ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ – ՀԱԼԷՊ
Մենք, որ Շաբաթ օրուան լսարանի գլխաւոր զեկուցաբերներէն մէկն էինք, ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեցինք մեր վարժարաններու երկրորդական կարգերու աշակերտութեան խոցելի 2 երեսներուն վրայ.– Չկարենալ հայերէն սահուն ընթերցել եւ ուղղագրական ահաւոր սխալներով գրել մայրենի լեզուն…։
Մեզի համար ցաւատանջ է պատկերացնել, որ մեր 16-17 տարեկան տղաքն ու աղջիկները չեն կրնար… ԿԱՐԴԱԼ։ Այո՛, պարզապէս կարդալ։ Ընթերցել հայերէն սովորական էջ մը։ Երբ մեր ապրած երկրին գիւղերու ու գաւառներու անուս գեղջուկներուն զաւակներն անգամ համալսարաններ կը յաճախեն հիմա ու կը վկայուին հոնկէ՝ իբրեւ կերպարանափոխուած տիպարներ, ինչո՞ւ մերինները իրենց մայրենի հարազատ լեզուն կը կարդան կմկմալով ու հեգելով, խաչելով զիրենք մտիկ ընողները…։
Այսպէս կարդացողներուն թիւը շա՜տ մեծ է եւ կը կազմէ դասարաններու աշակերտութեան ընդհանուր թիւին 2\3-ը։
Երեւոյթը ընդվզեցուցիչ է ու ողբալի։ Մա՛նաւանդ եթէ նկատի առնենք այն իրողութիւնը, թէ մեր այս տղաքն ու աղջիկները մանկապարտէզէն իվեր տեւաբար հայկական դպրոց յաճախեր են։ Այսինքն, 13-14 տարի հայկական վարժարան յաճախելէ ու 10 տարբեր դասագիրքեր «բանալ-գոցել»-է ետք՝ դեռ չե՛ն յաջողիր հեզասահ կարդալ…։
Ո՞ւր կը կայանայ ասոր գաղտնիքը։
Մեր դպրոցներուն վարիչները (տնօրէն, հոգաբարձու, խնամակալ եւ այլք), նաեւ՝ ծնողները, տեղեա՞կ են իրավիճակին։ Ու եթէ տեղեակ են՝ ի՞նչ միջոցառումներու կը դիմեն՝ կացութիւնը բարւոքելու համար։
Տխո՜ւր է մտածել, թէ մեր աշակերտութեան ջախջախիչ տոկոսը կազմող այս խաւը վաղը, մօտիկ ապագային, երբ շրջանաւարտ պիտի ըլլայ դպրոցէն, ա՛լ բնաւ պիտի չուզէ (կամ պիտի չկարենայ) իր ափերուն մէջ բռնել հայերէն թերթ մը կամ գիրք մը…։
Շաբաթ օրուան սեմինարը թէեւ լուսարձակի տակ առաւ այս հարցը, սակայն զայն դարմանելու կերպերուն մասին ոչի՛նչ ըսուեցաւ։ Ներկայ ուսուցչուհիներն ալ վարանեցան այս մասին արտայայտուելէ։
Միւս խոցելի կէտը ուղղագրութիւնն է։
Մեր տղաքը կատարելապէս ԱՆԾԱՆՕԹ են հայերէնի ուղղագրական օրէնքներուն։ Կը գրեն ըստ կամս եւ ըստ քմահաճոյքի։
Վերջերս ուղղագրութեան փորձ-քննութիւն մը կատարեցինք հալէպահայ երեք վարժարաններու Ժ. եւ ԺԱ. կարգերէն 60 աշակերտի համար։ Պահանջեցինք որ անոնք թուղթ-մատիտ դնեն իրենց գրասեղաններուն վրայ եւ իբրեւ ուղղագրութիւն՝ արձանագրեն մեր կողմէ տրուած հայերէն ՄԻԱԿ ՆԱԽԱԴԱՍՈՒԹԻՒՆ ՄԸ, որ կը բաղկանար քսան բառէ։ Բառերը արտասովոր չէին, այլ՝ ընթացիկ խօսակցութեանց մէջ յաճախ գործածելի ու հասկնալի։ Արդի՞ւնքը։ ՈՉ ՄԷԿ ԱՇԱԿԵՐՏ յաջողեցաւ անսխալ գրել։ 6 աշակերտներ ունէին երկուքական սխալ, 8 աշակերտներ ունէին երեքական սխալ, իսկ մեծամասնութիւնը կը «փայլէր» 7-12 տառասխալով…։
Կը ստիպուինք կրկնել վերեւի միեւնոյն հարցումը.«Ո՞ւր կը կայանայ այս խոցելի երեւոյթին գաղտնիքը»։
Ի՞նչ ընել, դարմանելու համար այս բաց վէրքը։
Այսպիսի հարցեր ու տագնապներ, ահաւասիկ, պէտք է քննարկուին համագաղութային մակարդակով ու ԲՈԼՈՐ դպրոցներուն մասնացութեամբ։ Պէտք է դպրոցներէն ներս ի գործ դնել ազդու եւ զսպիչ օրէնքներ, որոնք թէ՛ պարտաւորիչ դարձնեն հայերէնի իւրացումը, թէ՛ ալ կապանք դնեն հայերէնի դասապահերը խանգարող կամ արհամարհող կամակոր աշակերտներուն ձեռքերուն։
(Շարունակելի)
Ըսինք արդէն, թէ միօրեայ լսարանին հրաւիրուած էին հալէպահայ բոլոր դպրոցները անխտիր։ Մեզի համար ուրախալի եղաւ տեսնել, թէ հրաւիրեալներուն շարքին էր նաեւ քաղաքիս Հայագիտական Հիմնարկը։ Ասիկա ողջունելի ներկայութիւն մըն էր անշուշտ, որովհետեւ այժմու հայերէնաւանդ մեր ուսուցչուհիներուն մեծ մասը շրջանաւարտ է այս հիմնարկէն։
Միշտ հարց տուած ենք մենք մեզի, թէ եթէ գոյութիւն չունենար Հայագիտական Հիմնարկը, մեր դպրոցները ուրկէ՞ պիտի ճարէին իրենց հայերէնաւանդ ուսուցչուհիները, կամ ինչպէ՞ս պիտի փոխարինէին հանգստեան կոչուած, արտասահման գաղթած կամ այս աշխարհէն ընդմիշտ հեռացած դասատուները…։
Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկը, ուրեմն, անցնող սա քառորդ դարու տեւողութեան նախախնամական դեր կատարեց Հալէպի մէջ։ Մարդո՛ւժ պատրաստեց։ Հիմա, ուրախութեամբ ականատեսն ենք Հայագիտականի շրջանակէն դեռատի օրիորդներու ամբողջ փաղանգի մը, որ գետնէն վերցուցած է երբեմնի երէց ուսուցիչներուն թողած դրօշակը ու պաշտօնի կոչուած է մեր դպրոցներուն մէջ, ակնյայտ յաջողութիւններով։
Հայագիտականը կը շարունակէ պատնէշի վրայ մնալ մեծ զոհողութիւններով։ Պէտք է անոր յա՛րգը գիտնալ ու զգօնութեամբ վերաբերիլ զայն խարխափումի մղող վիճակներուն հետ։
Ճի՛շդ այս կէտին վրայ է ահա՝ որ կ՛ուզենք մեր ընդվզումը կամ հիասթափութիւնը յայտնել… մեր վարժարաններու պատասխանատուներուն։
Հարցումը դնենք շե՛շտակիօրէն.«Մեր դպրոցները ինչո՞ւ չեն օգներ, չեն զօրակցիր Հայագիտականին»։
Մեզի ծանօթ չէ հալէպահայ դպրոց մը կամ զայն հովանաւորող մարմին մը, որ 2-3 տարին անգամ մը իր շրջանաւարտներէն քանի մը պիտանի ու խոստումնալից ուսանողներ Հայագիտական Հիմնարկ ուղարկէ (անոնց թոշակներն ալ վճարելով)՝ զանոնք ապագային իբրեւ դասատուներ պաշտօնի կոչելու համար։ Այսինքն, Հալէպի մեր հայկական վարժարանները իրենք իրենց համար հայերէնաւանդ ուսուցիչներ պատրաստելու Ո՛Չ ՄԷԿ ՇՕՇԱՓԵԼԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ ԱՌԱԾ ԵՆ ՑԱՐԴ։
Ասիկա շատ զարմանալի երեւոյթ է։
Երբ քաղաքի մը մէջ Հայագիտական Հիմնարկ մը կայ (աւելի քան 25 տարիէ իվեր), դպրոցները ինչո՞ւ ձեռնածալ կը նստին։ Միթէ անկարելի՞ է կոչում ունեցող գրասէր ու փայլուն շրջանաւարտներ գտնել, համոզել զանոնք տնտեսական երաշխիքներով, հոգալ անոնց ուսման ծախսերը, մօտէն հետեւիլ անոնց ուսումնական երթին ու այդպիսով՝ ՄԱՐԴ ՊԱՏՐԱՍՏԵԼ։
Մեր բոլոր դպրոցներն ալ թերացած են այս պարտականութեան մէջ։ Ու այս անբացատրելի թերացումը,– շարունակուելու պարագային,– մօտիկ ապագային ողբալի անակնկալներու առջեւ պիտի դնէ մեզ…։
Հարկ է տեսլակա՛ն ունենալ։
Ժամը հնչած է, որ մեր դպրոցները դո՛ւրս գան այլեւս իրենց կրաւորականութենէն։ Անոնք պէտք չէ յուլօրէն սպասեն, որ հայ նորահաս օրիորդ մը ինքնեկ կերպով Հայագիտականի ուսանող դառնայ, յետոյ աւարտէ դասընթացքները, որպէսզի օր մը զայն պաշտօնի հրաւիրեն…։ Ո՛չ։ Նախաձեռնութիւնը պէտք է գայ ո՛ւղղակի հայ դպրոցներէն։
(Վերջ)