ՍԱԼԲԻ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ
«Ձուլումի եւ բռնի հայաթափման քաղաքականութեան կիրարկումով ցեղային մաքրագործումի կամ ցեղասպանական ջարդերու օրինակը աւելի քան դիպուկ է` բացատրելու վերջերս Արցախի մէջ տեղի ունեցածը…»:
ԹԱՆԵՐ ԱՔՉԱՄ
Թուրք ականաւոր պատմաբան, միջազգային պատմագիտական կաճառներու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթը գիտական հիմքերով քննութեան առարկայ դարձնող փրոֆ. Թաներ Աքչամ ակադեմական յառաջատար այն հեղինակութիւնն է, որ 1990-ականներուն հանդիսացած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած առաջին թուրք մտաւորականը, որուն պատմական փաստագրութիւններու վկայակոչութեամբ հրատարակուած լուրջ ուսումնասիրութիւններն ու պատկառելի հատորները լոյս կը սփռեն Հայոց ցեղասպանութեան` 20-րդ դարու ահեղագոյն ոճիրի դրդապատճառներուն, հետեւանքներուն եւ ստեղծուած համապատասխան հակամարտութեան ընթացքին վրայ: Անոնց շարքին, օրինակի կարգով, արժէ յիշատակել հետեւեալ հրատարակութիւնները.
– «Ամօթալի արարք» (1999),
– «Կայսրութենէն հանրապետութիւն. թրքական ազգայնականութիւնը եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը» (2004),
– «Երիտթուրքերու ոճիրը մարդկութեան հանդէպ» (2012),
– «Սպանութեան հրամաններ» (2016):
Փրոֆ. Թաներ Աքչամ այստեղ եւս կը հանդիսանայ առաջին թուրք ականաւոր պատմաբանը, որ պատասխանելով «Ազդակ»-ի` թուրք յառաջապահ մտաւորականներու,արցախահայութեան իր պապենական բնօրրանէն բռնի տեղահանութեան մասին ուղղուած հարցումին, պատմագիտական մասնագիտական տեսանկիւնէ կը կատարէ իր մեկնաբանութիւնները:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Որեւէ նմանութիւն կը գտնէ՞ք վերջերս տեղի ունեցած Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան հաւաքական բռնահանման եւ աւելի առաջ տեղի ունեցած` 1921-ին Կիլիկիայէն, 1939-ին Ալեքսանտրեթի սանճաքէն հայերու բռնի տեղահանութեան միջեւ, զուգահեռաբար 1923-ի Լոզանի դաշնագիրի տրամադրութիւններուն համաձայն` ե՛ւս Թուրքիոյ եւ Յունաստանի բնակչութեանց բռնի փոխանակման միջեւ:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- «Իւրաքանչիւր ազգային պետութիւն կը ստեղծէ քաղաքացիներու երկու տարբեր դասակարգումներ: Առաջինը կը պատկանի գերիշխող ազգային-մշակութային խումբին, եւ սխալ պիտի չըլլար այս խումբին մաս կազմողները բնութագրել իբրեւ «բնիկ քաղաքացիներ»: Երկրորդ խումբը կը բաղկանայ այն քաղաքացիներէն, որոնք չեն պատկանիր գերիշխող ազգային խումբին եւ ենթակայ են տարբեր վերաբերմունքի, անոնց դէմ կիրարկուած քաղաքական գործօններէն մէկը ձուլումն է: Ազգային պետութիւնը կը ձգտի այս խմբաւորումները ամբողջութեամբ ձուլել գերիշխող ցեղային հաւաքականութեան մէջ, այս առումով, քիւրտերը նման փորձերու լաւագոյն օրինակ են:
Անոնք, որոնց հանդէպ կարելի չի դառնար ձուլումի քաղաքականութեան կիրարկումը, կը վերածուին «կառավարելի-կառավարուող» փոքրամասնութիւններու, եւ բոլորովին ալ զարմանալի չէ, որ զանոնք փոքրամասնութեան վերածելու հիմնական միջոցը կը դառնայ տուեալ տարածքէն անոնց վտարումը կամ բռնահանումը, որ ինքնին տեսակ մը «ցեղային մաքրագործում» է, իսկ տուեալ խումբի այլ վայրեր տեղահանումը անկարելի դառնալու պարագային, նախընտրելի կը նկատուի անոնց «ոչնչացումը»:
Աւելորդ է ըսել, որ այս տիպի քաղաքականութիւնները սերտօրէն կ՛առնչուին իրարու եւ երբեք իրարմէ անջատուած չեն, այլ ընդհակառակն, կը կիրարկուին միաժամանակ եւ համանման ոճով ու միջոցներով:
Հետեւաբար պէտք է ըսել, որ մեր տարածաշրջանին մէջ բոլոր ազգային պետութիւններու պատմութեանց ստեղծումը կարելի է դիտարկել այս քաղաքականութիւններու յարաբերական կապակցութեան պարունակին մէջ, եւ ա՛յս առումով իսկ, ձուլումի եւ բռնի հայաթափութեան քաղաքականութեան կիրարկումով, ցեղային կամ ցեղասպանական ջարդերու օրինակը աւելի քան դիպուկ է` բացատրելու Արցախի մէջ վերջերս տեղի ունեցածը…
Անկարելի էր Լեռնային Ղարաբաղի Արցախի հայութեան ձուլումը ազրպէյճանական պետութեան մէջ: Արցախահայութիւնը պահանջ ունէր անկախ պետութեան. ունէր առիթ մը, որ թէկուզ թոյլ ու տկար, այսուհանդերձ կ՛ընձեռէր Ազրպէյճանի իշխանութեան ներքեւ ինքնավար կարգավիճակով գոյատեւելու կարելիութիւն, սակայն այս տարբերակը ընդունելի չէր տեղւոյն հայութեան կողմէ, հետեւաբար ծայր տուաւ պատերազմը, որուն մէջ Հայաստան պարտուեցաւ… Ազրպէյճանի համար ցեղային մաքրագործումը մնաց միակ տարբերակը… Հայերու Արցախէն բռնահանումին ցեղասպանութեան չվերածուելուն գլխաւոր պատճառը հայերու տուած Արցախը լքելու որոշումն էր, այլապէս նոր ցեղասպանութեան մը դէմ յանդիման պիտի գտնուէինք…
Հայերու բռնահանումը Կիլիկիայէն 1921-1922-ին ե՛ւս կարելի է բացատրել նոյն ձեւով, այստեղ կարեւոր է ընդգծել 1920-ին Մարաշի ջարդին ունեցած յատուկ դերը:
Մինչ այդ Թուրքիա-Յունաստան բնակչութեանց բռնի փոխանակումը եւս կարելի չէ անջատել յիշեալ քաղաքականութիւններու տրամադրութիւններէն:
Հ.- Ինչպէ՞ս կը դիտէք պաղեստինեան Կազայի մէջ տեղի ունեցող հակամարտութիւնը: Կապ կը գտնէ՞ք Կազայի եւ Արցախի մէջ պատահածներուն միջեւ:
Պ.- Ե՛ւս բռնահանումի գործօնով կարելի է մեկնաբանել վերջերս Պաղեստինի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները: Պէտք է ըսել, որ 1922-էն ի վեր Իսրայէլի պետութիւնը հիմնած քատրերը միշտ ալ ձգտած են իրենց մէկ եւ միակ իշխանութեան քաղաքական ձեւաչափերուն ենթակայ դարձնել ամբողջ տարածաշրջանը:
Անոնց կեդրոնական թեզը այն էր, որ պաղեստինցիներուն տրուած հողը այսօրուան Յորդանանն է, եւ 1998-էն ի վեր անոնց հիմնական նպատակը եղած է Իսրայէլի սահմաններէն ներս գտնուող շրջաններու ապաարաբականացումը:
Կազայի մէջ այսօր տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն է…
Եւ վերջապէս, պէտք է ըսել, որ ձեր յիշած բոլոր իրադարձութիւնները կարելի է մեկնաբանել նոյն դիտանկիւնէն` անկախ այն իրողութենէն, որ իւրաքանչիւր իրադարձութիւն իր նմաններէն կը տարբերի իր պատմական հանգամանքներով եւ առկայ պայմաններով:
5-11-2023