Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Անթոնով յայտարարած է, որ Մոսկուան եւ Ուաշինկթընը այլեւս գործընկերներ չեն: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ դեսպանը «Փոլիթիքօ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է որոշեն, թէ իրենց համար Ռուսիան ի՛նչ է` գործընկե՞ր, մրցակի՞ց, ընդդիմադի՞ր, թէ՞ թշնամի:
«Ես տակաւին վստահ չեմ, որ մենք պէտք է գործընկերներ ըլլանք: Նախապէս ես ըսի, որ մենք գործընկերներ ենք: Այժմ մենք գործընկերներ չենք: Ափսոս», նշած է Անթոնով: