ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Հինգշաբթի, 12 Մարտին տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Մարիա Զախարովա ցաւ յայտնեց, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի սահմանին ու ուժերու շփման գիծի երկայնքին զինադադադրի խախտումի դէպքերը կը շարունակուին եւ զոհեր ու վիրաւորներ կ՛արձանագրուին։
«Կը փափաքիմ ցաւակցութիւն յայտնել զոհուածներու հարազատներուն: Մենք կողմերուն կոչ կ՛ընենք՝ զսպուածութիւն ցուցաբերելու, ձեռնպահ մնալու ուժ կիրառելէ, աշխուժացնելու բանակցային գործընթացը՝ քաղաքական ճամբով տագնապին կարգաւորման հասնելու համար։ Կրնամ նաեւ վստահեցնել ձեզի, որ մենք պիտի շարունակենք մօտէն հետեւիլ այս հարցին», աւելցուց Զախարովա: