Դոկտ. Արա Սանճեան
Մերձաւոր Արեւելքի որբերու ընկերակցութիւնը հիմնուած է ամենայն հաւանականութեամբ 1923-ի Մարտին՝ Ամերիկեան Նպաստամատոյցի (Near East Relief) որբանոցներէ ելած անչափահաս եւ անփորձ որբերը հսկողութեան տակ պահելու եւ անոնց մէջ ընկերասիրութեան ու ծառայութեան ոգին մշակելու նպատակով։
Այստեղ կ’արտագրեմ միութեան քայլերգին բառերը, որոնց հեղինակն է Միհրան Տամատեանը․
Մանկիկներ էինք, դեռ մատաղատի՝
Երբ տըւինք հայր, մայր, զոհ մի սուրբ դատի։
Ու մենք մընացինք ծոցն անապատի,
Որբ անպատըսպար, մերկ, ծարաւ, ’նօթի
Բայց մեզ հայ, օտար բարերարք անգին
Ըստոյգ մահւընէ դարձուցին կեանքին:
Խանդաղատօրէն ու սիրողաբար
Ըսին մեզ, «Որբ չէք, Ազգն է ձեզի հայր,
Մէկ մor տեղ ունիք հիմայ հազար մայր,
Եղբայր քոյր մ’ողբաք, բոլո՛րդ քոյր եղբայր»։
Այսպէս հայ, օտար բարերարք անգին
Ըզմեզ դարձուցին յոյսին ու կեանքին:
Անոնք ջամբեցին մեզ հաց մարմնաւոր,
Ու տըւին մեզի սընունդ մըտաւոր,
Մեզ ընձեռեցին օժիտ հոգեւոր՝
Առաքինի վարք, կենցաղ պատուաւnր.
Կեցցե՜ն հայ, օտար բարերարք անգին
Որ մեզ դարձուցին լոյսին ու կեանքին։
Երբեմնի որբեր, ա՛լ հիմա չենք որբ,
Այլ պատանիներ, կոյսեր խանդաբորբ.
Եւ ահա կազմած միութիւն մը սուրբ՝
Պարտք մը կստանձնենք դժուարին ու նուրբ։
Կեցցե՜ն հայ, օտար բարերարք անգին
Որ մեզ դարձուցին զինակից կեանքին։
Ազգին, մարդասէր Ամերիկային,
Միշտ երախտապարտ. մենք ալ մեր կարգին,
Կը կատարենք մեր պարտքը մարդկային,
Եւ յոյս ունինք որ, մօտ ապագային`
Մեզմով պիտ պարծին բարերարք անգին
Որ մեզ լըծեցին բեղմնաւոր կեանքին։
Սեղմե՛նք շարքերնիս՝ միմեանց քաջալեր,
Առնե՛նք ձեռք ձեռքի զուգընթաց քայլեր.
Երանի՜ մեզնով մեր ազգը փայլէր,
Մեր վարք ու բարքին աշխարհ ըզմայլէr,
Եւ օրհնէ՛ր յաւէտ բարերարքն անգին
Որ մեզ լըծեցին շինարար կեանքին։