ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտնեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ Պրիւքսէլի մէջ 14 Յունիսին տեղի ունենալիք հանդիպումին ընթացքին մտադիր է քննարկել նաեւ Արցախի եւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու հարցերը:
«ՆԱԹՕի գագաթնաժողովէն անմիջապէս առաջ հանդիպում պիտի ունենամ Թուրքիոյ նախագահին հետ, կարծիքներ փոխանակելու շարք մը հարցերու շուրջ: Մենք խոր տարաձայնութիւններ ունինք, բայց կը հաւատամ, որ երկխօսութիւնը անհրաժեշտ է: Կը փափաքիմ անդրադառնալ Սուրիոյ, Լիպիոյ, Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի յարաբերութիւններուն», ըսաւ ան, աւելցնելով, որ մտադիր է քննարկել նաեւ ՆԱԹՕի դաշնակիցներուն միջեւ յարաբերութիւններու վարքագիծի կանոնները: