12-14 մայիս 2022-ին Քեմպրիճի (Անգլիա) մէջ, Լիբանանի եւ Անգլիոյ Աստուածաշունչի ընկերակցութեանց կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ եկեղեցիներու շուրջ քառասուն ներկայացուցիչներու միջազգային համագումարը, որուն թեման էր` «Աստուծոյ խօսքով համախմբուած քրիստոնեաներ` իրարու նեցուկ դժուարին ժամանակներու ընթացքին»:
Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, սոյն համագումարին մասնակցեցաւ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան (ատենապետ Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու յանձնախումբի) եւ դասախօսեց «Քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները Միջին Արեւելքի մէջ» նիւթին շուրջ:
Համագումարը նաեւ առիթ եղաւ, որ սրբազանը քննարկումներու եւ զանազան հանդիպումներու ընթացքին խօսի յատկապէս ընկերային ծառայութեան մարզին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան մասին: