ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լին Թրեյսի 15 Յունիսին այցելեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան Պաշտպանական ազգային հետազօտական համալսարանը: Հանդիպման մասնակցեցան ՊԱՀՀի ղեկավարները եւ դասախօսական կազմը, համալսարանի «Պետութեան ռազմական անվտանգութիւն» գերատեսչական ակադեմական վերապատրաստութեան դասընթացքին մասնակցողները: Դեսպան Լին Թրեյսիին ներկայացուեցաւ ՊԱՀՀի գործունեութիւնը։
Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը խօսեցաւ հայ-ամերիկեան համագործակցութեան եւ տարածաշրջանային զարգացման ուղղութիւններուն մասին, նաեւ արդիւնաւէտ նկատեց ՊԱՀՀի գործունէութիւնը։
Համալսարանի պետ զօր. Գենադի Տաւարածեան բարձր գնահատեց դեսպան Թրեյսիի այցելութիւնը եւ հաստատեց, որ պատրաստակամ է հետագայ համագործակցութեան: