ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Սի.Էն.Էն.».- «Մոտերնա» ընկերութիւնը Երկուշաբթի օր յայտարարեց, որ COVID-19 ժահրին տարածումը կանխելու իր փորձառական պատուաստին 3-րդ հանգրուանի փորձերուն նախնական տուեալները ցոյց տուած են, որ անիկա գրեթէ 95 տոկոսով արդիւնաւէտ է, ինչ որ ակնկալուած համեմատութենէն շատ աւելի բարձր է։
Անցեալ շաբաթ, Pfizer ընկերութիւնը յայտարարեց, որ իր եւ գերմանանական BioNTech-ի փորձառական պատուաստին 3-րդ հանգրուանի փորձերուն նախնական տուեալները ցոյց տուած են, որ անիկա 90 տոկոսով արդիւնաւէտ է։
Դրական այս լուրերը կու գան այն ժամանակամիջոցին, երբ համաճարակը անզսպելիօրէն կը տարածուի աշխարհի տարածքին եւ Թեսքսասի եւ Քալիֆորնիոյ մէջ արդէն իսկ առաւել քան մէկական միլիոնվարակումներ կան, իսկ Միացեալ Նահանգներու տարածքին մէկ շաբթուան ընթացքին արձանագրուած են մէկ միլիոնէն աւելի վարակակիրներ։