իր զաւակին հետ Ս. Էջմիածին կ՛ապրէր եւ հոն ալ իր մահկանացուն կնքեց: Եւ ի՜նչ զուգադիպութիւն… այդ օրերուն Վազգէն կաթողիկոս Վազգէն անունով ինքնաշարժի վարորդ մը ունէր:
(Շար. 16)