Դոկտ. Մինաս Գոճայեան
Այս տխուր ու լլկիչ օրերուն ուրախութեան արցունքի կաթիլ մը իջաւ մեր աչքերէն, երբ ստացանք աւետիսը մեր լաւ աշակերտուհիին՝ Մարսալ Նաճարեանի ազատման: Իր կեանքը ոդիսական մը եղաւ, որովհետեւ իր եւ ամուսինին հայրենասիրութիւնը զիրենք տարաւ Արցախ, բայց չստացուեց: Ան տառապեցաւ հարիւրաւոր մայրերու փոխարէն, եղաւ հազարաւորներու աղօթքներուն մէջ եւ մոմեր վառուեցան իր համար: Բարի վերադարձ սիրելի Մարալ: Շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք քեզի: Թող ո՛չ մէկ մայր ու կին ապրի քու տառապանքդ ոխերիմ թշնամիներու գերութեան տակ: Շնորհակալութիւն բոլոր հայ եւ ոչ-հայ անձերուն ու կազմակերպութիւններուն, որոնք տիւ եւ գիշեր աշխատեցան ազատումիդ համար: