Այս օրերուն երբ լրատուական աղբիրներ կը հաղորդեն Պէյրութ – Երեւան- Պէյրութ օդային թռիչքները վերսկսելու կարելիութիւններուն մասին, իւրաքանչիւր հայորդիի արդար իրաւունքն է հարցնել իր անձին.« Ինչո՞ւ հայը, ամառնային արձակուրդը պիտի չվայելէ իր հայրենիքին մէջ, փոխարէնը՝ նախընտրէ թրքական ծովեզերեայ քաղաքները..»: Ժամանակէ մը ի վեր ականատես կը դառնանք մեր ժողովուրդին համար անպատուաբեր, մեր ազգային արժանապատուութիւնը ոտնակոխող կարգ մը երեւոյթներու: Մեր մտահոգութիւնը առաջին ակնարկով կրնայ մտահոգիչ չթուիլ ընթերցողին: Արդարանալու ինչպիսի փորձեր ալ կատարելու ըլլանք, երեւոյթը իր խորքով ու հետեւանքներով մեզի համար կը մնայ մտահոգիչ: Երեւութապէս տարբեր բնագաւառներու վերաբերող մտահոգութիւններ են անոնք, սակայն խորքով՝ կը հետապնդեն միեւնոյնը…:
Յուրախութիւն մեր ընթերցողներուն, մեր քննադատութիւնը կ’արտայայտէ զուտ ազգային մտահոգութիւն: Մարտ 8-ի եւ 14-ի զօրանոցները մտահոգող քաղաքական զարգացում մը չէ ան, ոչ ալ՝ համայնքային կամ յարանուանական հերթական բզքտոց մը: Հարցը կը վերաբերի Հայաստանի հանրապետութեան եւ լիբանանահայութեան: Լիբանանեան մեր առօրեային մէջ առկայ են երեւոյթներ, որոնք կրնան վրիպիլ մեր ակնարկէն, սակայն խորքին մէջ կը բացայայտեն մեր ազգային գիտակցութեան չափանիշը:
Բեմերու վրայ կը խօսինք հայապահպանումի, ազգային, մշակութային արժէքներու պահպանութեան, Սփիւռք-հայրենիք փոխյարաբերութիւնները սերտացնելու եւ ազգային այլեւայլ մտահոգութիւններու մասին:
Երեւոյթին առաջին ահազանգը զբօսաշրջութեան նպատակով Թուրքիա մեկնող լիբանանահայերու աճող հոսքն է: Լիացած թրքական բնութեան պարգեւած բարիքներէն, թրքական բարքերու, աւանդութիւններու դրոշմ մը սկսած է ‘ուրուագծուիլ անոնց կենցաղին ու արտայայտութիւններուն մէջ: Չերկարելու համար, ինչո՞ւ հայը իր արձակուրդը չվայելէ իր հայրենիքին ամպերուն տակ եւ փնտռէ Թուրքիան…: Ցաւալի հարցում մը՝ որ կը սպասէ իր պատասխանին…: Պիտի մաղթենք, որ հայրենի վերադաս մարմինները հրատապ ու կտրուկ քայլերով պայմաններ ստեղծեն, որպէսզի հայը իր հայրենիքը նախընտրէ արձակուրդը զբօսնելու համար եւ ոչ՝ Թուրքիան:
Այլ Երեւոյթ մը, որ առաջին ակնարկով երկրորդական կրնայ թուիլ ոմանց, արաբերէնի թարգմանուած թրքական հաղորդաշարներու հանդէպ «համահայկական» կոյր սիրահարութիւնն է…: Կ’ամչնանք գրելու այս տողերը: Մեծ Եղեռնէն վերապրող, պահանջատէր ժողովուրդի մը երրորդ եւ չորրորդ սերունդներուն մեծամասնութիւնը ինկած է թրքական հաղորդաշարներուն գիրկը: Ազգային գիտակցութեան հսկայ բաց մը կը գոյանայ մեր առջեւ:
Լիբանանեան եւ արաբական հեռատեսիլի բազմաթիւ կայաններ, գրեթէ ամենօրեայ դրութեամբ, «թարգմանաբար» թրքական հաղորդաշարներ կը սփռեն: Անոնց հետեւորդներուն իննսուն առ հարիւրը լիբանանահայեր են…: Այր մարդիկ, հայ կանայք, պարման-պարմանուհիներ, չափահաս ու անչափահաս եւ մասամբ նորին, կը հետեւին այս նողկալի հաղորդաշարներուն, բարոյական դասեր կը քաղեն այդ ժապաւէններէն: Այստեղ չ’աւարտիր, ազգային այս ողբերգութիւնը: Բազմաթիւ լիբանանահայեր «ուխտագնացութեան» կ’երթան խնդրոյ առարկայ հաղորդաշարներուն նկարահանման վայրերը…: Ոմանք մինչեւ իսկ անոնց դերասանները կը փնտռեն… յիշատակի նկարներ ունենալու նպատակով…:
Խեղադիւրուած եւ ոչ իրապաշտ այդ քարոզչութիւններուն մեծամասնութիւնը կը միտի հանրային կարծիքին մօտ աստիճանաբար դարմանել թուրքի տիպարին հանդէպ տիրող աւանդական կարծիքը: Հայը, այս պարագային՝ լիբանանահայը կը մեղկանայ անոնց առջեւ եւ անգիտակցաբար կ’ուռանայ իր սրբութիւնները: Տարագիր հայը այնքա՞ն մը պարպուած է իր ազգային արժանապատուութենէն, որ մոռնայ իր ողբերգական երէկը, իր միլիոնաւոր նահատակները, յափշտակուած հայրենիքը, քանդուած եւ իւրացուած մշակութային կոթողները…:
Այսօրինակ հաղորդաշարներ, գեղարուեստական արժէք չներկայացնելու կողքին, բարոյապէս աւելի կը խաթարեն դիտողը: Իբրեւ թէ առօրեայ միջավայրէ վերցուած ըլլան անոնց նիւթերը, սակայն բարոյական գայթակղութիւններէ բացի ոչինչ կը պարունակեն անոնք…: Այստեղ ոմանք պիտի հարցնեն, Հայաստանի հեռատեսիլի կայաններէն սփռուող հաղորդումներուն եւ յայտագիրներուն որակը: Կ’ընդունինք, որ բաւարար չափով գոհացուցիչ չեն անոնք: Սակայն, Հայաստանի հեռատեսիլի կայաններէն սփռուող հաղորդումներուն որակը, չեն կրնար արդարացնել թրքական հաղորդաշարներու վրայ խուժելու պատճառաբանութիւնները…: Ո՞ւր մնաց մեր ազգային արժանապատուութիւնը, որուն մասին հպարտանքով կ’արտայայտուինք շատ յաճախ: Ո՞ւր մնաց մեր ազգային նպատակներուն իրականացումին համար անվհատօրէն պայքարելու մեր կամքը: Ազգայնամոլութիւն չենք քարոզեր: Մենք կը խօսինք բռնախլուած իրաւունքներու պաշտպանութեան, նահատակներու հանդէպ յարգանքի, իբրեւ յանձնառու հայ անհատ եւ մարդ՝ ազգային նկարագիր ու կեցուածք ցոյց տալու արժանիքներու մասին: Մենք կը խօսինք անիրաւուած դատի մը հետապնդման ու հողային պահանջատիրութեան մասին: Իսկ մեր հայրենակիցներուն հարիւրէն իննսունը, ամենօրեայ դրութեամբ, բացառիկ վայելք մը չկորսնցնելու խաբկանքով կը շտապէ դիտելու այդ հաղորդաշարները: Հաղորդաշարին կը յաջորդեն հեռաձայնային եւ սուրճի գաւաթի շուրջ վերլուծութիւններ, հաղորդաշարին կրկնութիւնը յաջորդ օրը դիտելու յանձնառութեամբ…: Մենք կը մոռնանք, որ մեր այս անամօթ ու աժանագին կեցուածքներով կ’անպատուենք անապատներուն մէջ անհետացած, մեզի հաւատք ու այբուբեն կտակած մեր նահատակները:
Երկու մտահոգութիւններ, որոնք կը կարօտին հայրենիքի ու Սփիւռքի համատեղ ճիգերուն: Կը հաւատանք, որ դժուար է անմիջական բարեփութիւններ իրականացնել Հայաստանի զբօսաշրջութեան եւ քարոզչութեան մարզերուն մէջ, սակայն կը հաւատանք, որ ունինք թրքական քարոզչութեան այս նողկալի խաղերը յաղթահարելու ներուժ:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ