ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան գրառում կատարած է «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ՝ յայտնելով, որ ընտրութիւններուն չի բացառեր իր գործօն մասնակցութիւնը:
Ան դիտել կու տայ, որ ներարցախեան քաղաքական զարգացումներուն եւ յառաջիկայ Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու համապետական ընտրութիւններուն իրավիճակին կը հետեւի: Ան կը յայտնէ, որ օրինակելի ընտրութիւններու համար, բացառիկ կարելիութիւններ ստեղծուած են, եւ պատրաստ է ամէն ինչով նպաստելու այդ ընտրութիւններուն շուրջ դիւանագիտական առաւել բարենպաստ մթնոլորտ ստեղծելու:
«Չեմ կրնար անտեսել համապետական ընտրութիւններուն իմ մասնակցութեան ձեւաչափին մասին բազմաթիւ հարցերը եւ հարցումները Արցախի Հանրապետութենէն, Հայաստանի Հանրապետութենէն ու Սփիւռքէն: Անգամ մը եւս վստահեցնելով մեր երկրի անվտանգ, ապահով, քաղաքակիրթ ու ժողովրդավարական լաւագոյն ապագային հանդէպ խիստ շահագրգռուածութիւնը եւ այդ ապագայի կերտման գործին մէջ աւելի մեծ պատասխանատուութիւն ստանձնելու սկզբունքային պատրաստակամութիւնս՝ կ՛ուզեմ տեղեկացնել, որ կը մտածեմ այդ ուղղութեամբ, պարբերաբար կը հետեւիմ հասարակական կարծիքի դրսեւորումներուն, մարդոց իղձերուն եւ տրամադրութիւններուն՝ ձգտելով առաւելագոյնս օգտակար դառնալ այդ իղձերու իրականացման: Ուրեմն, ընտրութիւններուն չեմ բացառեր իմ գործօն մասնակցութիւնը», գրած է Մասիս Մայիլեան: