«Թատրոնի միջազգային օր»-ուան առիթով` հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ թատրոնի, շարժապատկերի, ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի դերասաններու սենտիքային, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, երէկ` երեքշաբթի, 27 մարտի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հանդիսութիւն` նուիրուած թատրոնի նուիրեալներ Նուպար Մանուկեանի, Յովսէփ Գափլանեանի, Զաւէն Պաաքլինիի, Յակոբ Գալայճեանի եւ Կարօ Քիրիաքոյի: