ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ
(6)
«Տէ՛ր Մուշեղ, կիրակի իրիկուն ժամը 9-ին Ֆլորիտայէն Լակուարտիա կը հասնիմ. եկուր` զիս ա՛ռ եւ տուն հասցո՛ւր հաճիս»: Մեսրոպ արք. Աշճեանն է հեռախօսողը:
Ճշդուած ժամուն տէր հայրը Նիւ Եորքի օդակայանն է եւ կը տեսնէ, որ առաջնորդ սրբազանը վճարովի հեռաձայնի կէտէ մը կը խօսի (այդ օրերուն տակաւին բջիջային հեռախօս չկար) եւ ձեռքի շարժումով զինք իր մօտ կը կանչէ: Տէր Մուշեղ կը մօտենայ եւ Մեսրոպ սրբազան կը յանձնարարէ. «Տէ՛ր հայր, պզտիկ վալիզ մը ունիմ, ա՛ռ եւ հոս բեր. կ՛երթանք», եւ հեռախօսազրոյցը կը շարունակէ: Տէր հայրը պայուսակներուն քով կ՛երթայ: Բոլոր ճամբորդները իրենց պայուսակները առնելով` դուրս կ՛ելլեն, եւ միայն շատ պզտիկ պայուսակ մը կը մնայ: Տէր հայրը կը զարմանայ, թէ ինչո՞ւ սրբազանը զայն հետը օդանաւ չէ հանած, երբ մանաւանդ ձեռքի պայուսակ ալ չունի: Տէր հայրը երբ տակաւին այս շուարումին մէջ կը գտնուէր, սրբազանը կու գայ եւ քիչ մը խիստ ոճով կ՛ըսէ. «Ի՞նչ կեցեր ես, ա՛ռ եւ քալենք. ուշ է արդէն»: Տէր Մուշեղ կ՛առնէ պայուսակը եւ վրան կը կարդայ. «Աճիւն` այսինչ այսինչեանի»: Ժպիտ մը կ՛ուրուագծուի տէր հօր դէմքին վրայ: Կծիկը քակուած է: Սրբազանը չէ ուզած եւ հիմա ալ չ՛ուզեր աճիւնին հպիլ: Ընդհանրապէս Նիւ Եորքի մէջ ուշ ժամերուն ամէն տեղ թաքսիով գացող սրբազանը տէր Մուշեղը անհանգիստ ըրած էր այս աճիւնը կրող պայուսակին պատճառով:
Երբ տէր Մուշեղ ինքնաշարժին դուռը կը բանայ, որպէսզի աճիւնի պայուսակը ետեւի աթոռին վրայ դնէ, Մեսրոպ սրբազան դարձեալ յանդիմանական շեշտով կ՛ըսէ. «Ի՞նչ կ՛ընես կոր, սնտուկը դի՛ր»:
Կը հասնին սրբազանին տունը, եւ տէր հայրը կը պատրաստուի աճիւնի պայուսակը տալու, երբ սրբազանը բաճկոնին գրպանէն պահարան մը կը հանէ եւ կ՛ըսէ. «Բոլոր մանրամասնութիւնները արձանագրուած են հոս: Այս պայուսակը հետդ տուն տար, օթոյին մէջ չձգես: Վաղը առտու գերեզմանատուն գնա՛ եւ պէտք եղածը կարգադրէ: Չեքն ալ մէջն է, աւելիով: Գիշեր բարի»: Սրբազանին առաքելութիւնը հոս կ՛աւարտի: Արդէն օդակայանէն առ որ անկ է աւետած էր, որ պայուսակը «ողջամբ» տեղ հասած էր…
Յաջորդ առաւօտ տէր Մուշեղ ժամը 8:00-ին գերեզմանատուն կ՛ուղղուի: Ինքն է պատմողը.
«Թերս պիտի ըլլայ եա: Թրաֆիք մը, չտեսնուած: Ստիպուած եղայ աջ գիծը, «երկու հոգի եւ աւելի» ըսողը, առնելու: Չար բախտէս ոստիկանը կեցուց: Բարեբախտաբար Մեսրոպ սրբազանը քովս չէր եւ իր աթոռին վրայ բազմած էր աճիւնի պայուսակը: Ոստիկանը օթօ քշելու տետրակս ստուգելէ յետոյ ըսաւ, որ թիքեթ պիտի տայ, որովհետեւ առանձին էի եւ «երկու հոգի եւ աւելի» ըլլալիք գիծէն կ՛անցնէի: Առարկեցի եւ պայուսակը իրեն երկարեցի ու առաջարկեցի, որ վրայի անուն-մականունը կարդայ: Մարդը այըն-պէյին եղաւ: Մէյ մը ինծի նայեցաւ, մէյ մը նորէն պայուսակին նայեցաւ, «Գնա՛. իրաւունք ունիս. կեանքիս մէջ ասանկ բանի չէի հանդիպած» ըսաւ…»:
(7)
Տէր Մուշեղին հետ յուղարկաւորութիւն մը ունինք Նիւ Ճըրզի, մեռելատունին մէջ, որուն կը մասնակցի նաեւ տեղւոյն Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ երիտասարդ նորոգ նշանակեալ հոգեւոր հովիւը: Ապա երեքս միասին իմ ինքնաշարժովս գերեզմանատուն կ՛երթանք:
Տէր հայրը, իրեն յատուկ զուարթախօսութեամբ, պատուելիէն անոր կենսագրական նախնական տուեալները առնելէն ետք կը հարցնէ. «Է՜, պատուելի՛, ամուսնացա՞ծ ես մը»: Ան ալ, արդէն ամչկոտ, հազիւ լսելի ձայնով. «Այո՛, տէ՛ր հայր», կը պատասխանէ: Անխուսափելի երկրորդ հարցումը կը հասնի. «Դուք ի՞նչ կ՛ըսէք, երէցկին չէ ալ` փամփուշտ-բամբիշ, ի՛նչ է նէ, կնիկդ հա՞յ է մը»: «Այո՛, վեց ամիս առաջ ամուսնացանք», դարձեալ նոյն ամչկոտ շեշտով: Այս անգամ գոնէ նախադասութիւնը քիչ մը երկար է. ուրեմն ամչկոտութիւնը կը սկսի խոյս տալ, երբ տէր Մուշեղ երրորդ հարցումը կ՛ուղղէ. «Օլուխ-չօճուխ կա՞յ մը կրակին վրայ»: Պատուելին դարձեալ մեղմ ձայնով կը պատասխանէ. «Ո՛չ դեռ, բայց այդ մասին կը մտածենք կոր»: Այս անգամ տէր հայրը պատուելիին գլխուն պաղ ջուր կը թափէ. «Պատուելի՛, այս գործը մտածելով չ՛ըլլար…»:
(8)
Կը պատմեն. Սանճագ քեմփբը երկու փոքր եղբայր գնդիկ խաղցած ատեն իրենց տարեկից փոքրիկ մը կը ծեծեն: Ծեծ ուտողին մայրը կ՛ըսէ անոնց. «Ի՞նչ է` ձեր զայիմ (կեղծ հերոս) քեռիի՞ն վստահեցաք եւ տղաս ծեծեցիք»: Փոքրիկները կը մոռնան պատահարը եւ կը շարունակեն իրենց խաղը: Այդ օրերուն զոյգ ատրճանակով պտտող զայիմ ընկերները շատ էին… Յետոյ բոլորն ալ կամաց-կամաց հրապարակէն մաքրուեցան:
(9)
Կը պատմեն. Սանճագ քեմփի դրացնութեան կը գտնուէր թիրոն, որ աղաւնի որսալու վայր էր: Օր մը վիրաւոր աղաւնիին քար նետած ատեն Սագօ դրացիին տղուն ճակատը կը պատռէ: Մայրը կ՛ըսէ. «Վնաս չունի, բան մը չեղաւ. խենթ արիւնդ ելաւ»: Դէպքը շուտով կը մոռցուի, եւ բարի դրացնութիւնը կը շարունակուի:
(10)
Կը պատմեն. Նուպարեան վարժարանին մէջ պարոնը աշակերտ մը կ՛ապտակէ եւ զայն հոլի պէս կը դարձնէ: Քառորդ ժամէն լուրը կը տարածուի թաղին մէջ, եւ աշակերտին զայիմ (կեղծ հերոս) եղբայրը ատրճանակը ձեռքը` դպրոց կը խուժէ: Ընկեր տնօրէնը` «Ընկերըմ, հանդարտէ՛» ըսելով համոզիչ` շեշտով կը փորձէ բորբոքած կրակը մարել: Անօգուտ: Պարոնը դասարանէ դասարան կը փախցնեն: Ան այլեւս կը խուսափի դպրոց եւ թաղ ոտք կոխելէ…
(11)
Թուրքին հետ առաջին շփումս մեր տունին մէջ տեղի կ՛ունենայ: Աղջիկութեան մայրս Պէյրութը, մատամ Ֆերնանտին մօտ, կարի դաս առած էր եւ որպէս յաւելեալ եկամուտի աղբիւր` տունը կանանց հագուստ կը կարէր: Չեմ գիտեր` ուրկէ՛ ուր Պոլիսէն թրքուհի յաճախորդուհի մըն ալ ունէր, որ տարին քանի մը անգամ լոխումով, խաղալիքներով ու այլ նուէրներով ծանրաբեռնուած եւ «Մանուկը՜մ, Մանուկը՜մ» փաղաքշական ձայնարկումներով մեր տունը կը մտնէր: Ես զինք «Թեյզզէ» կը կոչէի: Յատկապէս դպրոցը այնքա՜ն լսած էինք Հայոց ցեղասպանութեան մասին, որ մայրս հազիւ կը զսպէր զայրոյթս, երբ ամեն անգամ կը սպառնայի. «Մա՛մ, չեմ ուզեր, որ այս կինը մեր տունը մտնէ: Կ՛ըսեմ կոր հա. եթէ նորէն գայ, պիտի սպաննեմ զինք…»: Բայց մէկ կողմէն ալ բերածները կ՛առնէի եւ մեծ հաճոյքով կը վայելէի…:
(12)
Տունին մէջ տարօրինակ իրարանցում մը կը տիրէ: Մեծ հայրս եւ մեծ մայրս ամէն տեղ մեծ հօրս գլխարկը կը փնտռեն: Պահարանին մէջ, աթոռներուն վրայ, անկողիններուն վրայ, սեղանիկներուն վրայ, գլխարկը չկայ ու չկայ: Ո՞ւր գացած կրնայ ըլլալ սա անիծեալ գլխարկը: «Հիմա՛ հոս էր», կը բացագանչէ մեծ հայրս: «Ե՛ս ալ տեսայ», կ՛աւելցնէ մեծ մայրս: Մայրս խոհանոցէն սենեակ կը մտնէ եւ կը հարցնէ. «Խե՜ր է, ի՞նչ կայ` իրար անցեր էք»: «Տէտէին գլխարկը կը փնտռենք», կը պատասխանէ մեծ մայրս: Մայրս զարմացական շեշտով կը յարէ. «Գլխարկը հայրիկին գլուխն է…»: Մեծ հայրս ձեռքը գլուխը կը տանի, գլխարկը կը շօշափէ եւ կը յանդիմանէ մեծ մայրս. «Ես իմ գլուխս չեմ կրնար տեսնել, դո՞ւն ալ չես տեսներ կոր, զարմանալի կին մըն ես…»:
(13)
Հազիւ սկսած եմ քալել եւ Մազրա՛աթ Քըֆըրտըպիան գիւղն ենք` Պէյրութի տաք եւ խոնաւ օդէն խոյս տուած: Մեծ հայրս` նշանաւոր Ապու Եա՛աուպը ամբողջ գիւղին մէջ ծանօթ է, որովհետեւ պարտէզէ պարտէզ կ՛անցնի, պտուղ կը հաւաքէ եւ շաբաթը քանի մը անգամ Սանճագ քեմփ կը տանի ծախելու համար: Նաեւ երեկոները մարոնիթ եկեղեցին կ՛երթայ, որովհետեւ գիւղը հայկական եկեղեցի չունի: Այդ երանելի՜ օրերուն Լիբանանի հայկական եկեղեցիներուն մեծամասնութեան մէջ առաւօտ եւ երեկոյ ամէնօրեայ ժամերգութիւն տեղի կ՛ունենար, եւ ես մինչեւ դպրոց երթալս հօրենական մեծ ծնողներուս կ՛ընկերանայի, ինչպէս նաեւ` կիրակնօրեայ սուրբ պատարագին, որուն կը յաջորդէր, ճաշէն ետք, կիրակնօրեայ վարժարանը: Այսպէս էր, որ կրօնական դաստիարակութեան եւ ապագայ հոգեւորականի սերմերը կը ցանուէին իմ եւ իմ նմաններուն մէջ:
Գիւղի քահանան յաճախ մեր տունը կու գար, եւ մեծ ծնողներս իրենց գիտցած-չգիտցած արաբերէնով ու հայկական հիւրասիրութեամբ ժամանակ կ՛անցընէին հետը: Ան յաճախ ալ զիս կը գգուէր, խաչիկներ ու սրբանկարներ կու տար ինծի եւ զիս կ՛օրհնէր: Մտերմացած էինք: Օր մըն ալ քահանային գիրկը կը նետուիմ եւ «Աթթինի հայտա» (Տուր ասի) ըսելով` կը սկսիմ մօրուքը քաշել: Խեղճ մարդը անմիջապէս «Հայտա մէ պիսիր» (Ասի չ՛ըլլար, ասի չի տրուիր) պոռալով` զիս գիրկէն վար կ՛իջեցնէ եւ մեր տունէն դուրս կը վազէ` գաւաթ մը սուրճը կէս ձգելով: Ան անգամ մըն ալ մեր տունը ոտք չի կոխեր այլեւս:
Երախտապարտ եմ Աստուծոյ, որ քահանային փոխարէն` ի՛նք տուաւ մօրուքը եւ շատ աւելին…
(14)
Դպրեվանքի մեր գրաբարի ուսուցիչը` պարոն Գէորգ Գանտահարեան քերականութեան կանոն մը բացատրած ատեն գրատախտակին վրայ դիտմամբ սխալ մը կը գրէ եւ դասարանին հարց կու տայ. «Մէջերնիդ բողոքական չկա՞յ»: Մենք ալ միամիտ-միամիտ կը մտածենք, որ առաքելական դպրեվանքին մէջ բողոքական աշակերտ ի՞նչ գործ ունի, կը պատասխանենք. «Ո՛չ, պարոն»: «Ուրեմն դասէն բան մը չէք հասկցած», կ՛եզրակացնէ եւ իր հայրական ժպիտը կը սփռէ մեր վրայ…
Ուրիշ դասապահի մը ընթացքին պարոն Գանտահարեան հայերէնի ուղղագրական կանոն մը կը բացատրէ եւ կը հարցնէ. «Ղա-էն յետոյ ջէ կու գայ. օրինակ` զիղջ, գաղջ: Ո՞վ կրնայ օրինակ մը տալ»: Ուսանող մը կը պատասխանէ. «Պաղ ջուր»: Պարոնը խնդալով կ’ըսէ. «Ամմա տա ըրիր հա, պզտիկ տիրացո՛ւ»: Ամբողջ դասարանը կը խնդայ:
(15)
Խորէն արք. Բարոյեան Ս. Նշանի առաջնորդարանէն կաթողիկոսարան պէտք է երթայ, եւ առաջնորդարանի ինքնաշարժը նորոգութեան մէջ է: Մայր եկեղեցւոյ սարկաւագներէն մէկուն կը յանձնարարէ. «Ճամբայ իջիր, թաքսի մը կեցուր, երկու ոսկի սակարկէ եւ եկուր` զիս կանչէ, միասին կ՛երթանք»:
Սարկաւագը աւելի քան մէկ ժամ կը փորձէ երկու ոսկիով Պէյրութէն Անթիլիաս գացող թաքսի մը գտնել եւ ի վերջոյ երեք ոսկիով համաձայնելէ ետք արաբ վարորդի մը հետ` առաջնորդ սրբազանը ինքնաշարժ կ՛առաջնորդէ: Խորէն սրբազան նստելէ ետք կը կատակէ սարկաւագին հետ. «Մէկ ոսկիի տարբերութիւնը դուն պիտի տաս»:
Երբ մայրավանքին կը մօտենան, սրբազանը հինգ ոսկի կու տայ վարորդին եւ կ՛ըսէ. «Խալլի» (Մնացածը քեզի): Սարկաւագը կը յիշէ իր երկու ոսկիի քրտնաթոր սակարկութիւնները թաքսիի վարորդներուն հետ եւ սրտնեղած կը յարէ. «Սրբազա՛ն հայր, զիս ահագի՜ն յոգնեցուցիք եւ հիմա երկու ոսկի պախշի՞շ (նուէր, վարձատրութիւն) կու տաք կոր»: Խորէն սրբազան կը ժպտի եւ կը պատասխանէ. «Դեռ չօճուխ (երեխայ) ես, կը սորվիս: Ֆրանսերէն կ՛ըսեն` «Նոպլես օպլիժ» (Ազնուութիւնը իր պարտաւորութիւնները ունի): Հիմա աս մարդը ամեն տեղ պիտի պատմէ, որ հայոց առաջնորդը երեք ոսկի թաքսիին վճարեց եւ երկու ոսկի ալ պախշիշ տուաւ: Ամէն մարդ պախշիշին մասին պիտի խօսի: Ասի չի մոռցուիր…»:
(Շար. 2)