Կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի վաւերացումէն անմիջապէս ետք, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց լիագումար նիստի մը, ուր պիտի քննարկուի նախարարաց խորհուրդի անդրանիկ յայտարարութիւնը,որմէ ետք պիտի դրուի քուէարկութեան:
Նիստը պիտի գումարուի երկուշաբթի, 20 սեպտեմբեր 2021-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ:
Միւս կողմէ, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ շնորհակալութիւն յայտնեց Իրաքին` Լիբանանի նկատմամբ անոր ցուցաբերած զօրակցութեան եւ օժանդակութեան համար` երկրին դիմագրաւած ներկայ դժուար պայմաններուն ընթացքին:
Միքաթի բարձր գնահատեց Իրաքի կողմէ Լիբանանին նաւթ յատկացնելու նախաձեռնութիւնը` մասնակից դառնալու համար Լիբանանի ելեկտրականութեան տագնապի լուծման:
Այս ծիրին մէջ Միքաթի խորհրդակցուիւն մը ունեցաւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատի հետ` իմանալու համար Տէյր Աամարի ելեկտրականութեան ընկերութիւն հասած իրաքեան նաւթին մանրամասնուիւնները:
«Կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ ելեկտրականութեան ընդհատումները մեղմացնելու, միաժամանակ աշխատելով ելեկտրականութեան տագնապին վերջնական լուծում մը գտնել` ելեկտրական հոսանք արտադրող ընկերութիւններուն տրամադրուելիք վառելանիւթի տեսակը փոփոխութեան ենթարկելով, եւ նախընտրաբար զանոնք բնական կազի հետ փոխարինելով, ինչպէս նաեւ ելեկտրական հոսանք արտադրող ընկերութիւններ հիմնելով` սեփական մարզին հետ գործակցաբար», ընդգծեց վարչապետ Միքաթի:
Նշենք, որ Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Քազիմի վարչապետ Միքաթիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնած էր, թէ Իրաք կը զօրակցի Լիբանանին եւ պատրաստակամ է ամէն իմաստով օժանդակելու անոր` շրջանցելու համար իր դիմագրաւած այս դժուար փուլը: