Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ համալսարանականներու վարչութիւնը կը նախաձեռնէ արեան տուչութեան արշաւ մը: Արդարեւ, Շաբաթ, 28 Մարտ 2015, առաւօտեան ժամը 11-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 4-ը, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինի հովանաւորութեամբ, Հ.Բ.Ը.Մ-Հ.Ե.Ը համալսարանականներու վարչութիւնը , « Donnes Sang Compter» կազմակերպութեան հետ գործակցաբար պիտի ձեռնարկէ արեան տուչութեան արշաւի մը: Վստահ ենք, որ մեծ թիւով հայորդիներ սիրայօժարօրէն պիտի մասնակցին մարդասիրական սոյն արշաւին: