ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Թասս» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօ դրական պատասխանեց այն հարցումին, թէ կրնա՛յ ըլլալ յառաջիկային Ռուսիոյ, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ եռակողմ գագաթաժողով մը իրականանալ` ղարաբաղեան կարգաւորման ուղիներու որոնման ծիրին մէջ:
«Կը շարունակուի 9 Նոյեմբեր 2020ին, 11 Յունուար 2021ին եւ 26 Նոյեմբերին բարձր մակարդակով ձեռք բերուած եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու իրագործման համակարգային աշխատանքը բոլոր մակարդակներու վրայ: Ղեկավարները մնայուն կապի մէջ են: Չենք բացառեր, որ անհրաժեշտութեան պարագային առերես հանդիպում կը կազմակերպուի: 12 Մայիսին Տուշանպէի մէջ Սերկէյ Լաւրով քննարկեց Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերու ամբողջ համալիրը` Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի գործընկերներուն հետ բանակցութիւններուն, ԱՊՀի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի ծիրին մէջ», նշեց ան։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՛ս կ՛ընթանայ «երեք առաւել երեք» ձեւաչափով աշխատանքը Անդրկովկասի մէջ․ արդեօք կը պահպանուի՞ տարածաշրջանին մէջ տնտեսական եւ երթեւեկի հաղորդակցութեան կապերու ապաշրջափակման հեռանկարը՝ Ռուտենքօ յայտնեց, որ Դեկտեմբեր 2021ին հիմնուած «3+3» խորհրդակցական տարածաշրջանային փլաթֆորմը (Ատրպէյճան, Հայաստան, Վրաստան, առաւել՝ Ռուսիա, Իրան, Թուրքիա) պահանջուած եւ հեռանկարային գործիքակազմ է:
«Մեր ծրագիրներուն մէջ կը մտնէ փլաթֆորմի աշխոյժ օգտագործումը Հարաւային Կովկասի երկիրներու եւ անոնց դրացիներու փոխգործակցութեան զարգացման համար: Այդ համագործակցութեան տրամաբանութիւնը կ՛ենթադրէ ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու հաւաքական դիտարկում, այն հարցերուն, որոնք չեն սրեր քաղաքական հակասութիւնները եւ կը նպաստեն փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման: Մենք նախ եւ առաջ կը խօսինք տարածաշրջանային մարտահրաւէրներու պատասխաններու որոնման եւ ծագող հարցերը անմիջապէս տեղւոյն ուժերուն կողմէ լուծելու հարցերուն մասին: Այդ գործընթացին տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու ներգրաւումը նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծէ երկխօսութեան համար, օրինակ, Երեւանի եւ Պաքուի, Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ` առեւտուրի, ուժանիւթի, արդիւնաբերութեան, նորարարական արհեստագիտութեան, ենթակառուցուածքի արդիականացման ոլորտներուն մէջ փոխշահաւէտ նախագիծերու իրականացման միջոցով: Հարաւային Կովկասի երկիրներուն եւ անոնց դրացիներուն միջեւ համագործակցութեան լրացուցիչ հնարաւորութիւնները կապ ունին տարածաշրջանի տարանցիկ կարողականութեան բացայայտման, նոր մարտահրաւէրներու եւ սպառնալիքներու դէմ պայքարին մէջ փոխգործակցութեան հետ», յայտնեց ան։
Ըստ Ռուտենքոյի՝ այս փուլին կը կատարուի ձեւաչափի երկրորդ նիստի պատրաստման աշխատանքը: Յոյսեր կան, որ անիկա գումարուի մինչեւ կիսամեակի վերջաւորութեան։ «Ինչ կը վերաբերի հաղորդակցութեան եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման, անորմով կը զբաղի եռակողմ աշխատանքային խումբը` Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի փոխվարչապետերու համանախագահութեամբ: Այս ուղղութեամբ մեծ աշխատանք կը տարուի: Կը փորձենք արագ գտնել լուծումներ, ինչ որ կարելիութիւն պիտի տայ սկսելու տարածաշրջանին մէջ յստակ նախագիծերու իրականացման», ըսաւ Ռուտենքօ: