Մոսկուայի մէջ ՀՀ դեսպանութենէն «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն, որ մարտ 12-ին Մոսկուայի Լազարեան եղբայրներու անուան Արեւելեան լեզուներու խորացուած ուսուցմամբ թիւ 2042 հանրակրթական դպրոցին մէջ ՀՀ դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ եւ վերոյիշեալ դպրոցի տնօրինութեան աջակցութեամբ տեղի ունեցած է ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուող «Մեր մեծերը» ծրագիրի ծիրէն ներս կազմակերպուած ցերեկոյթ` նուիրուած համաշխարհային ճանաչում ունեցող շարք մը հայազգի ներկայացուցիչներու, որոնք 2014թ, ինչպէս նաեւ նախորդ տարիներուն ներառուած եղած են ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Մեր Մեծերը» ծրագիրին, ինչպէս` Կոմիտասին, Պարոյր Սեւակին, Սայաթ-Նովային:
Ձեռնարկին ներկայ էին դպրոցի ուսուցչական անձնակազմը, Մոսկուայի այլ հայկական (ինչպէս նաեւ` կիրակնօրեայ) դպրոցներու տնօրէններ, դեսպանութեան ներկայացուցիչներ:
Դպրոցի սաներու կատարմամբ հնչած են հատուածներ վերոյիշեալ մեծերու բանաստեղծական եւ երաժշտական ստեղծագործութիւններէն: Նման բարձր մակարդակով հայազգի մեծերուն նուիրուած ձեռնարկի կազմկերպումը եւս մէկ անգամ կ’ընդգծէ հայրենանուէր մեծ անհատներու ճանաչողութան կարեւորութիւնը, որ կը նպաստէ հայապահպանութեան հիմնախնդիրի լուծման, երիտասարդութեան մօտ ազգային արմատներու ճանաչման, ազգային ինքնութեան ամրապնդման:
Ձեռնարկին մասնակցած են ՀՀ դեսպանութեան երկրորդ քարտուղար Վ. Մելքումովան եւ դեսպանութեան մշակոյթի բաժինի խորհրդական Մ.Բաբայեան: