Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մայք Փոմփէու, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ քննարկեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ զինադադար հաստատելու անհրաժեշտ պայմանները:
Հանդիպումներուն աւարտին, պետական քարտուղարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը կողմերը հրաւիրեց բանակցութիւններու սեղան: Հաղորդագրութիւնը նաեւ բռնութիւնը դադրեցնելու կոչ ուղղեց հակամարտութեան կողմերուն:
Փոմփէու ընդգծեց իր քննարկումներուն ընթացքին ԵԱՀԿ-ի Մինսկի համանախագահներու հովանաւորութեան տակ բովանդակալից բանակցութիւններ սկսելու անհրաժեշտութիւնը՝ Հելսինքիի ուխտի սկզբունքներուն՝ ուժ կամ ուժի սպառնալիք չգործադրելու,տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելու, հաւասար իրաւունքներու եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին հիման վրայ:
Հանդիպումէն ետք, Մնացականեան արդիւնաւէտ նկատեց Փոմփէուի հետ հանդիպումը: Ան միաժամանակ դիտել տուաւ, որ հայկական կողմը երեք թշնամիի դէմ կը պայքարի միաժամանակ՝ Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ միջազգային ահաբեկիչներու:
Միւս կողմէ, Մ. Նահանգներու պետական քարտուղար Մայք Փոմփէու հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բանագնաց Ժոզէփ Պորելի հետ: Անոնք արտաքին ուժերուն կոչ ըրին զերծ մնալ Լեռնային Ղարաբաղի գօտիին մէջ լարուածութիւնը խորացնող գործողութիւններէն: