Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի անցած տարեշրջանի աշակերտուհի Քարլա Կիւրիւնեան արժանացաւ Լիբանանի կրթական նախարարութեան պաշտօնական գնահատագրին, 2015-2016 տարեշրջանի Բ. Պաքալորէայի քննութիւններուն արձանագրած իր արդիւնքներուն համար:
Քարլա իր նիշերով Լեռնալիբանանի դպրոցներու աշակերտներուն մէջ գրաւեց 9-րդ պատուաբեր դիրքը. Բ. Պաքալորէայի գրական բաժնի քննութիւններուն անոր միջինը կազմեց 14.208 ( 341/480):
Տեղեկատուական գրասենեակ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի