ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Հայաստանի անկախութեան 24-րդ տարեդարձին կապակցութեամբ Կլենտէյլի` Հայաստանի հիւպատոսութեան կազմակերպած տօնակատարութեան գլխաւոր բանախօսը ըլլալու պատիւը վիճակուած էր ինծի: Ահա հատուածներ` իմ ելոյթէն, որոնք կ՛արտացոլեն մեր երկրի ձեռքբերումներէն քանի մը հատը` անկախացումէն ի վեր, եւ մարտահրաւէրները, որոնք մինչեւ օրս ծառացած են անոր առջեւ:
Առաջին տարիներուն Հայաստանի Հանրապետութեան առաւել նշանակալի ձեռքբերումը Ղարաբաղի ազատագրումն էր եւ Արցախի Հանրապետութեան հռչակումը: Արդիւնքը` 20 տարեկանէն վար հայերու ամբողջ սերունդ մը, որ ծնած եւ մեծացած է անկախ Արցախի մէջ, նոյնիսկ մէկ օր չէ ապրած Ազրպէյճանի վարչակարգի լուծին տակ, եւ Աստուծոյ կամքով, այլեւս երբեք չ՛ապրիր…Արցախի անկախութիւնը անշրջելի իրողութիւն է: Արցախն այլեւս երբեք չի մտներ Ազրպէյճանի կազմին մէջ…
Սակայն Արցախի մէջ մեր մարտահրաւէրները դեռ չեն աւարտած: Թէեւ ճիշդ է, որ մենք զոհողութիւններու գնով յաղթեցինք պատերազմը, բայց այժմ պէտք է նուաճենք խաղաղութիւնը… Հիմա ժամանակը չէ մէկ կողմ դնելու մեր զգօնութիւնը: Հայաստանի սահմանամերձ քաղաքներն ու գիւղերը պարբերաբար կը յայտնուին ազրպէյճանական հրետակոծութիւններու տակ:
Հայութիւնը քայլեր պէտք է ձեռնարկէ Արցախի անկախութիւնն ապահովելու նպատակով: Արցախը ոչ միայն պէտք է գոյատեւէ, այլեւ` բարգաւաճի… Այս հրատապ անհրաժեշտութիւնը իրականացնելու համար մենք պէտք է առաջին հերթին ամրապնդենք Արցախի պաշտպանութիւնը: Պատերազմէն խուսափելու լաւագոյն միջոցը լաւ պաշտպանութիւն ունենալն է:
Ազրպէյճանցիներուն համար Լեռնային Ղարաբաղի վերստանալը անիմաստ շքեղութիւն է, իսկ հայերուն համար` գոյատեւման անհրաժեշտութիւն…
Արցախի պաշտպանութեան ամրապնդման կողքին, պէտք է աւելցնենք նաեւ անոր բնակչութեան թիւը: Մենք պէտք է նոր փաստարկներ ստեղծենք, որպէսզի ազրպէյճանական վարչակարգը համոզուի, որ հայերը, Արցախը լքելու փոխարէն, աւելի մեծ թիւերով հոն բնակութիւն կը հաստատեն` գրեթէ անհնար դարձնելով տարածքներու վերատիրացումը:
Առանցքային մէկ այլ նպատակ է` ամուր իրաւական հիմքերու վրայ դնել Արցախի անկախութիւնը եւ միջազգային ճանաչում ձեռք բերել: Ամերիկահայ համայնքը յաջողութեամբ կը դիմակայէ ազրպէյճանական լոպիին հսկայական տնտեսաւորումը Ուաշինկթընի եւ բոլոր 50 նահանգներուն մէջ:
Վերջապէս, մենք պէտք է աւելի լաւ կենսապայմաններ ստեղծենք` ապահովելով բնակարաններ եւ աշխատանքներ, որպէսզի այնտեղ ապրող հայերը, եւ անոնք, որոնք մտադիր են բնակութիւն հաստատել, կարենան ապրիլ անվտանգ եւ բարեկեցիկ կեանքով: Բայց միայն Արցախի ժողովուրդի ուսերուն վրայ պէտք չէ ձգել դժուարութիւններու այս բեռը, զայն պէտք է յաղթահարել համայն հայութեան եւ անոր աջակիցներու միասնական կամքին շնորհիւ:
Արցախի վերածնունդն ապահովելու համար մենք պէտք է ունենանք ուժեղ Հայաստան, որ նաեւ աշխարհասփիւռ հայ համայնքներու պահպանման երաշխիքն է:
Այժմ, անկախութեան վերականգնումէն գրեթէ քառորդ դար անց, մենք հնարաւոր ամէն բան պէտք է ընենք` ապահովելու մեր հայրենիքի անվտանգութիւնն ու բարգաւաճումը:
Անկախ մեր գաղափարական, քաղաքական եւ կրօնական տարաձայնութիւններէն` մենք ԲՈԼՈՐՍ պէտք է միաւորուինք մեր եռագոյն դրօշին ներքեւ: Էական չէ, արդեօք մենք համաձա՞յն ենք այս կամ այն ղեկավարին հետ, թէ՞ ոչ: Պետական պաշտօնեաները կու գան ու կ՛երթան, իսկ հայ ժողովուրդն ու հայրենիքը յաւերժական են…
Այնուամենայնիւ, մենք պէտք է հաշուի առնենք, որ փոխյարաբերութիւնը քաղաքացիներուն եւ անոնց կառավարութեան միջեւ երկկողմանի փողոց է: Պետական պաշտօնեաները պարտաւոր են ստեղծել ընկերային միջավայր մը, որ արդար է, բարեկեցիկ կեանքին նպաստող եւ զերծ` խտրականութենէ ու ահաբեկումէ: Քաղաքացիները պէտք է հնարաւորութիւն ունենան ժողովրդավարական գործընթացներու միջոցով ընտրել իրենց նախընտրած ներկայացուցիչները` առանց իշխանութիւններու միջամտութեան:
Միւս կողմէ, ընդդիմութիւնը պատասխանատու է հաշուետու պահելու կառավարութիւնը անոր գործունէութիւններուն համար` կառուցողական քննադատութեան եւ խաղաղ միջոցներով, առանց վտանգելու երկրի կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը:
Ցաւօք, Հայաստանի մէջ դեռ մեծ չափերու կը հասնին աղքատութիւնը եւ գործազրկութիւնը: Անյապաղ պէտք է լուծումներ գտնել անօթիները կերակրելու, կարիքաւորներուն օգնելու եւ հիւանդները բուժելու համար, ինչ որ կը կանգնեցնէ արտագաղթի ալիքը` մեր հայրենիքի գոյատեւման սպառնալիքը…
Հակառակ դժուարութիւններուն, որոնք կը շարունակեն բազմաթիւ հայերու ցաւ ու տառապանք պատճառել, եւ որոնց մէկ մասը մարդոց կողմէ ստեղծուած է, միւս մասը պայմանաւորուած` կառավարութեան վերահսկողութենէն անկախ հանգամանքներով, ինչպէս Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ շրջափակումներն են, պէտք է ընդունիլ, որ վերջին 24 տարիներու ընթացքին Հայաստանի բնակչութեան կենսապայմաններու աստիճանական յառաջընթաց արձանագրուած է:
Միւս նշանակալի ձեռքբերումը Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչումն էր ամբողջ աշխարհի մէջ այս տարուան սկիզբը: Շնորհիւ սփիւռքի յամառ ջանքերուն վերջին հարիւր տարուան ընթացքին եւ վերջին քառորդ դարուն Հայաստանի կառավարութեան միջազգային դիւանագիտական շփումներու` Ցեղասպանութեան ճանաչման փուլը հիմնականին մէջ աւարտած է: Մենք այժմ պէտք է արդարութեան հասնինք փոխհատուցման միջոցով: Թրքական կառավարութիւնը պէտք է վերադարձնէ այն ամէնը, որ բռնագրաւած էր Ցեղասպանութեան ժամանակ եւ փոխհատուցում վճարէ այն ամէնուն համար, որ հնարաւոր չէ վերադարձնել:
Մեր առջեւ ծառացած հիմնախնդիրն է` աւելի արդիւնաւէտ գործընթաց ստեղծել Հայաստանի, Արցախի եւ ամբողջ սփիւռքի 10 միլիոն հայերու ջանքերը համադրելու համար:
Այդպիսի մօտեցում մը կրնայ ըլլալ տարբեր երկիրներու մէջ գոյութիւն ունեցող Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յանձնախոմբերու, ինչպէս նաեւ Երեւան գտնուող Հարիւրամեակի պետական յանձնաժողովի վերանուանումն ու վերածումը մշտապէս գործող մարմիններու, որոնք պատասխանատու կ՛ըլլան հետեւեալներուն համար.
1) Կառավարել բոլոր համահայկական խնդիրները եւ ճգնաժամերը, որոնք կ՛ազդեն հայկական համայնքներուն վրայ, ինչպէս` Սուրիոյ պարագան.
2) Զօրացնել Արցախի անվտանգութիւնը, տնտեսութիւնը եւ ինքնավարութիւնը:
3) Դադրեցնել արտագաղթը Հայաստանէն:
4) Պահանջել Թուրքիայէն փոխհատուցում` Ցեղասպանութեան ժամանակ հայ ժողովուրդի կրած բոլոր մարդկային եւ նիւթական կորուստներուն համար:
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ