ՊԱՅՔԱՐ 174
Յարութիւն Իսկահատեան-Պէյրութ
Մարաշի Տէր Ղեւոնդ Տէր Նահապետեան քահանան (1853-1941) ազգային առողջ կեցուածքներու եւ մարդկային վսեմ գաղափարներու մարմնացում եղած է: Ան ամէն առիթով ընդվզած է հայոց նկատմամբ կատարուող Օսմանեան Պետութեան հարստահարութիւններուն, անօրէնութիւններուն եւ արիւնալի ջարդերուն դէմ, մանաւանդ Համիտեան կոտորածներէն առաջ, ինչպէս որ կ’ըսէ իր ծորը՝ Վահան Տէր Ղեւոնդեան «Մարաշի Տէր Ղեւոնդ Քահանայի Յուշերը» խորագիրով յուշագիրքին յառաջաբանին մէջ («Անտարես» հրատ., Երեւան, 2013, միջակ չափի 464 էջ, 16 էջ ներդիր եւ 4 էջ գունաւոր):
Տէր Ղեւոնդի ուշադրութիւնն ու մտածումները թուրքերու եւ քիւրտերու ձեռքէն հայոց կրած տառապանքներուն եւ հալածանքներուն վրայ կեդրոնացած էին: Թուրք հարկահաւաք պաշտօնեաներու խարդախ ու պատեհապաշտ արարքները կը մատնանշէ ան: Տէր Ղեւոնդ ոչ միայն այդ հարցին նկատմամբ հոգ կ’ընէր այլ կը միջամտէր բարւօք լուծում մը ապահովելու համար հայոց: Այդ պարագաներէն մէկը՝ «Մի կոյր աղքատ կնոջ չվճարած հարկի դիմաց թուրք ժանտարմը վերցնում տանում է նրա միակ վերմակը: Կինը տուն գալով իմանում է այդ մասին եւ ծայր աստիճան զայրացած ու յուսահատ դիմելով հարկահաններին ասում է. «Ո՞վ էր իմ տունը մտնողը եւ մէկ հատիկ վերմակս առնող այստեղ բերողը: Եթէ թագաւորը ինձ նման կոյր եւ աղքատ կնոջ վերմակին է մնացել, վա՜յ մեր գլխին»: Այս խօսքերից ու Տէր Ղեւոնդի միջամտութիւնից յետոյ միայն հարկահանները վերադարձնում են աղքատ կնոջ միակ հարստութիւնը» (էջ 10-11), ամփոփելով կը մէջբերէ Վահան Տէր Ղեւոնդեան:
Հայոց վրայ թրքական ու քրտական սաստիկ ճնշումներու եւ հալածանքներու իբրեւ հետեւանք հայութեան մեծ մասը թշուառ վիճակի կը մատնուի: Տէր Ղեւոնդ մանրամասնօրէն կը բացատրէ Մարաշի հայոց վճարած տուրքերուն բոլոր տեսակները եւ պաշտօնեաներու տուրքերը հաւաքելու դաժան ձեւերը, ինչպէս նաեւ անոնց խարդախութիւններն ու կամայականութիւնները եւ ստոր գործունէութիւնը: Տէր հայրը սրտի ցաւով կը յիշէ թէ ինչպէս հայոց թշուառացումէն ետք մուտք կը գործեն կաթոլիկութիւնն ու բողոքականութիւնը Կիլիկիա եւ կը տարածուին քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ: Այս երեւոյթը հայութեան մէջ բաժանումներ կը ստեղծէ: Վէճեր ու վիճաբանութիւններ տեղի կ’ունենան: Հակառակ այն իրողութեան թէ Տէր Ղեւոնդ ջերմ պաշտպանն էր Հայ Առաքելական (Լուսաւորչական) կամ իր լեզուով՝ «տոհմիկ» եկեղեցւոյ եւ մեծ ցաւ կը զգար ի տես դաւանափոխութեան երեւոյթին, ան ճիգ չի խնայէր հաշտեցնելու տարբեր յարանուանութիւններու պատկանող վիճող մարդիկ եւ կը ջանայ կիրքերը մարել:
Իբրեւ թունդ յեղափոխական «Մարուքէ Ճգնաւոր» ծածկանունով, Տէր Ղեւոնդ սերտ յարաբերութեան մէջ եղած է Զէյթունի յեղափոխութեան ղեկավարութեան հետ, մանաւանդ Աղասիի եւ Նազարէթ չաւուշի: Մարաշի հայ յեղափոխականներու հետ ան զէնք հայթայթած է Զէյթունի քաջերուն, նաեւ զինամթերքով, սննդեղէնով եւ դրամով օժանդակած է յեղափոխութեան: Ղեւոնդ քահանայ իր երիտասարդութեան Ռաֆֆիի ազգային վէպերով ոգեւորուած է: Անոր գործունէութեան մասին կը վկայէ Զէյթունի Նազարէթ չաւուշը ըսելով. «Տէր Ղեւոնդ քահանայ Տէր Նահապետեան ուխտած է 500-800 զինեալ կտրիճներով Զէյթուն գալ եւ մեզ միանալ: Իմ թաղի եւ ինձ պատկանեալ գիւղացիներու գլխին անցած, ինչպէս նաեւ Տէր Բարթողիմէոս եւ Տէր Ղեւոնդ հայրերուն ու իրենց կտրիճներուն հետ պիտի պարզեմ «մահ կամ ազատութիւն» ցանկալի ու պանծալի դրօշը» («Զէյթունի Պատմագիրք», «Զէյթունի Հայրենակցական Միութեան» հրատ., Մոնթեվիտէօ-Պուէնոս Այրէս, 1960, էջ 511-512): Արդարեւ Տէր Ղեւոնդ բազում ջանքերով կը կազմակերպէ Մարաշի երիտասարդներէն ընտրանի մը եւ կը պատրաստէ զանոնք կռուելու ի պաշտպանութիւն Զէյթունի եւ համայն հայութեան: Սակայն այս նախաձեռնութիւնը կը կանխուի Օսմանեան Պետութեան կողմէ: Զէյթունի ապստամբութեան օրերուն օսմանեան պետական մարմինները մեծ ջանքերով ձախողցուցած են Զէյթուն-Մարաշ գործակցութիւնը, որ թուրքերու համար մեծ վտանգ մըն էր:
Յեղափոխութեան ղեկավարները Զէյթունի մէջ նախապէս ծրագրած էին համընդհանուր ըմբոստութիւն ընել Կիլիկիոյ մէջ 1895-ին, Տէր Ղեւոնդի մասնակցութեամբ: Նախ լեռնային Կիլիկիան (Զէյթուն, Հաճըն, Կապան եւայլն) ապստամբութեան սկսէր եւ անմիջապէս յետոյ դաշտային Կիլիկիան (Մարաշ, Այնթապ, Քիլիս, եւայլն), որուն բնակչութիւնը Կիլիկիոյ հայոց բնակչութեան մէկ երրորդն էր, հետեւէր յեղափոխութեան: Դաշտային Կիլիկիան հայ կռուողներուն պիտի օգնէր զէնքով, զինամթերքով, սննդեղէնով եւ դրամով: Աղասին եւ ընկերները յոյս ունէին որ բրիտանացիները շուտով օգնութեան ձեռք պիտի երկարէին: Սակայն եւ այնպէս հայերը համակիլիկեան ապստամբութիւն չկրցան սկսիլ, որովհետեւ ղեկավարներէն շատերը յոյս չունէին օտարներու եւ մանաւանդ Եւրոպայի օգնութեան վրայ: Միայն Զէյթունն ու շրջակայ գիւղերը ոտքի ելան Մարաշի Տէր Ղեւոնդ քահանայի եւ այլ յեղափոխականներու օգնութեամբ: Հայդուկապետերը տարակարծիք էին Կիլիկիոյ մէջ համընդհանուր ապստամբութիւն գոյացնելու հարցին շուրջ: Նոյնիսկ Զէյթունի պարագային տարակարծիք էին անոնք: Տէր Ղեւոնդ քահանան էր որ յեղափոխութեան ղեկավարներու գաղափարները իրար մօտեցուցած եւ իրականացուցած էր Զէյթունի ապստամբութիւնը: Քաղելով Տէր Ղեւոնդի յուշերէն եւ վերլուծութիւններէն, Վահան Տէր Ղեւոնդեան ապստամբութեան աւարտին եւրոպական միջամտութեան եւ քահանայ հօր կեցուածքին մասին հետեւեալը կ’ըսէ. «Բրիտանացիների «օգնութիւնը» սահմանափակւում է նրանով, որ ընդամէնը միջամտում են որպէսզի ապստամբութեան ղեկավարները անվտանգ հեռանան Օսմանեան Կայսրութիւնից: Կարելի է ենթադրել, որ հենց այդ իրադարձութիւններից յետոյ է, որ Տէր Ղեւոնդի վստահութիւնը եւրոպական տէրութիւնների բարի կամքի հանդէպ յօդս է ցնդում եւ յետագայում նա դառնում է աւելի շրջահայեաց, այլեւս հաւատ չընծայելով այլոց տուած խոստումներին» (էջ 13):
Ուշագրաւ է թէ Տէր Ղեւոնդ քահանայ կը գիտակցի ու կը շեշտէ համիտեան ջարդերու 1894-1896 կանխամտածուած բնոյթը: Ասոր մասին Վահան Տէր Ղեւոնդեան կ’ըսէ. «Յուշերից պարզ է դառնում, որ 1895-1896 թուականների կոտորածները նախապէս ծայրից ծայր ծրագրուած ու ղեկավարուած էին սուլթանի կառավարութեան կողմից, իսկ կուսակցութիւնների գործունէութեան փաստը Կարմիր Սուլթանը որպէս առիթ, կամ պատրուակ օգտագործեց իր դժոխային ծրագիրը կիրառութեան մեջ դնելու համար» (էջ 13):
Կրօնամոլութեան եւ ազգայնամոլութեան մասին Տէր Ղեւոնդ յստակ կեցուածք ունեցած է: Անոր յուշերէն յայտնի կը դառնայ թէ ան կ’ամբաստանէ թուրք ազգայնամոլական շրջանակները աւելի քան կրօնամոլները: Ան կ’ըսէ թէ այլատեացութեան եւ մասնաւորպէս հայատեացութեան գաղափարով լեցուողները ոչ այնքան կրօնամոլներ էին, այլ՝ ազգայնամոլներ: Թուրքերու հեգեւոր պետը՝ Շէյխ-ուլ-Իսլամը հրահանգ կը ստանար սուլթանէն «անհաւատները»՝ հայերը կողոպտելու, հալածելու կամ բնաջնջման ենթարկելու, սակայն այս գծով Տէր Ղեւոնդ իր բառերով կը յստակացնէ կարեւոր պարագայ մը. «Բայց եւ այնպէս երբ հարեւան կամ բարեկամ թուրքերը գազազած ամբոխի ձեռքից յաճախ իրենց իսկ կեանքը վտանգելով, փրկում են հայ ընտանիքներին (ներառեալ Տէր Ղեւոնդին ու իր ընտանիքին- Յ. Ի.), դրանք բոլորը, որպէս կանոն, բարեպաշտ մահմետականներ են» (էջ 14):
Տէր Ղեւոնդ իր յուշագիրքին մէջ կը շեշտէ թէ Եւրոպա ուսանած եւ իրենք զիրենք զարգացած սեպող ազգայնամոլ թուրքեր շատ աւելի վտանգաւոր են քան կրօնամոլ թուրքերը, որոնցմէ ոմանք անհրաժեշտ պարագաներու տակ օգնած են հայոց: Վահան Տէր Ղեւոնդեան այս մասին կ’ըսէ. «Տէր Ղեւոնդ կրթութեան ու առաջադիմութեան ջերմ պաշտպան է եւ ուստի այս իրականութիւնը ուղղուած չէ կրթութեան դէմ: Նա ընդվզում է ազգայնամոլ կամ իր խօսքով «շովինիստ» դարձած այն անձանց դէմ, ովքեր Եւրոպայում ապրելով ու համալսարաններ յաճախելով ոչ թէ իւրացրել էին այդ երկրների առաջադիմական ու մարդասիրական գաղափարները, այլ դարձել էին կրօնի հանդէպ անտարբեր կամ անաստուած ու յաճախ հենց այդ պատճառով էլ դաժան ու անմարդկային» (էջ 14):
Տէր Ղեւոնդի յուշերուն ընդմէջէն կը նկատենք թէ մէկէ աւելի հատուածներ եւ օրուան հրատապ հարցերու նկարագրութիւնն ու բացատրութիւնները աղբիւրագիտական արժէք ունին: Տէր հայրը իւրայատուկ ոճ մը ունի: Ցարդ շատ գրուած է Զէյթունի ապստամբութեան մասին, ուր հազուագիւտ յիշուած է Տէր Ղեւոնդ քահանայի յեղափոխական գործունէութիւնը, իսկ սոյն յուշագիրքը ընթերցողին առիթ կ’ընձեռէ մօտէն ճանչնալու եւ ծանօթանալու Տէր հօր անձին ու ազգանուէր գործին: