Ֆրանսական «Լ’Իսթուար» ամսաթերթը իր փետրուար 2023-ի թիւին մէջ կը հաղորդէ, որ «Իւնիթէ Լայիք» ընկերակցութեան նախագահ Ժան-Փիեռ Սաքուն, պատմաբան Տընի Փասշանսքին, Վալանսի քաղաքապետ Նիքոլա Տարակոնն ու Միսաք Մանուշեանի կնկան քրոջ թոռնուհին Քաթիա Կիրակոսեանը կը պաշտպանեն Մանուշեանի դագաղը Ֆրանսայի Պանթէոն տեղափոխելու գաղափարը:
Արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ փետրուար 2024-ին` Մոն-Վալերիէնի մէջ տեղի ունեցած մահապատիժի 80-ամեակին առթիւ:
Միսաք Մանուշեան Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին կը ղեկավարէր ֆրանսական դիմադրութեան մէկ խումբը, որուն 23 անդամները 1944-ին, Մանուշեանի կողքին գնդակահարուած են գերմանացիներուն կողմէ: