Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ընդունած է Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:
Ան բարձր գնահատած է Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ եռակողմ հանդիպումը:
«Եռակողմ հանդիպումը շատ կառուցողական էր` լաւ արդիւնքներով ու ձեռքբերումներով: Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել նախագահ Շարլ Միշելին` իր ջանքերուն եւ մթնոլորտ ստեղծելուն համար, որ մեզի արտօնեց քննարկել շատ կարեւոր հարցեր եւ կարգաւորման հոլովոյթը սկսելու համաձայնիլ: Կը կարծեմ, որ ատիկա մեկնարկային կէտն էր: Որովհետեւ մենք համաձայնեցանք ստեղծել սահմանային յանձնախումբեր եւ նոյն ատեն խաղաղութեան համաձայնագիրի աշխատանքային խումբեր: Այս մասին մենք նախապէս ալ խօսած ենք, եւ, ինչպէս գիտէք, ղարաբաղեան Բ. պատերազմի աւարտէն ետք Ազրպէյճանի դիրքորոշումը միշտ ալ եղած է այն, որ մենք պէտք է խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցութեան սկսինք: Կը կարծեմ, որ պաշտօնական մեկնարկային կէտը տեղի ունեցած է 6 ապրիլին, Պրիւքսելի մէջ: Այդ ժամանակէն ի վեր մենք կ՛աշխատինք, արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛աշխատի, եւ իմ վարչակազմս կապի մէջ է ձեր խումբին հետ, եւ մենք պատրաստ ենք սկսելու, ինչպէս համաձայնած ենք: Կարեւոր կը նկատեմ, որ մենք շարունակենք այս յառաջընթացը, եւ որ երկու կողմերն ալ հաւատարիմ մնան համաձայնութիւններուն», ընդգծած է Ալիեւ:
Անոր համաձայն, հայկական կողմի բացատրութեան կարիք ունեցող հարցերէն մէկը Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան առնչուած հարցն է: «Նկատի ունիմ թէ՛ երկաթուղին, թէ՛ մայրուղին: Ինչ կը վերաբերի երկաթուղիին, նախագահ Միշելին տեղեկացուցած եմ, որ մենք Ազրպէյճանի մէջ կառուցած ենք աւելի քան 160 քիլոմեթր երկաթուղի, եւ յաջորդ տարի պիտի աւարտենք շինարարութիւնը: Սակայն, դժբախտաբար, Հայաստանի մէջ թեքնիքատնտեսական հիմնաւորումը տակաւին չէ սկսած, ինչ որ կը վկայէ, թէ հոլովոյթը կրնայ ձգձգուիլ: Ինչ կը վերաբերի մայրուղիին, Ազրպէյճանը զայն աշխուժօրէն կը կառուցէ, եւ ճամբու մեծ մասը արդէն կառուցուած է: Նաեւ յոյս ունինք, որ մինչեւ յաջորդ տարուան վերջը մենք հաւանաբար պիտի հասնինք Հայաստանի հետ սահման տանող ճամբուն:
«Դժբախտաբար, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին Հայաստանի վարչապետը չէ նշած աշխարհագրական ճշգրիտ դիրքը: Ես այս հարցը արծարծած եմ 4 փետրուարի տեսաժողովի ընթացքին, սակայն պատասխան չէ եղած: 6 ապրիլին դարձեալ հարցուցի ճամբու աշխարհագրական ճշգրիտ դիրքը, սակայն պատասխան չեղաւ: Յոյսով եմ, որ մենք մօտիկ ապագային զայն պիտի ստանանք», ընդգծած է Ալիեւ:
«Ընդհանուր առմամբ, Պրիւքսելի մէջ կայացած հանդիպումի արդիւնքները դրական կը նկատեմ: Այս մասին ես հասարակութեան յայտնած եմ 12 ապրիլին: Յաջորդ օրը Հայաստանի վարչապետը բացէ ի բաց խօսեցաւ կարգաւորման հոլովոյթին եւ Հայաստանի կողմէ Ազրպէյճանի յառաջ քշած հինգ սկզբունքներու որդեգրման մասին: Ասիկա հոլովոյթին յաւելեալ շրջադարձային կէտ մըն է:
«Հիմա երկու կողմերու պաշտօնական յայտարարութիւններէն ետք մենք պէտք է բանակցութիւններու սեղանի շուրջ հաստատենք մեր մտադրութիւններու լրջութիւնը: Այստեղ մենք մեծ յոյսեր կը կապենք Եւրոպական Միութեան ջանքերուն, յատկապէս` նախագահ Շարլ Միշելի հետ, որ արդէն աշխուժօրէն ներգրաւուած է այս հոլովոյթին մէջ: Ան լաւատեղեակ է կացութեան: Կը կարծեմ, որ ասիկա շատ խոստմնալից միջավայր կը ստեղծէ յաջող բանակցութիւններու համար», ըսած է ան: