«Գալիֆորնիա Գուրիըր՚ թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան կը գրէ.
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի կազմակերպած բանավէճի մասին այս երրորդ եւ վերջնական յօդուածին մէջ գոնկրէսականներ Հոուարտ Պերման եւ Պրետ Շերման պատասխանած են բանավէճի վարողներ Յարութ Սասունեանի եւ Արա Խաչատրեանի` սուրիահայերու անվտանգութեան, Սաֆարովի աղմկայարութեան, Արցախի անկախութեան եւ Իսրայէլի կողմէ Ատրպէյճանին զէնքի վաճառքին առնչուող հարցերուն:
Քոնկրէսական Շերման խոստովանեցաւ, որ Սուրիոյ մէջ որոշ ընդդիմադիր տարրեր «խիստ թշնամաբար կը վերաբերին Սուրիոյ քրիստոնեաներուն նկատմամբ՚: Ան զգուշացուց, որ ՙքրիստոնեայ փոքրամասնութեան իրաւունքներուն հանդէպ անյարգալից վերաբերումի պատճառով հետեւանքներ պիտի ըլլան՚:
Այն հարցին, թէ Գոնկրէսը, մասնաւորապէս, ինչ կրնայ ընել սուրիահայերուն աջակցելու համար, քոնկրէսական Պերման ըսաւ. «առկայ են ԱՄՆ-ի Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) ուղղակի յարաբերութիւններ, եւ կան աւելի քօղարկուած բնոյթ կրող մեթոդներ ապահովելու համար քրիստոնէական համայնքներու կայունութիւնն ու օգնութիւնը՚:
Գոնկրէսական Պերման իր մտահոգութիւնը յայտնեց Իսրայէլի կողմէ Ատրպէյճանին աւելի քան մէկ միլիառ տոլար արժողութեամբ ժամանակակից զէնք վաճառելու առնչութեամբ, որ կրնայ Հայաստանի դէմ օգտագործուիլ: Երբ ան նշեց, որ նման յարաբերութիւններ եղած են Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ, բանավէճի վարող Յարութ Սասունեան վիճարկեց այդ յայտարարութեան ճշմարտացիութիւնը: Գոնկրէսական Պերման հրաժարեցաւ իր յայտարարութենէն` խոստովանելով, որ տեղեակ չէ
՚Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ ընթացող նման յարաբերութիւններէ՚:
Գոնկրէսական Շերման իր առարկութիւնը յայտնեց Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ատրպէյճանին զէնք վաճառելու առթիւ. «մենք Ատրպէյճանին ռազմական որեւէ օգնութիւն պէտք չէ տրամադրենք, եւ հիմնուելով Հունգարիոյ մէջ տեղի ունեցածի, ինչպէս նաեւ այն փաստի վրայ, թէ Պաքու վերադառնալէն ետք այդ մարդասպանը ինչպիսի ընդունելութեան արժանացաւ, մենք [անոնց] ՆԱԹՕ-ի զօրավարժութիւններու իրականացումը պէտք է թոյլ չտանք, իմանալով, որ հաւանական է, որ յաջորդ զինուորըը, որուն գլխուն կացնով պիտի հարուածեն ու սպաննեն, ամերիկեան զինուոր մը ըլլայ՚:
Գոնկրէսական Պերման. «մենք կ’ուզ ենք վստահ ըլլալ, որ Հայաստանը ապահով է եւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ինք պիտի որոշէ իր սեփական ապագան.… Ատրպէյճանն իր հնարաւորութիւններով, կը ստանայ բան մը, որուն կարիքը չունի, անվտանգութեան սպառնալիքներուն համար, որոնք իրականութեան մէջ անոնք չունին` իրենց տնտեսական ազդեցութեան շնորհիւ՚:
Այն հարցին, թէ ինչու Գոնկրէսի յատկացուցած Արցախի օգնութեան մեծ մասը կը պահուի Պետական բաժանմունքի կողմէ, քոնկրէսական Շերման ըսաւ. «ես պահանջած եմ յատկացումներուն օրինագծի արտաքին գործառնութիւններու մէջ ձեւակերպում մտցնել` USAID-էն պահանջելով գումարը գործնականօրէն ծախսել Արցախի ժողովուրդի, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովուրդի մարդասիրական զարգացման համար, եւ ուրախութեամբ կը յայտնեմ, որ յանձնաժողովը այդ ձեւակերպումը ներառած է իր զեկոյցին մէջ՚:
Պատասխանելով Արցախի անկախութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան հարցին, քոնկրէսական Շերման յայտարարեց. ՙկարծեմ Լեռնային Ղարաբաղը անկախ պետութիւն է, եւ վերջ: Ստեփանակերտի մէջ [ամերիկեան] դեսպանատուն բանալու Ժամանակն է: Լեռնային Ղարաբաղը պետութիւն է, որովհետեւ անիկա է, որ իր ժողովուրդը յստակօրէն կ’ուզէ՚:
Գոնկրէսական Պերման այս հարցով քիչ մը աւելի զգուշութիւն ցուցաբերեց. «լոս Անճելըսի մարդիկ չպէտք է որոշեն Լեռնային Ղարաբաղի համար, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը պէտք է որոշէ: Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի համար ինքնորոշումը կարեւորագոյն խնդիր է: Կասկածէ վեր է, որ անոնք անկախութիւն կ’ուզեն, եւ ահա, այս ուղղութեամբ է, որ կ’ուզէի գործընթացը ընթանար, սակայն մենք մէջն ենք բանակցային գործընթացի, որուն իրենց համաձայնութիւնը տուած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւնները՚:
Գոնկրէսական Շերման հակադարձեց. «ես համաձայն եմ Հոուարտի [Պերման] հետ: Արցախի ժողովուրդն է, որ պէտք է որոշէ, թէ իրենք անկախ երկիր են: Անոնք արդէն որոշած են: Անոնք, եւ ժամանակն է, որ Հոուարդն ալ հասկնայ, որ Լեռնային Ղարաբաղը անկախ հանրապետութիւն է՚:
Անդրադառնալով Հունգարիոյ կողմէ ատրպէյճանցի կացինահարող մարդասպանը Ատրպէյճանին արտայանձնելու հարցին, գոնկրէսական Շերմանը համոզում յայտնեց, որ այս գործողութիւնը «կազդէ Հունգարիոյ հետ մեր ռազմական յարաբերութեան վրայ…. Մի քանի օր առաջ, ես նամակ յղած եմ ԱՄՆ պետական քարտուղարին եւ պաշտպանութեան նախարարին, ըսելով, որ անկասկած, պէտք է կասեցուի որեւէ տեսակի ռազմական համագործակցութիւն Ատրպէյճանի հետ՚:
Գոնկրէսական Պերման աւելցուց, որ ՆԱԹՕ-ի անդամ իւրաքանչիւր երկիր, ներառեալ Հունգարիան, այժմ պարտաւորութիւն ունի դադարեցնելու Ատրպէյճանի մասնակցութիւնը «գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան՚ ծրագրին, քանի դեռ այս սխալը չէ ուղղուած՚:
Գոնգրէսական Պերման իր փակման խօսքին մէջ խոստացաւ շարունակել պայքարը «միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար, քանի որ կը մօտենանք 100-ամեայ տարելիցին: Սա ոչ միայն իմ յանձնառութիւնս է իբրեւ քոնկրէսականի, այլ իբրեւ հրէայ, որուն սեփական ժողովուրդը եւս տառապած է իր սեփական Ցեղասպանութենէն: Քանի որ աշխարհը անտեսած է ձերը [Ցեղասպանութիւնը], ես պիտի շարունակեմ պայքարիլ իրաւունքներու պաշտպանութեան համար՝ հայկական եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի, որոնք կ’ապրին Թուրքիոյ մէջ…. Ես պիտի պայքարիմ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման եւ բարեկեցութեան համար, որ Հայաստանի հնագոյն թագաւորութեան մաս կազմած է՚:
Գոնկրէսական Շերման բանավէճը աւարտեց` երդուելով. «ես շաբաթուան եօթ օրը ձեզի հետ եղած եմ, եւ ձեր օգնութեամբ, շաբաթուան եօթ օրը դարձեալ ձեզի հետ կ’ըլլամ եւս 20 տարի՚:
Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը։