Լիբանանահայ գաղութին երէց սերունդը հաւանաբար լա՛ւ կը յիշէ այս անունը,- Մուսա Բրենս։
Լիբանանցի արաբ իրաւագէտ մըն էր, ոճրաբանութեան մասնագէտ, որ 1960-ական թուականներուն (երբ Հայ Դատը տակաւին դուրս չէր եկած իր 40-ամեայ թմբիրէն)՝ մանրակրկիտ կերպով ուսումնասիրեց Հայոց Ցեղասպանութեան ծրագրումին ու գործադրման ամբողջ պատմութիւնը ու գիտական ծաւալուն ուսումնասիրութիւն մը պատրաստեց այդ մասին։ Մ. Բրենս, այդ օրերուն հազիւ 40 տարեկան երիտասարդ, իր աշխատասիրութիւնը գրի առաւ Ֆրանսերէնով, աւելի քան 600 տպագիր էջի ծաւալով…։ Բազմաթիւ փաստաթուղթերու օգտագործումով՝ ան պարզեց ու պարզաբանեց 1915-ի կոտորածներուն ցեղասպանական բնոյթը, լուսարձակ բացաւ Թուրքիոյ հայաջինջ քաղաքականութեան վրայ, մանաւանդ մերկացուց ու խարազանեց այդ շրջանի մեծ պետութիւններուն անտարբերութիւնն ու մեղսակցութիւնը… :
Բայց Մ. Բրենս այսքանով չբաւականացաւ։ Ան, 1967-ին մասնակցեցաւ Ոճիրներու Կանխարգիլման Միջազգային Բ. Համագումարին (Փարիզ) ու այնտեղ զեկուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան մասին՝ գործածելով ինքնակերտ նոր բառ մը՝ ARMENOCIDE։ Հայերէնով՝ «ՀԱՅԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ» : Այդ օրէն ասդին՝ այս բառը մտաւ գիտական շրջանառութեան մէջ։
Մուսա Բրենսի այս թանկագին աշխատասիրութիւնը տպուեցաւ 1975-ին։ Ինքը՝ հեղինակը, կեանքէն հրաժեշտ առաւ 1998-ին։
Այս ամէնը յիշեցի պատահաբար, երբ անցեալները գրադարանիս մէջ անզգալաբար մատներս դպան հայերէն բարակ հատորի մը, որ խորագրուած էր «Անպատիժ ցեղասպանութիւն մը՝ Հայասպանութիւնը»… : Հեղինակ՝ Մուսա Բրենս, տպ. Համազգայինի, Պէյրութ, 1969 : Ուրեմն, ճիշդ 45 տարի առաջ հրատարակուած գիրք մը, որ թէեւ տեղ գրաւեր էր գրադարանիս մէջ, բայց չէր կարդացուած առ այսօր…։ Ապրիլեան շաբաթը գրգիռ հանդիսացաւ, որ մէկ շունչով ընթերցեմ Մուսա Բրենսը, նոր օրերու այս արաբ Լեփսիուսը կամ Թոյնպին… :
Աւելցնեմ անմիջապէս, որ իմ կարդացած գիրքը Մ. Բրենսի վերոյիշեալ ծաւալուն ուսումնասիրութեան լոկ «Ներածական»ն էր, 125 էջ։ Բայց այսքանն իսկ գաղափար մը կու տայ մեզի, թէ ի՞նչ համապարփակ աշխատանք տարեր է հեղինակը՝ բնութագրելու համար Հայոց Ցեղասպանութիւնը իբրեւ անժամանցելի ոճիր։ Ֆրանսերէնէ հայերէն թարգմանութիւնը կատարած է «Ազդակ»ի նախկին խմբագիրներէն Տիգրան Ոսկունի, բարձրորակ ու ճաշակաւոր ոճով։
Մուսա Բրենս։ Երախտագիտութեամբ յիշատակելի անուն։ Արդարասէ՜ր անուն։
Արաբական Աշխարհի ընդարձակ տարածքին, տեղ-տեղ, կարեւոր գաղութներ ունինք։ Վերջին հարիւր տարիներուն քանի՞ Մուսա Բրենս յայտնուած է հոն արդեօք…։ Կամ՝ քանի՞ Մուսա Բրենս կրցած ենք սիրաշահիլ ու գործի մղել… :
***
Մուսա Բրենսի «Armenocide» հատորը, իր կարգին, իմ մտքին մէջ վերակենդանացուց անունը վաստակաւոր հրապարակագիրի մը՝ Տիգրան Ոսկունիին, որ հայերէնի թարգմանած էր այդ գրքին կարեւոր մէկ բաժինը։
Ո՞Վ ԷՐ ՏԻԳՐԱՆ ՈՍԿՈՒՆԻՆ
Ես այս անունին առաջին անգամ հանդիպեցայ 80-ական թուականներու վերջերը՝ Լոս Անճըլըսի երբեմնի «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթին մէջ։ Ան, Սան Ֆրանսիսքոյի իր բնակավայրէն, ամէն շաբաթ, խմբագրական բնոյթի առաջնորդող յօդուածներ կը ստորագրէր այդ թերթին Ա. էջին վրայ ու կը վերլուծէր հայաստանեան կամ միջազգային տաք իրադարձութիւնները։ Ոսկունին մէկն էր «Նոր Կեանք»ի երկու Տիգրաններէն (միւսը՝ վաստակաւոր լրագրող Տիգրան Թոսպաթն էր, որ ունէր իր ֆրանսերէն առանձին էջը) :
Երկու պատճառներ կային, որպէսզի ես փնտռեմ ու յափշտակութեամբ կարդամ Ոսկունիի յօդուածները.
ա) Իր յստակ, գեղեցիկ, առոյգ ու կատարելատիպ հայերէնը։ Ոսկունին շատ տպաւորիչ հայերէն մը ունէր, ճոխ բառամթերքով ու գրական դարձուածքներով։ Այս կէտը անպայման կը խանդավառէր զիս, անուղղակի կերպով դասաւանդութիւն մը կ՚ըլլար ինծի համար…:
բ) Ոսկունին ունէր քաղաքական դէպքերը վերլուծելու իւրայատուկ ճարտարութիւն մը, որ միշտ հիացում կը պատճառէր ինծի։ Հայկական նիւթերէն անդին, ան մասնաւորաբար իսկական մասնագէտ մըն էր Միջին Արեւելեան հարցերուն։ Իրեն համար՝ Մերձաւոր Արեւելքը «վառօդի տակառ» մըն էր…: Ի՜նչ խորազնին վերլուծումներ կ՚ընէր Լիբանանի դէպքերուն մասին եւ կը պարզէր շրջանային ու միջազգային ուժերու նենգ միջամտութիւնները պատմական Փիւնիկէի տարածքին… :
Անկասկած, Ոսկունիի ճարտար լեզուն եւ վերլուծաբանի նախանձելի կարողութիւնները կու գային իր անցեալէն։ Ան Միջին Արեւելքի զաւակ էր։ Ծնած էր Դամասկոս, 1925-ին։ Բուն մականունով՝ Գույումճեան։ Պէյրութ հաստատուելով՝ շատ կանուխէն մտած էր լրագրական ասպարէզին մէջ, որուն հաւատարիմ կոչեցեալն էր։ 20 տարեկանէն սկսեալ՝ արդէն իր անունին կը հանդիպինք «Ազդակ Շաբաթօրեակ»ի ու «Ակօս» գրական երկամսեային մէջ, ուր մնայուն ներկայութիւն է։ Քաջ ֆրանսագէտ է ու թարգմանութիւններ կը կատարէ գրական գործերէ (Ժան-Փօլ Սարթր, Անտրէ Ժիտ եւ նմաններ) : 1962-ին երբ կը հիմնուի «Բագին» ամսագիրը, Ոսկունին մաս կը կազմէ խմբագրութեան։ Աւելի ուշ կը ստանձնէ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրութիւնը՝ մինչեւ լիբանանեան պատերազմի սկիզբը, երբ կը գաղթէ Ամերիկա։
Ոսկունին, 1990-ական թուականներու վերջերը հիմնեց իր սեփական համացանցային լրատու կայքը, որ շատ ժողովրդականութիւն կը վայելէր եւ ուր օրը-օրին ան քայլ կը պահէր հայկական թէ միջազգային բոլոր կարեւոր իրադարձութիւններուն հետ։ Հիւանդութիւնը սակայն հարուածեց զինք, ու շրջան մը անկողնոյ ծառայելէ ետք՝ մահացաւ 2005 Փետրուարի վերջերը։
Երանի՜ թէ քիչ մը եւս ապրէր ու տեսնէր «Արաբական գարուն»ը, որ տակնուվրայ ըրաւ Միջին Արեւելքի երկիրները։ Ոսկունին, անպայման, իր հատու գրչով բոլորովին տարբեր վերլուծումներ պիտի կատարէր Եգիպտոսէն մինչեւ Եմէն ու մինչեւ Եփրատի հովիտը երկարող երկիրներու եւ ժողովուրդներու ալեկոծումներուն մասին, պարզելով իրականութիւններ եւ մթին ծալքեր՝ որոնք մեզմէ շատերուն հաճոյ պիտի չթուէին անկասկած… :
Այսօր, ես, նո՛ր Տիգրան Ոսկունիներ կը փնտռեմ իմ շուրջ, բայց չեմ գտներ… :
Լեւոն Շառոեան
Հալէպ
«Նոր Յառաջ»