Լեւոն Շառոյեան (Հալէպ)
Աւելի քան տասը տարիէ իվեր (Սուրիոյ պատերազմէն ասդին) Հալէպի հայկական մեր վարժարանները կը դիմագրաւեն բազմապիսի դժուարութիւններ։ Կայ տնտեսական սուր տագնապ (երբեմնի կայուն պիւտճէները տակնուվրայ եղած են ու գանձանակները՝ պարպուած), կայ աշակերտական թիւի աննախադէպ նուազում (գաղթի անկասելի ալիքը ամէն ամիս մեզմէ կը խլէ տասնեակ ընտանիքներ), կայ մեր դպրոցները խուժած ոչ-հայ աշակերտներու մեծ թիւ եւ ատոր դիմաց՝ վարժարաններուն հայկականութիւնը պահպանելու դժուարին առաքելութիւն, կայ հետզհետէ աճող խառնածին (օտար ամուսնութիւններու պտուղ) կէս-հայ աշակերտներու յատուկ պարագան, կայ հայերէնաւանդ որակեալ ուսուցիչներու զգալի պակաս, կայ տնօրէններու տագնապ, կայ կրօնի նոր դասագիրքերու մշակման անհրաժեշտութիւն, կայ քաղաքիս Հայագիտական Հիմնարկի գոյատեւումի հարց, երբեմն՝ նոյնիսկ կայ դպրոց փակելու տխուր հեռանկար ու մղձաւանջ, կայ հայերէն լեզուի ընդհանուր նահանջի այրող ցաւը…։
Շարայարուած այս տագնապները ո՞վ սեղան պիտի դնէ, ո՞վ ախտաճանաչումներ պիտի կատարէ, ո՞վ լուծումներ պիտի առաջարկէ…։
Բնականաբար, մեր հայեացքը կ՛ուղղուի կրթական բնագաւառը վերահսկող մարմիններուն՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Ուսումնական Խորհուրդին, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Կրթական Յանձնախումբին ու Հայ Աւետ. համայնքի Կրթական Խորհուրդին։
Բայց, որպէսզի քննարկուէին այս հարցերը, հարկ էր,– ամէն բանէ առաջ,– ՔՈՎ-ՔՈՎԻ ԳԱԼ ու ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԻԼ։
Ես չեմ յիշեր բնաւ, թէ որեւէ ատեն Հալէպի մեր հայկական ԲՈԼՈՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ մէկտեղուէին կտուրի մը տակ եւ միասնաբար օրակարգի նիւթ դարձնէին զիրենք ու ամբողջ գաղութը յուզող կրթական տագնապալի հարցերը։
Սա կը նշանակէ, որ թերացեր ենք այս մարզին մէջ։ Չենք փորձած իրարու մօտենալ։ Խուսափեր ենք «միւս»-ին քով երթալէ կամ անոր հետ խորհրդակցելէ, մեր ցաւերն ու տագնապները մէկզմէկու հետ կիսելէ։ Իւրաքանչիւր դպրոց նախընտրեր է մնալ իր ցանկապատէն ներս, իր պատեանին մէջ, փորձելով առանձնաբա՛ր լուծումներ որոնել իր հարցերուն…։
Բայց ինչո՞ւ կը խորշինք միատեղ աշխատանքէ, ինչո՞ւ չենք գօտեպնդեր զիրար, ինչո՞ւ իր լոզունգային պարունակէն դուրս չենք բերեր անդադար յեղյեղուող «միասնութիւն» բառը…։
Երկու օր առաջ, շաբաթավերջին (23 Մարտ), կարեւոր անկիւնադարձ մը արձանագրուեցաւ գաղութային մեր առօրեային մէջ.– Հալէպի հայկական ութ վարժարաններէն եօթն՝ մէկտեղուեցան նոյն կտուրին տակ ու մասնակցութիւն բերին «Հայերէնը մեր կրթօճախներէն ներս» խորագրով միօրեայ լսարանի մը։ Բացակայ միակ դպրոցը Հայ Կաթողիկէ Զուարթնոց միջնակարգն էր։
Լսարանին գաղափարն ու նախաձեռնութիւնը կու գար Հայ Աւետարանական համայնքէն, որուն շնորհակալութիւն կը յայտնենք այստեղ, հրապարակաւ։ Մեզի համար, իսկապէս, մեծ ուրախութիւն եղաւ նորակառոյց համայնքապետարանի «Թեհլիրեան» սրահին մէջ համախմբուած տեսնել երեսունի չափ հայերէնաւանդ ուսուցչուհիներ, մեծաւ մասամբ՝ իրենց տնօրէններուն ուղեկցութեամբ, որոնք եկած էին լսելու այս առթիւ պատրաստուած զեկոյցները, բայց նաեւ՝ մասնակից դառնալու քննարկումներուն։
Ոչ ոք անշուշտ յաւակնութիւնն ունի, թէ միակ հաւաքով մը կարելի պիտի ըլլայ փարատել մեր դպրոցներուն ցաւերը։ Ո՛չ։ Ասիկա պարզապէս առաջին քայլ մըն էր երկխօսութեան ու անկաշկանդ արտայայտութեան, տեսակ մը «հայերէնաւանդ ուսուցիչներու հարթակ» մը, որուն սեղանին կրնային դրուիլ այն բոլոր խայտաբղէտ հարցերը, որոնք կը տագնապեցնէին կամ խռովքի կը մատնէին մայրենի լեզու դասաւանդող մեր կրթական մշակները։ Ու ինչպէս համայնքապետ (ու լսարանի համակարգող-նախագահ) վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան պիտի շեշտէր իր բացման խօսքին մէջ, տագնապները բառնալու համար՝ ամէն բանէ առաջ անհրաժեշտ էր «մեր մատներուն ետին չպահուըտիլ», այսինքն՝ ընդունիլ, որ հայերէնի լուրջ նահանջ մը կայ դպրոցներէն ներս եւ թէ դասաւանդուած ու ընկալուած հայերէնը բարւոք մակարդակի վրայ չի գտնուիր…։
Պիտի շարունակենք մեր մտորումները այս նիւթին շուրջ։
Շաբաթ օրուան միօրեայ լսարանը, խոստովանինք, քիչ մը ջուր սրսկեց մեր այրած սրտերուն։ Զուգադիպած ըլլալով «Ուսուցչաց Տօն»-ին, անիկա զգեցաւ մէկէ աւելի հանգամանքներ. նախ, բոլոր դպրոցներու սարքած աւանդական ճաշկերոյթները, ծափն ու պարը շրջանցելով՝ մտաւորական հարթակ մը բացաւ մեր ուսուցիչներուն առջեւ։ Ծանօթանալու, խորհելու, խորհրդակցելու առիթ ստեղծեց։ Յետոյ, առաջին անգամ ըլլալով՝ միասնականութիւն մը իրականացուց հայկական վարժարաններուն միջեւ (հոգ չէ թէ տակաւին «փխրուն» միասնականութիւն մը)։ Վերջապէս, ցաւատանջ վէրք մը բացաւ ու դրաւ մեր առջեւ, որ է ըսել՝ հայերէն լեզուի հետեւողական նահանջն ու անկումը։
Միշտ ըսած ենք ու հիմա ալ կը կրկնենք. վերցուցէ՛ք հայկական դպրոցները մեր գաղութէն, գաղութը լրիւ կ՛անշքանայ, կը կորսնցնէ իր բովանդակ ներուժը։ Մշակութային, մարզական, երիտասարդական, բարեսիրական կամ հայրենակցական մեր բոլո՜ր միութիւնները, եկեղեցին, յարանուանութիւնները եւ միւսները, իրենց բազմադիմի ու այլազան գործունէութեամբ, չե՛ն կրնար կատարել այն սքանչելի ու անգնահատելի ծառայութիւնը, զոր Հայ Դպրոցը կը կատարէ ինքնաբերաբար, առանց փողի ու թմբուկի, առանց սնամէջ լոզունգներու։ Մեր դպրոցները կը նմանին փուռի մը, որ շարունակ հաց կ՛արտադրէ, նոյնիսկ՝ երբ օգտագործուած ալիւրը կորսնցուցած ըլլայ իր երբեմնի որակը…։
Հալէպահայ գաղութին ՈՂՆԱՍԻՒՆԸ հայկական վարժարաններն են։
Շաբաթ օրուան լսարանի գլխաւոր զեկուցաբերներէն օրդ. Մարիա Գաբրիէլեան շեշտելով կը շեշտէր, թէ «հայ դպրոցը կը շաղէ ու կը կոփէ ՎԱՂՈՒԱՆ ՀԱՅ ՄԱՐԴԸ»։ Այո՛, բայց այդ խմորումն ու կոփումը իրականացնելու համար ունի՞նք յարմար ենթահող, ունի՞նք հմուտ մշակներ, հետեւողականօրէն մեր ուշադրութեան կիզակէտը կը դարձնե՞նք այս հարցը։
Եկէ՛ք ընդունինք, որ մեր դպրոցները բաւական վատուժ դարձեր են հիմա։ Մասնաւոր դարմանումի եւ կազդուրման կը կարօտին անոնք։ Այս հաստատումը կը կատարենք անվերապահօրէն՝ հայ դպրոցը իր առաքելութեան բարձրագոյն կէտին վրայ տեսնելու բաղձանքով։
Սուրիոյ պատերազմը լախտի ծանր հարուածներ հասցուց մեր վարժարաններուն։ Պատմական հարուստ անցեալ ունեցող կարգ մը դպրոցներ փակուեցան արդէն (Հայկազեան, Սահակեան, Զաւարեան), մինչ նկուն դիրքի մատնուեցան ուրիշներ։ Ամբողջ սփիւռքի նախանձը շարժող մեր երբեմնի փառաւոր ու պատմական վարժարանները եթէ կրցան կանգուն մնալ առ այսօր՝ խեղճացան սակայն, կծկուեցան, կորսնցուցին իրենց աշակերտները, անշքացան…։
Վերականգնումի փորձեր եղա՛ն անշուշտ, դեռ ալ պիտի ըլլան։ Սակայն ԼՈՒՐՋ ՏԱԳՆԱՊՆԵՐ իրենց ճիրաններուն մէջ առած են հալէպահայ դպրոցները ու զանոնք կը մաշեցնեն օրէ-օր, տարուէ-տարի։
Կ՛ակնարկենք հայկական դպրոցներու ՀԱՅԵՑԻ ԴԻՄԱԳԻԾԻ ԱՂԱՐՏՈՒՄԻՆ, վարժարաններէն ներս հայկական շունչի հետզհետէ տկարացումին, նօսրացումին։
Այս փշոտ նիւթը չարծարծուեցաւ Շաբաթ օրուան լսարանին մէջ։ Անիկա օրակարգէ դուրս էր, որովհետեւ կը կարօտէր առանձին նիստի ու մասնագիտական քննարկումներու։
Գիտենք, որ մեր դպրոցներուն ներքին կաղացումներուն կամ խոցելի երեւոյթներուն «կափարիչ»-ը բանալը դիւրին չէ։ Մեր կրթական պատասխանատուները, աւանդաբար, չեն ուզեր թափանցիկ դարձնել այսպիսի հարցեր, թերեւս՝ արդարօրէն, ներքին ու արտաքին ինչ-ինչ հաշիւներով։ Սակայն ոչ մէկ անպատեհութիւն կայ, կը խորհինք, եթէ մեր դպրոցները քով-քովի գան ու միասնաբար (եւ սրտբացօրէն) սեղան դնեն իրենց հասարակաց տագնապները ու միասնաբա՛ր ալ լուծումներ որոնեն։
Շաբաթ օրուան սեմինարին առաջադրանքն ալ ա՛յդ էր, կը խորհինք։
(Շարունակելի)