Օրեր առաջ Իտալիոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է երգահան Աւետիս Նազարեան: Անցեալ շաբաթ օր տեղի ունեցած է անոր յուղարկաւորութեան արարողութիւնը:
Երգահան Աւետիս Նազարեան ծնած է Խարբերդ, 7 յունուար 1930-ին: 1931-ին Նազարեանի ծնողքը կը փոխադրուի Հալէպ: Հալէպի մէջ աւարտելէ ետք իր երկրորդական կրթութիւնը, կը նուիրուի երաժշտութեան: Իր առաջին ուսուցիչը կ՛ըլլայ երաժշտահան Բարսեղ Կանաչեան:
Աւետիս Նազարեանի ստեղծագործական աշխատանքները կ՛ընդգրկեն նուագախումբի, սենեկային երաժշտութեան, ձայնային, երգչախմբային ու զանազան գործիքներու համար գրուած գործեր: 1970-ական թուականներուն Փատովայի «Կ. Զանիպոն» երաժշտական հրատարակչատունը լոյս կ՛ընծայէ իրմէ զանազան գործեր:
1971-ին կը հրատարակէ իր «Թրէ քանթի Արմենի»-ն` գրուած ձայնի եւ դաշնակի համար, ինչպէս նաեւ «Տիվերթիմենթօ»-ն` գրուած սրինգի եւ քլարինեթի համար:
1960-ական թուականներուն կը նուիրուի «Օտար երգահաններ հայ արուեստէն ներս» երաժշտագիտական իր պրպտումներուն: Ասոնց մասին գրութիւններու շարք մը տպուած է «Նայիրի»-ի մէջ: Ասոնցմէ զատ երաժշտական նիւթերու շուրջ աշխատակցած է հայ մամուլին: Գրած է բազմաթիւ մանկական երգեր: