Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը գուժեց բանաստեղծ, դաստիարակ եւ մտաւորական Ժագ Ս. Յակոբեանի մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 2 նոյեմբեր 2019-ին:
Ժագ Ս. Յակոբեան ծնած է Երուսաղէմ, 1917-ին: Երկու տարեկանին ծնողքին հետ կը տեղափոխուի Գահիրէ, համալսարանական ուսումը ստացած է Պէյրութ, ապա կրկին մեկնած է Գահիրէ:
Միացեալ Նահանգներ վերջնականապէս գաղթելէ առաջ Պէյրութի մէջ երկար տարիներ կը զբաղի ուսուցչութեամբ, 1967-ին բնակութիւն կը հաստատէ Քալիֆորնիոյ Փասատինա քաղաքին մէջ, ուր ամբողջ 21 տարիներ (1967-1988), աշխատած է իբրեւ քիմիագէտ` դեղորայքի գործարանի մէջ:
Իր ասպարէզին կողքին, կը պաշտօնավարէ նաեւ իբրեւ ուսուցիչ կիրակնօրեայ դպրոցներու մէջ:
Գիրքերու կողքին, ան հրապարակած է նաեւ հոգեշունչ եւ հայաշունչ ձայներիզներ («Յիսուսաբոյր», «Հոգին հայկական» եւ այլն):
Երկու տարբեր առիթներով ան կը պարգեւատրուի կաթողիկոսական շքանշաններով` ձեռամբ Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. կաթողիկոսներուն:
Արժանացած է Համազգայինի մշակութային բարձրագոյն շքանշանին: