Ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն, Արսլանեան ընտանիքին եւ «Ազդակ»-ի խմբագրակազմին, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի «Յարութիւն Արսլանեան վարչական բաժին»-ի անուանակոչումը:
«Ազդակ»-ի անունով բացման խօսքը արտասանեց պատասխանատու խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան: Յարութիւն Արսլանեանի նկարագրային գիծերուն եւ դաւանած արժէքներուն մասին խօսեցան Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մատենադարանի տեսուչ Շահան Արք. Սարգիսեան:
Արսլանեան ընտանիքի խօսքը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային ժողովի ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան:
Անուանակոչուած վարչական բաժինի արձանագրութեան քողազերծումը կատարեցին Յարութիւն Արսլանեանի թոռներ Յարութ եւ Յովիկ Արսլանեաններ: