Գոհունակութեամբ կը դիմաւորենք Զուարթնոց Կեդրոնի հիմնադրութեան 37-րդ տարեդարձը։
Տէրոջ օրհնութեամբ ու մեր բարեկամներուն եւ աջակիցներուն զօրակցութեամբ, Զուարթնոց Յատուկ Դաստիարակութեան Կեդրոնը ամբողջ 37 տարիներուն՝ հաւատարմօրէն շարունակեց մնալ, յատուկ կարիքներ ունեցող պարագաներու հոգածութիւն ցուցաբերող Լիբանանի հայ համայնքի միակ կեդրոնը։
Զուարթնոց Կեդրոնի տարեկան «ՄԱՐՏ 1» իրազեկման արշաւին առիթով վերանորոգենք մեր յանձնառութիւնը եւ զօրակցինք յատուկ կարիքներ ունեցող պարագաներուն, անոնց ապահովելով՝
- Ընկերութեան կողմէ ընդունելիութեան, հասանելիութեան եւ ապահովութեան իրաւունք։
- Իւրաքանչիւր անհատի՝ իր կարիքին յաջողութեան հասնելու համապատասխան միջոցներ։
- Կրթութեան եւ աշխատանքի համահաւասար պայմաններ։
Մարտ ամսուան ընթացքին Զուարթնոց Կեդրոնը սիրով կը հիւրընկալէ ձեզ եւ կ’ընդունի զօրակցական զանազան արտայայտութիւններ։
Տնօրէնութիւն