Խիտ ամպեր աւելի յաճախակի սկսած են շրջիլ Լիբանանի վրայ: Միջերկրական աւազանի արեւելեան կողմը գտնուող փոքր մեր երկիրը կը դիմագրաւէ ապահովական, քաղաքական եւ ընկերային փոթորիկներ: Սուրիոյ հետ սահմանագիծին երկու կողմերէն արձակուող կրակը ապահովական անիշխանականութեան մթնոլորտ ստեղծած է հիւսիսային Լիբանանի մէջ: Թրիփոլի կռուախնձորի մը վերածուած է Դամասկոսի կողմնակիցներուն եւ հակառակորդներուն միջեւ: Քաղաքական գետնի վրայ, ընտրական օրինագիծին վերաբերեալ անհամատեղելի տեսակէտները, գործունէութեան հանգրուանը աւարտած պետական պաշտօնեայի մը շուրջ ծագած վէճը տակաւ խորացուցած են Մարտ 8-ի եւ 14-ի խմբաւորումներուն միջեւ լարուածութեան վիհը: Նկատելով Լիբանանին մօտեցող տագնապները, հորիզոնի վրայ լուծումներու բացակայութիւնը, առաւել եւս իր որդեգրած չէզոք կեցուածքին սպառնացող զարգացումները, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ներկայացուց հրաժարականը: Միքաթի նախապէս, երկու տարբեր առիթներով սպառնացած էր հրաժարիլ. առաջինը՝ որպէսզի կառավարութիւնը յարգէր Միջազգային Ատեանին Լիբանանի յանձնառութիւնը, երկրորդը՝ զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութեան պատճառով: Որքան ալ կանխատեսելի ըլլար վարչապետին հրաժարականը, ոմանց մօտ այն տպաւորութիւնը ստեղծուած էր, թէ Միքաթի առաւելագոյնը՝ աշխատանքները ժամանակաւորապէս սառեցնելու յայտարարութիւն մը պիտի կատարէր, բայց ոչ՝ հրաժարիլ:
Միքաթիի հրաժարականին պատճառները շատ աւելի խորունկ եւ մտահոգիչ են քան՝ ապահովական կառոյցի մը ղեկավարին պաշտօնավարութեան երկարաձգումը, Թրիփոլիի ապահովական զարգացումները, համայնքային եւ յարանուանական լարուածութիւնները:
Քաղաքական դէտեր անոր հրաժարականը կը վերագրեն Սուրիոյ զարգացումներուն: Նախագահ Պարաք Օպամայի միջինարեւելեան շրջագայութիւնը եկաւ նոր եռանդ հաղորդելու Սուրիա, Իրան, Հըզպալլա առանցքին դէմ գործող ճակատին: Բաւական յատկանշական է Իսրայէլ – Թուրքիա հաշտութեան ժամանակակէտը եւ Սուրիոյ զարգացումներուն հանդէպ Յորդանանի Ապտալլա թագաւորին կատարած շրջադարձը: Այս զարգացումներուն կողքին, աչքաթող կարելի չէ ընել Լիբանանի վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի 20 Մարտին լոյս ընծայած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ կը թելադրէր որեւէ ընտրական օրինագիծի հիման վրայ, ներառեալ՝ Տոհայի համաձայնագրին, նշեալ ժամկէտին կատարել խորհրդարանի ընտրութիւնները: Քրիստոնեաներու մեծամասնութիւնը, շիի համայնքը՝ ամբողջութեամբ , սիւննի եւ տիւրզի համայնքներէն փոքրամասնութիւններ կը մերժեն 1960-ի օրինագիծը:
Հրաժարականին կարեւոր պատճառներէն մէկը առ այսօր, ընտրական օրինագիծի մը բացակայութիւնն է: Նոր օրինագիծի բացակայութիւնը, նախկին՝ 1960-ի օրինագիծին դէմ անտեղիտալի վէճերը, ոչ միայն կասկածի տակ կը դնեն ընտրական գործընթացը, այլեւ՝ խորհրդարանին օրինականութիւնը: Փաստօրէն 20 Յունիսէն ետք,(խորհրդարանի պաշտօնավարութեան աւարտը) օրէնսդիր իշխանութիւնը կորսնցուցած պիտի ըլլայ իրաւական իր ներկայացուցչութիւնը: 2009-ի ընտրութիւնները կայացան շնորհիւ Տոհայի մէջ գոյացած համաձայնութեան: Սոյն համաձայնագիրը կնքուեցաւ միջազգային եւ շրջանային պետութիւններու միջնորդութեամբ՝ 7 Մայիս 2008-ի ծանօթ դէպքերուն լոյսին տակ:
Մարտ 14-ի ուժերը Միքաթիի հրաժարականին մէջ կը դիտեն թարմ երկխօսութեան կարելիութիւն մը: Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդգծեց, թէ Լիբանան հասած է հանգրուան մը, ուր զանազան խոչընդոտներու պատճառով անկարելի պիտի ըլլայ կազմակերպել խորհրդարանական ընտրութիւններ: Սինիորայի մեկնաբանութիւնը յստակօրէն կ’ընդգծէ խորհրդարանական ընտրութիւնները ժամանակաւորապէս յետաձգելու տրամադրութիւն մը: Ժամանակաւոր յետաձգում թ՞է անորոշութիւն…. այստեղ պահուած է կծիկը: Ուրիշներ ժամանակաւոր յետաձգումի փոխարէն կ’առաջարկեն երկարաձգում: Այս կը նշանակէ թէ օրէնսդիր, գործադիր, իրաւական եւ ապահովական կառոյցներէն ներս տրուած երկարաձգումներու ազդանշանը պիտի հասնի բանակի հրամանատարին եւ վերջապէս՝ հանրապետութեան նախագահին: Միւս կողմէ, Լիբանանեան բազմաթիւ հոսանքներ կը զգուշանան քաղաքական բեմին վրայ անկիւնադարձային փոփոխութիւններէն, մինչեւ Սուրիոյ կացութեան յստակացումը: Սակայն որքա՞ն ճիշդ է գրաւը Սուրիոյ զարգացումներուն վրայ դնելով սառեցնել երկրի առօրեան, երբ սպասողական վիճակը ապահովական վտանգաւոր ցնցումներ կրնայ ստեղծել Լիբանանի մէջ:
Սկզբունքով, հանրապետութեան նախագահը Տոհայէն վերադառնալէ ետք, խորհրդարանի անդամներուն հետ պարտադիր խորհրդակցութիւններու լոյիսն տակ, վարչապետ մը պիտի նշանակէ՝ կազմելու նոր կառավարութիւն: Դիտելով քաղաքական հոսանքներու իրերամերժ կեցուածքը, այսպիսի հեզասահ գործընթաց մը դժուար թէ իրականանայ մօտիկ ապագային: Վարչապետի անուան շուրջ համաձայնութեան բանակցութիւնները ամիսներ կրնան երկարիլ: Մինչ այդ, ըստ գործող սահմանադրութեան, ընթացիկ աշխատանքներ վարող Միքաթիի կառավարութիւնը պիտի չկարենայ որդեգրել կարեւոր որոշումներ: Փաստօրէն անդամալուծութիւն կը սպառնայ գործադիր իշխանութեան: Միեւնոյն ճակատագիրը պիտի ունենայ խորհրդարանը, եթէ միչեւ 20 Յունիսի պայմանաժամը, տեղի չունենան նոր ընտրութիւններ: Կառավարական եւ խորհրդարանական մակարդակներու վրայ գոյանալիք մերկութեան զուգահեռ, ապահովական եւ իրաւական կառոյցներու մօտ նոյնպէս պիտի ստեղծուի բաց՝ նշանակումներու բացակայութեան պատճառով: Բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը կ’աւարտի յառաջիկայ Սեպտեմբերին, միեւնոյնը կրնայ կրկնուիլ այստեղ: Մէկ խօսքով, Լիբանանին կը սպառնայ սահմանադրական կառոյցներու յաջորդական փլուզում: Հետաքրքրական է ընդգծել, թէ Թայէֆի համաձայնագիրին նախօրէին դարձեալ կը տիրէր նմանօրինակ քաոս: Միքաթիի հրաժարականը Լիբանանը մատնած է անորոշութեան:
Լիբանանցիներէն ին՞չ կ’ակնկալուի այս հանգրուանին: Դժբախտաբար մատի վրայ հազիւ, թէ հաշուեն ընտրանքները: Քաղաքական հոսանքները փոխզիջումնային քայլերով համաձանյութիւն մը կրնան գոյացնել կառավարութեան կազմին եւ ընտրական օրինագիծին վերաբերալ, երկիրը խնայելով պայթումի փոթորիկէն: Երկրորդը, ապահովական բռնկում՝ սահմանադրական կառոյցներու քայքայումին հետեւանքով, մինչեւ նոր Թայէֆի մը կամ՝ Տոհայի մը ծնունդը: Բայց այս պարագային, հարցը բաւական բարդ է, որովհետեւ Սուրիոյ հակամարտութեան պատճառով, Սէուտական Արաբիա, Քաթար եւ այլ արաբական պետութիւններ կորսնցուցած են վստահելի երաշխաւորի իրենց հեղինակութիւնը:
Իր հրաժարականին մէջ, Միքաթի մաղթեց, որ իր որոշումը քաղաքական բոլոր խմբաւորումները մղէ ստանձնելու իրենց պարտականութիւնը: Ոչ հաւաստի աղբիւրներ կը հաղորդեն, թէ քուլիսներու ետին, խորհրդարանական ընտրութիւնները «արհեստագիտական» պատճառներով մէկ քանի ամսուան համար երկարաձգելու բանակցութիւններ տեղի կ’ունենան, ընտրական խառն՝ մեծամասնական- համեմատական համախոհական նախագիծի մը պատրաստութեան զուգահեռ: Լիբանան մուտք գործած է նոր եւ վտանգաւոր հանգրուան մը: Հաւանաբար այս իրավիճակը նախազգալով, վարչապետը իր հրաժարականի խօսքը եզրափակեց Աստուծմէ գութ հայցելով Լիբանանին: Արդեօ՞ք լիբանանցիները անգամի մը համար, յանուն հայրենիքի պատրաստ պիտի ըլլան գերագոյն զոհողութեան:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ