Նախանցեալ օր Ժընեւի մէջ, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ հանդիպման ժամանակ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան վերահաստատած է հայկական կողմի դիրքորոշումը` Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն ազրպէյճանական զօրքերու հեռացման եւ բոլոր հայ ռազմագերիներու անյապաղ ազատ արձակման վերաբերեալ: Կարեւոր նկատուած է սահմանային իրավիճակի վերահսկման միջազգային մեքանիզմների ներդրումը:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան` Միրզոյեան ընդգծած է, որ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն իրականացուցած պատերազմական յանցագործութիւնները յստակ գնահատականի պէտք է արժանանան միջազգային ատեաններուն կողմէ, իսկ յանցագործները պատասխանատուութեան ենթարկուին:
Յիշեցնենք, որ նախանցեալ օր` Միրզոյեան-Պայրամով հանդիպման օրը, համացանցին մէջ տարածուած էր տեսագրութիւն մը, որուն մէջ ազրպէյճանցի զինուորները դաժանաբար կը գնդակահարէին գերեվարուած անզէն հայ զինուորականները:
Կողմերը միտքեր փոխանակած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի, Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան երաշխիքներու ապահովման վերաբերեալ, ներառեալ Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ քննարկումներու մեքանիզմի ստեղծումը:
Դրական գնահատուած է երկուստեք ըմբռնումը, որ շրջանային փոխադրական ուղիները պիտի ապաշրջափակուին երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան ներքեւ:
Ազրպէյճան Հայաստանին Առաջարկած Է Սահմանազատման Երկկողմանի Յանձնախումբի Յաջորդ Նիստը Գումարել Ոչ Թէ Նոյեմբերին, Այլ` Հոկտեմբերին
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ ժընեւեան հանդիպումին ժամանակ առաջարկած է, հաշուի առնելով Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ չսահմանազատուած սահմանի վրայ ստեղծուած լարուածութիւնը, սահմանազատման երկկողմանի յանձնախումբի յաջորդ նիստը գումարել ոչ թէ նոյեմբերին, ինչպէս նախապէս համաձայնուած էր, այլ հոկտեմբերին:
Այս մասին կիրակի Ժընեւի մէջ նախարարներու հանդիպումի քննարկումները ներկայացուցած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Յայտնենք, որ կիրակի օր Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը:
Նախքան այդ, Միրզոյեանը Ժընեւի մէջ հանդիպում ունեցած էր ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ֆիլիփ Ռիքըրի, Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի հետ: