Երէկ` կիրակի, 17 յունիսին երկարատեւ հիւանդութենէ ետք մահացած է յայտնի քաղաքագէտ, Ղարաբաղեան շարժումի սկզբնաւորողներէն եւ հիմնադիրներէն Իգոր Մուրադեանը:
Իգոր Մուրադեանի անուան հետ կապուած են Արցախի` Հայաստանին միանալու ստորագրահաւաքի նախաձեռնութիւնը եւ արցախեան ժողովրդային առաջին ցոյցերու կազմակերպումը:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրահանգով Մուրադեանի յուղարկաւորութիւնը կազմակերպելու նպատակով կառավարական յանձնախումբ պիտի ստեղծուի: