Մ.Նահանգներու Ծերակոյտը միաձայնութեամբ ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող, ծերակուտականներ Ռոպերթ Մենենտէզի եւ Թէտ Քրուզի մշակած թիւ 150 բանաձեւը: Նախապէս, հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին, Ներկայացուցիչներու Տունը, 405՝ կողմ, 11՝ դէմ ձայներով ընդունած էր Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 296 բանաձեւը:
Պատմական այս քայլով, Մ.Նահանգներու Ծերակոյտը առաջին անգամ ըլլալով ճանչցաւ 20-րդ դարու մեծագոյն ոճիրը:
Այս առիթով, մեր ջերմագոյն երախտագիտութիւնը բոլոր այն կառոյցներուն, քաղաքական եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն, որոնք պայքարեցան յանուն պատմական ճշմարտութեան եւ արդարութեան յաղթանակին: