ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Կէորկի Ծերեթելիի հետ: Ան այս մասին գրած է «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ։
Ազգային ժողովի նախագահը ներկայացուց վերջին օրերուն Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան շրջանին մէջ Ատրպէյճանի սանձազերծած յարձակումներուն մանրամասնութիւնները, խաղաղ բնակչութեան, տուներու եւ մանկապարտէզներու ռմբակոծումը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ Մեծամօրի կորիզային կայանը ռմբակոծելու պաշտօնական սպառնալիքը:
«ԵԱՀԿ ԽՎ նախագահի ուշադրութիւնը հրաւիրեցի նաեւ Թուրքիայից հնչող յայտարարութիւններին` նշելով, որ դրանք ապակայունացման վտանգ են ներկայացնում ողջ տարածաշրջանի համար:
«Վերահաստատեցի իրավիճակը խաղաղ կերպով յաղթահարելու ՀՀ իշխանութիւնների պատրաստակամութիւնը` յաւելելով, որ մենք շարունակելու ենք գործի դնել բոլոր միջոցները` ՀՀ քաղաքացիների ֆիզիքական անվտանգութիւնը ապահովելու նպատակով», գրած է Միրզոյեան: