ՄԵՍՐՈՊԵԱՆՎԱՐԺԱՐԱՆԻԲԱԿԻՆՄԷՋ
Կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին, երէկ, Ուրբաթ, 19 Յուլիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մեսրոպեան վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ մեսրոպեանական Լիզա Սվաճեանի «Արեւ աչերով» անդրանիկ ձայնասկաւառակի շնորհահանդէսը, ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, պատկան միութիւններու ներկայացուցիչներու, լիբանանահայ երգիչներու, արուեստասէրներու, կրթական պատասխանատուներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի արտադասարանային ծրագիրներու ու խումբերու պատասխանատու պրն. Րաֆֆի Տէմիրճեան, որ նշեց, թէ պատահականութիւն չէ, որ Լիզայի առաջին սկաւառակը կը ներկայացուի Մեսրոպեան վարժարանին մէջ, որովհետեւ Լիզան եղած է Մեսրոպեանի աշակերտ, երգելու իր առաջին քայլերը կատարած է վարժարանին մէջ, եւ այդ քայլերուն առաջին գնահատողը եղած է նոյնինքն վարժարանը` իր երգի ուսուցիչով, պրն. Մանուէլ Քէշիշեանի ճիգերով եւ հոգատարութեամբ: Պրն. Տէմիրճեան յոյս յայտնեց, որ այս շնորհահանդէսը պարզապէս սկիզբը կը հանդիսանայ նորանոր նուաճումներու եւ երգչուհին առաւել եւս կը կապուի հայ երգին, կը խորանայ եւ կ՛արժեւորէ, որպէսզի յառաջիկային նոր եւ աւելի մեծ յաջողութիւններ արձանագրէ:
Ապա Լիզա Սվաճեան երգեց «Արեւ աչերով» եւ «Հայը հայով» երգերը, որմէ ետք խօսք առաւ «Վանայ Ձայն» ռատիո կայանի տնօրէն պրն.Աւետիս Կիտանեան, որ հաստատեց, թէ Սվաճեան լաւապէս կը մեկնաբանէ եւ կը ներկայացնէ հայ երգը: Իբրեւ նախկին մեսրոպեանական եւ «Վանայ Ձայն»ի տնօրէն, պրն. Կիտանեան յայտնեց, որ այս առիթը իրեն համար յատուկ կարեւորութիւն ունի, քանի որ ինք ամուր կերպով կապուած է իր վարժարանին եւ «Վանայ Ձայն»ը ջատագովն է հարազատ հայ երգին:
Գեղարուեստական յայտագիրի բ. բաժինով Լիզա Սվաճեան Մեսրոպեան վարժարանի երգչախումբին ընկերակցութեամբ երգեց «Լեռներ հայրենի» եւ «Մայրիկ իմ քնքուշ» երգերը, խմբավարութեամբ պրն.Մանուէլ Քէշիշեանի:
Իր կարգին, խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն.Կրէկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ երգերուն հետ Լիզա Սվաճեանի աշակերտական օրերուն ցուցադրուած լուսանկաները եւ լուսահոգի Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեանի պատկերը եւ այսօրուան կատարումը կու գան հաստատելու, որ Լիզան իր գործունէութեան «հայու հարազատ զաւակն է»: Մեսրոպեանի տնօրէնը մաղթեց, որ Սվաճեան իր ուսուցչական ասպարէզին մէջ արձանագրած յաջողութիւններուն կողքին ապագային մեծ բեմերու վրայ կ՛ունենայ մեծ ելոյթներ` պատիւ բերելով իր ընտանիքին, վարժարանին, շրջապատին եւ ազգին:
Այս առիթով, խօսք առաւ Լիզա Սվաճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձան այս նախաձեռնութեան յաջողութեան: Կարկանդակի հատումէն ետք, հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Մի անուշ եար ունեմ» երգի կատարումով, ընկերակցութեամբ վարժարանի «Շուշի» պարախումբին: Պարուսոյց` տիկին Սարին Արթինեան:
Ձեռնարկէն ետք, տեղի ունեցաւ «Արեւ աչերով» ձայնասկաւառակի մակագրութիւն:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ