ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ
«Որ յանէից ստեղծող գոյից»
(Շարական հոգեհանգիստի)
Քրիստոս պատարագեալ…
երիտասարդութեան առաջին սանդխամատին արձագանգն է
աբեղային «խաղաղութիւն ամենեցուն»-ով ցայտուն
«Տէր թողութիւն շնորհէ քու այն ննջեցեալ ծառաներուդ
որոնք անարատ ձեռքովդ ստեղծեցիր»
Սիս Անթիլիաս Պէյրութ
Սահակ կաթողիկոսի վառած նոյն կանթեղն է
վերին Երուսաղէմի շեշտերով
հոգեղէն դասերու թեւաբախումներով
մայրավանքէն Պուրճ Համուտի գերեզմանատուն կը բերէ զիս
խունկ մոմ աղօթք հոգւոց կեանք
Ծանօթ եւ անծանօթ անուններ իրենց հանգիստ քունին մէջ
ցկատարածն աշխարհի
Սուրբ Հոգիին մխիթարութեան յանձնած
կը մտնեմ աղբերով ցանցնուած մեր նախկին թաղը
ուր խեղանդամ պուպրիկներ ֆսսած պալոններ
կոտրտած խաղալիքներ անիւները փրթած օթոներ
օդին մէջ շարժող աղքատ մանուկներու թափօր մը գլխաւորած
պատռտած հագուստներով մանուկն Յիսուս
«հոգւոցն հանգուցելոց արա հանգիստ եւ ողորմութիւն» կ՛աղօթէ
եւ
«մեղաւորացն» կը կարկամի ……չի կրնար շարունակել
«շնորհեա զթողութիւն յանցանաց»
մեղքի թողութի՞ւն-շռայլութեա՞ն նենգութեա՞ն հայրենադաւութեա՞ն սուտի՞
գողութեա՞ն ագահութեա՞ն անօրէնութեա՞ն-
առանց զղջումի՞ խոստովանութեա՞ն ապաշխարութեա՞ն հատուցումի՞
ՈՉ մեռելներն անգամ փոսերուն մէջ հոլի նման անդադար կը ֆռռան
Անթիլիաս- Լիբանան
7 յունուար