Հովանաւորութեամբ Լիբանանի եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարներուն եւ գործակցաբար Կալենցի անուան տուն-թանգարանին ու Պէյրութի «Սոլիտեր»-ի «Սուք Արուամ»-ի «Տը Վենու» ցուցասրահին, Նոյեմբեր 13-ին տեղի ունեցաւ, բացումը՝ գեղանկարիչ Յարութիւն Կալենցի յետահայեաց ցուցահանդէսին: Այս մասին կը յայտնէ Լիբանանի ՙԱզդակ՚ օրաթերթը։
Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան կողմէ կազմակերպուած այս ցուցահանդէսին ներկայ էին մշակոյթի նախարար Կապի Լայեուն, անոր ներկայացուցիչը` Միշել Տը Շատարեւեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, արուեստագէտ Կալենցի զաւակները, Միրէյ Խանամիրեան, «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու զարգացման հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեան, «Սոլիտեր»-ի ընդհանուր տնօրէն Թոնի Տուէյհի, պետական, միութենական, քաղաքական թէ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հայ թէ ոչ հայ արուեստասէր հոծ բազմութիւն մը:
Նախարար Կապի Լայեուն անդրադարձաւ անցնող Ապրիլ ամսուան ընթացքին Հայաստան կատարած իր այցելութեան: «Շրջագայելով Հայաստանի տեսարժան վայրերը, որոնց կարգին եւ` Կալենցի տուն-թանգարանը, զգացի, թէ որքան անտեղեակ եմ, մանաւանդ երբ իմացայ, որ Կալենց կեանքին որոշ մէկ շրջանը ապրած եւ ստեղծագործած է Լիբանանի մէջ», ըսաւ Լայեուն եւ աւելցուց. «Յարութիւն Կալենցի եւ իր նման շատերու ճամբով ծանօթացանք հայ ժողովուրդի արուեստին, որ յաւելեալ վարկ ու դրոշմ տուաւ լիբանանեան արուեստին»: Նախարար Լայեուն յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի դեսպանատան` նշելով, որ «այս ցուցահանդէսը առիթ մը պիտի ըլլայ շարունակելու մեր կապերը դեսպանատան եւ հայ արուեստասէր հասարակութեան հետ»: Նախարարը խոստացաւ լիբանանեան ու հայկական արուեստի միջազգային փառատօն մը կազմակերպել Այնճար հայաւանին մէջ:
Յարութիւն Կալենց ծնած է Արեւմտեան Հայաստանի Կիւրին շրջանը` 1910-ին: Յուզումնալից պայմաններու մէջ ճողոպրած է 1915-ի Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն եւ հասած Հալէպ, ապա` Պէյրութ: 1925-26 թուականներուն արդէն պատանի Կալենց սկսած է ստեղծագործել: Մեծապէս ազդուած է ֆրանսացի գեղանկարիչ Միշլէէն, որուն աշակերտած է: Լիբանանի մէջ ան ունեցած է տաղանդաւոր դասընկերներ եւ իր ստեղծագործական արուեստով Լիբանանը ներկայացուցած է Միացեալ Նահանգներու մէջ կազմակերպուած մէկ ցուցահանդէսին: 1940-1945-ի միջեւ աշխատակցած է Պէյրութի մէջ հրատարակուած «Ան Ռութ» (En Route) ֆրանսերէն թերթին: Կալենց մահացած է 1967-ին: Անոր ստեղծագործութեանց առանցքը կազմած են բնութիւնը, ընտանիքը, յատկապէս կինը: Անոր գործերը, որոնցմէ կը գտնենք Անթիլիասի եւ Զմմառու վանքերու թանգարաններուն մէջ, կ՛ընդգրկեն իր հօր` Ժանօ Աղայի (Տիրատուր Խարմանտայեան), հօրեղբօր, հօրաքրոջ եւ եղբայրներուն գեղանկարները: Ան իր կեանքին վերջին շրջանը անցուցած է Ֆրանսայի մէջ, ուր միաժամանակ ստեղծագործած է ու հետեւած արուեստի բարձրագոյն դասընթացքներու: Ան Լիբանանի մէջ եղած է Լիբանանցի արուեստագէտներու միութեան հիմնադիրներէն:
Կալենցի նուիրուած այս ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 25 նոյեմբեր, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00: