ՀԲԸՄ-ի Մելքոնեան կրթական հաստատութեան Լիբանանի Սանուց միութեան կազմակերպութեամբ երէկ` հինգշաբթի, 22 մայիս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Տեմիրճեան» կեդրոնի «Ասպետներ»-ու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյ նուիրուած գեղանկարիչ Վարդան Թաշճեանի: Բարի գալուստի խօսքէն անմիջապէս ետք Մելքոնեանի շրջանաւարտները հրաւիրուեցան բեմ եւ միասնաբար երգեցին Մելքոնեանի քայլերգը: Բացման խօսքը կատարեց Րաֆֆի Տօնէրեանը: Գեղարուեստական բաժինով հանդէս եկան Շաքէ Փոտոյեան, որ ջութակի ընկերակցութեամբ ընթերցեց Վ. Թաշճեանի կտորներէն «սիրերգ» եւ «Հեռուներէն ամայի», եւ Խաժակ Խաչատուրեան, որ ջութակով նուագեց «Սուրերու պար»-ը:
Խօսք առաւ Արմէն Իւրնեշլեան եւ ներկայացուց Վարդան Թաշճեանը` իբրեւ տաղանդաւոր մարդ, բեղուն ուսուցիչ, վաստակաւոր արուեստագէտ, լուսարձակի տակ առնելով անոր նուաճումներն ու աշխատանքը: Հակիրճ տողերով ներկայացուց նաեւ Վ. Թաշճեանի կենսագրական գիծերը: Ան յիշեց Մելքոնեան հաստատութիւնը, որ հայ իրականութեան ամէնէն ծանր օրերուն մարմին առաւ ու կոփելով հայ միտքը, պատրաստեց հայ հասարակութեան մտաւորականները, ազգային գործիչները եւ ուսուցիչները:
Թաշճեան ունի հարիւրէ աւելի անհատական ու հաւաքական ցուցահանդէսներ աշխարհի աւելի քան 10 երկիրներու մէջ:
Ապա Թաշճեանի արուեստին ու քիչ մըն ալ կեանքին մասին նկարագրող վաւերագրական տեսերիզ մը ցուցադրուեցաւ, որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցան Նարեկ արք. Ալեէմեզեանը, Մելքոնեանի սանուց տնօրէն Արմէն Իւրնեշլեան, Մ. Ս. հոգաբարձութեան ատենապետ Սարգիս Փչաքճեան, եւ տեղի ունեցաւ Վարդան Թաշճեանի հանդիսաւոր պարգեւատրումը:
Իր սրտի խօսքը ուղղեց գեղանկարիչ Վ. Թաշճեան, որ երախտագիտութիւն յայտնեց մեծարանքի երեկոն մտայղացողներուն եւ կազմակերպիչներուն:
Ան չմոռցաւ յիշելու անցեալի սերմնացանները, որոնք վառ պահեցին հայ մշակոյթի սէրը սերունդներուն մէջ, ապա անդրադարձաւ արուեստի ներգործութեան մարդու ներաշխարհին մէջ: «Արուեստը կը վերապրեցնէ մարդը, հոգեպէս զինք առողջ կը պահէ» ,ըսաւ ան, ապա «յաջողութիւնը երջանկութեան բանալին չէ, այլ երջանկութիւնն է յաջողութեան բանալին» խօսքով եզրափակեց իր խօսքը: Այս առիթով սրտի խօսք մըն ալ արտասանեց բժիշկ Թորոս Թորանեան, ապա Րաֆֆի Տօնէրեան շնորհակալութեան խօսքով փակեց ձեռնարկը: