Դատական Իշխանութիւններուն Եւ
Դրամատուներուն Միջեւ Մագլցումները Կրնան Սրիլ
Մինչ Լեռնալիբանանի վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղատա Աուն այսօր հարցաքննութեան հրաւիրած է Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, վերջինս կը զգուշացնէ պատասխանատուները, թէ ինք պատրաստ է ամէն ինչ բացայայտել, եթէ իր եղբայրը` Ռաժա Սալամէն դատավարութեան ենթարկուի:
Քուէյթեան «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահն ու անոր քաղաքական խմբաւորումը դրամատուներու հարցով իրենց սկսած մագլցումը մտադրած են հասցնել իր աւարտին` միջամտութեան եւ համաձայնութեան դիմաց բոլոր դռները փակելով:
Իր կարգին, «Սքայ Նիուզ Արապիա» կայքը, իր տեղեկութիւնները քաղելով դրամատնային մարզի մասնագէտներէն, մտահոգութիւն կը յայտնէ, թէ Լիբանան մուտք կրնայ գործել լիբանանեան թղթոսկիի տագնապի մը մէջ, որուն զուգահեռ դրամատուներուն եւ դատական հեղինակութիւններուն միջեւ արտակարգ մագլցումներ կրնան արձանագրուիլ:
Նոյն կայքին համաձայն, դրամատուները կրնան ուղղուիլ դէպի հաւաքական փակում եւ կառավարութենէն ու Կեդրոնական դրամատունէն պահանջ` դատական իշխանութիւններուն հետ հարցը լուծելու:
Նշենք, որ այսօր` երկուշաբթի, 21 մարտ 2022-ին եւ վաղը` երեքշաբթի, 22 մարտ 2022-ին, լիբանանեան դրամատուները պիտի մնան փակ` հետեւելով Դրամատուներու միութեան յայտարարած զգուշացման գործադուլի որոշումին:
Յայտնենք, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շաբաթ առաւօտեան ժամը 10:00-ին, վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան դատական իշխանութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Երեք ժամ տեւած նիստէն բացակայեցան հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ալի Համիէ, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ եւ ընկերային հարցերու նախարար Հեքթոր Հաժժար:
Նիստէն ետք վարչապետ Միքաթի իր կատարած յայտարարութեան մէջ շեշտեց, որ կառավարութեան ժողովը այս կամ այն մարզը պաշտպանելու նպատակ չի հետապնդեր, այլ` անոր նպատակն է երկրին հաւասարակշռութիւնները պահպանել:
«Կը հաստատենք մեր յանձնառութիւնը` դատական իշխանութեան հարցերուն միջամուխ չըլլալու` իշխանութիւններուն անջատ գործունէութիւնը յարգելու սկզբունքէն մեկնելով», ըսաւ ան:
Միքաթի շեշտեց, որ կառավարութիւնը նախանձախնդիր է դատական իշխանութեան անկախ գործունէութեան, «եւ հիմնուելով գործակցելու ու հաւասարակշռելու սկզբունքին վրայ` պահանջեցինք առանց խտրութեան օրէնքին գործադրութիւնը, պաշտպանելու համար բոլորին իրաւունքները, յատկապէս` դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներունը: Կառավարութիւնը պահանջեց, որ օրէնքը գործադրուի առանց խտրութեան եւ անաչառութեամբ, ինչպէս նաեւ պահանջեց, որ դատական հարցերը լուծուին ըստ օրէնքի` դատական իշխանութեան ներկայացուցիչներուն ու անոնց իրաւասութիւններուն ընդմէջէն», ըսաւ Միքաթի` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը արդարութեան նախարար Հանրի Խուրիին վստահած է մշակել պատկերացում մը` լուծելու համար դատական իշխանութեան հարցերը:
Միքաթի շեշտեց, որ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն իրաւունքները պէտք է պահպանուին` ընդգծելով նաեւ, որ պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձերը վճարելու իմաստով դրամատուներուն կողմէ սահմանափակումներ պէտք չէ որդեգրուին:
Միւս կողմէ, Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Քուէյթի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Ահմետ Նասեր Մոհամետ Սապահի հետ:
Հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-քուէյթեան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու քուէյթեան ճիգերը:
Շէյխ Սապահ հաստատեց, որ Քուէյթ հանգիստ կը զգայ եւ կ՛ողջունէ Լիբանանի ի գործ դրած ջանքերն ու առած քայլերը` իր եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները սրբագրելու ու բնականոնացնելու նպատակով:
Ան մաղթեց, որ մօտիկ ապագային կարելի կը դառնայ այդ յարաբերութիւնները վերականգնել:
Իր կարգին, Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնեց Քուէյթի պետութեան, որ միշտ կը զօրակցի Լիբանանին, յատկապէս անոր դիմագրաւած դժուար պայմաններուն ընթացքին:
Միքաթի դրուատեց Քուէյթի արտաքին գործոց նախարարին գործունէութիւնն ու ջանքերը` Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու նպատակով: