ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին առջեւ վկայութիւն տալու կանչուած պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարներու օգնականները խիստ քննադատութիւններու արժանացան յանձնախումբի ատենապետ Պոպ Մենենտեզի կողմէ, որովհետեւ այդ նախարարութիւնները ոչ միայն երկար տարիներէ ի վեր ռազմական յատկանշական աջակցութիւն ցուցաբերած են Ատրպէյճանի բռնատիրական կարգերուն, այլ նաեւ անոնց մասին զեկուցումներ չեն տրամադրած Քոնկրեսին։
Մենենտեզ շեշտեց, թէ մօտաւորապէս 6000 զոհ խլած են Արցախի եւ Հայաստանի վրայ ատրպէյճանական շարունակուող յարձակումները, որոնք նաեւ տասնեակ հազարաւոր անձեր գաղթական դարձուցած են։ Մենենտեզ շեշտեց, թէ յատկապէս 44օրեայ պատերազմին պատճառած մարդկային վնասներու լոյսին տակ, Պաքուին ռազմական օժանդակութիւններ տրամադրելու ներկայ ընթացքը պէտք չէ շարունակուի:
Աւելի կանուխ, Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ եւ Ներկայացուցիչներու տան Ռազմական սպասարկութիւններու յանձնախումբի անդամ Ճեքի Սփիր եւս նման քննադատութիւններ հասցէագրեց այդ յանձնախումբին առջեւ վկայութիւն տալու կանչուած պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարներու օգնականներուն։
Նշենք, որ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ Քոնկրեսի ղեկավարութեան, որ պարտադրէ Ատրպէյճանին ռազմական աջակցութիւնները կասեցնող՝ Ազատութեան զօրակցելու բանաձեւի թիւ 907 յաւելուածին գործադրութիւնը: 1992ին վաւերացուած յաւելուածը 2002էն ի վեր ամբողջութեամբ չի գործադրուիր, որովհետեւ նախագահին տրուած է զայն շրջանցելու իրաւասութիւնը եւ այդ թուականէն ետք բոլոր նախագահները շահագործած են այդ իրաւունքը, որուն պատճառով Ատրպէյճան միայն 2002էն 2021ի միջեւ ստացած է առնուազն 164 միլիոն տոլարի ռազմական աջակցութիւն:
Ռազմական այս աջակցութիւններու բացայայտումը տեղի ունեցաւ 44օրեայ պատերազմէն ետք ամերիկահայութեան եւ հայամէտ քոնկրեսականներուն պահանջին հիման վրայ Քոնկրեսի Ընդհանուր հաշուապահական գրասենեակին (GAO) կատարած հետախուզութիւններուն շնորհիւ: