ՄՈՍԿՈՒԱ, «Թասս»․- Արցախի կարգավիճակի հարցը այժմ պէտք չէ քննարկել, որովհետեւ «քննարկումներու այս դաշտի որեւէ ելեկտրականացում կը յանգեցնէ հզօր ելեկտրական հոսանքի յառաջացման», յայտնեց Ռուսիոյ ապահովութեան խորհուրդի փոխղեկավար Տմիթրի Մետւետեւ:
«Այսօր բոլորին համար շատ ակնյայտ է, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը իսկապէս չէ լուծուած, սակայն այժմ կարելի չէ զայն քննարկել», ըսաւ ան:
Մետւետեւ իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ այս հարցին մէջ տագնապի կողմերուն դիրքորոշումները «շատ տարբեր են․ նոյնիսկ Հայաստանի մէջ տակաւին քննարկումներ տեղի կ՛ունենան»:
«Ես պիտի յիշեցնեմ, որ Հայաստան չէ ճանչցած Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը: Չես գիտեր ինչու, անոնք կը մոռնան այդ մասին, սակայն իրականութեան մէջ այդպէս է: Հետեւաբար, աւելի լաւ է կարգավիճակի հարցը յետաձգել հետագային», աւելցուց Մետւետեւ:
«Սփութնիք Արմէնիա»ն կը հաղորդէ, որ Մետւետեւ նաեւ կոչ ուղղեց` ռուս-թրքական միացեալ կեդրոնի ստեղծումը «երկարաժամկէտ քաղաքականութեան տարր» չնկատելու:
«Ասիկա նոյնպէս ընդհանուր կայունացման տարր է: Սակայն ես ասիկա չէի գնահատեր՝ իբրեւ երկարաժամկէտ քաղաքականութեան տարր կամ դաւադրութեան տեսութիւն չէի կառուցեր անոր շուրջ», նշեց Մետւետեւ ռուս լրագրողներու հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի տագնապին մէջ Թուրքիոյ դերը չի՞ մտահոգեր Ռուսիան:
Ըստ անոր՝ անհրաժեշտ է նկատի ունենալ տարածաշրջանի իրողութիւնները, իսկ անոնք այնպիսին են, որ այսօր հարցը կարելի է քննարկել նաեւ Թուրքիոյ եւ այլ գործընկերներու հետ:
«Թուրքիա մեր դրացին է եւ շատ կարեւոր գործընկերը: Եւ Ատրպէյճանի համար շատ մտերիմ երկիր է: Այդ գործօնը անկարելի է անտեսել», յայտարարեց ան:
Ըստ Մետւետեւի՝ Մոսկուա եւ Անգարա արդիւնաւէտ երկխօսութիւն կառուցած են. երկու երկիրներու նախագահները միշտ կը հաղորդակցին այդ նիւթով, որոշում տրուած է գործերու ընդհանուր վիճակի վերահսկողութեան յատուկ կեդրոն ստեղծելու մասին, որուն կը մասնակցին թուրք եւ ռուս զինուորներ: