Մարուան Թահա Էլ Մուտաուար, Սուրիացի գրող, ուսանած է Դամասկոսի համալսարանի Իրաւաբանութեան բաժանմունքը, երկու տարի աշխատած է իբրեւ դատաւոր Սուէյտայի մէջ, մեկնած է Պուտափեշտ եւ աւելի ուշ Միացեալ Նահանգներ, Քոլորատոյի համալսարան յաճախելով աւարտած է Գիւղատնտեսութեան մասնագիտութեամբ: «Հայերը պատմութեան ընդմէջէն» գիրքին մասին ըսած է, որ ինք որոշած է արաբական զարթօնքի շուրջ գիրք մը գրել, ուսումնասիրութիւներուն ընթացքին հանդիպած է Հայոց ցեղասպանութեան հարցին, թէ ինչպէս ամբողջ ժողովուրդ մը ենթարկուած է ցեղասպանութեան թուրքերու կողմէ: Ցնցուած եւ որոշած է հետազօտութիւն սկսիլ այս հարցին շուրջ, հանդիպած է բազում հայերու Դամասկոսի մէջ, ուսումնասիրած տարբեր լեզուներով, վերջապէս որոշած է գիրք մը հրատակել այս ժողովուրդին մասին , որպէսզի իր արաբ ժողովուրդը աւելի լաւ ճանչնայ հայ ժողովուրդին:
«Հայերը պատմութեան ընդմէջէն» գիրքը կը ներկայացնէ արաբական գրականութիւնը, ի տարբերութիւն այլ օտար գրականութիւններու, գրեթէ զուրկ է այնպիսի աշխատութիւններէ, որոնք հասցէագրուած են հայ ժողովուրդի պատմութեան, մշակոյթին, Ք.ա. մինչ օրս առկայ յարաբերութիւններու հին ու նոր ժողովուրդներու եւ կայսրութիւններու հետ, հետեւաբար հեղինակը, այս գիրքին միջոցով կը փորձէ լրացնել այդ բացը: Ան կը ներկայացնէ Հայաստանը, իբրեւ քաղաքակրթութեան օրրաններէն մէկը, ուր սկիզբ առած է նախամարդը: Գիրքը կը պարունակէ հայերու պատմութեան ուսումնասիրութիւնը, ազգային պատկանելիութիւնը եւ ձեւաւորումը Ք.ա. առաջին հազարամեակին:
Վերոյիշեալ աշխատութեան միջոցով հեղինակը կարեւոր կը համարէ հայկական հարցը, թէ՛ տեղական մակարդակով` ներկայացնելով հայերու հալածանքները Օսմանեան կայսրութեան իշխանութեան ներքոյ յատկապէս 19-20-րդ դարերուն, թէ՛ միջազգային մակարդակով` ներկայացնելով շարք մը օրէնքներ եւ փաստաթուղթեր, որոնք ընդունուած են միջազգային վարչութիւններու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ` նպաստելով հայկական հարցի հանգուցալուծման: Հեղինակը կ’անդրադառնայ նաեւ պատմութեան խորքէն եկած արաբա-հայկական յարաբերութիւններուն եւ Օսմանեան կայսրութեան վարած քաղաքականութեան երկու ժողովուրդներուն նկատմամբ (Փանթուրքիզմը հայերու նկատմամբ, Թուրքացումը արաբներու):
Մարուան ալ-Մուտաուար, նաեւ լոյս կը սփռէ հայերու խաղցած կարեւոր դերին` արաբական տնտեսական եւ մշակութային կեանքին մէջ: Բազում հայկական հասարակական, բարեգործական միութիւններ, դպրոցներ, քոլեջներ, եկեղեցիներ եւ մարզական կեդրոններ կառուցուած են արաբական շարք մը երկիրներու մէջ ամրապնդելով երկու ժողովուրդներու կապը:
Գիրքին մէջ յատուկ կը ներկայացուի, հայ ժողովուրդի մշակոյթը, հոգեւոր, լեզուական եւ գրական արժէքները, ինչպէս նաեւ հայերու նուաճած դիրքերը օտար երկիրներու մէջ:
Թարգմանութիւնը «Հայերն Այսօի»ի: