Շաբաթ, 8 հոկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Անդրանիկ» մշակութային մարմինին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վաստակաւոր դերասան եւ բեմադրիչ Պերճ Ֆազլեանի յիշատակին նուիրուած յարգանքի երեկոյ:
Ձեռնարկին հանդիսավարն էր բեմադրիչ Ժերար Աւետիսեան, որ իր բացման խօսքին մէջ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Անդրանիկ» մշակութային մարմինին անունով ողջունելէ ետք ներկաները, ներկայացուց Պերճ Ֆազլեան բեմադրիչն ու դերասանը, յատկապէս երկար տարիներ լիբանանեան թատերական կեանքին մէջ ունեցած իր ներդրումը եւ Ռահպանի եղբայրներուն հետ իր բարձր մակարդակի գործակցութիւնը: Աւետիսեան մատնանշեց, որ Պերճ Ֆազլեան ունեցած է աւելի քան 100 թատերական գործ հայերէնով, արաբերէնով, ֆրանսերէնով եւ թրքերէնով, եւ այդ գործերը իրենց յատուկ տեղը ունին թատերական կեանքին մէջ: Ժ. Աւետիսեան ըսաւ, թէ վաստակաւոր բեմադրիչ եւ դերասան Պերճ Ֆազլեան 1959-ին հիմնած է «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը, զոր ղեկավարած է մինչեւ 1971 թուական` աւելցնելով, որ Ֆազլեան արժանացած է զանազան պարգեւատրումներու` «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց», «Ս. Սահակ – Ս. Մեսրոպ» մետալներու եւ շարք մը այլ պարգեւներու:
Ձեռնարկին խօսք առաւ Յակոբ Վարդիվառեան, որ իր անձնական կեանքի յուշերուն ընդմէջէն ներկայացուց 1951-ին Պերճ Ֆազլեանի Պոլիսէն Լիբանան հասնելու եւ Պէյրութի մէջ «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի հիմնումի հանգրուանը, որուն յաջորդեց լիբանանցի հանրութեան բացուելու հանգրուանը:
Իր սրտի խօսքը փոխանցեց լիբանանցի հանրածանօթ երաժշտագէտ Էլիաս Ռահպանի, որ բարձր գնահատեց 1950-1960-ական թուականներուն Պերճ Ֆազլեանի ներդրումը լիբանանեան թատերական կեանքի զարգացման գործին մէջ` կարեւոր նկատելով յատկապէս Ռահպանի եղբայրներուն հետ Ֆազլեանին կատարած գործը` անոնց ստեղծագործած թատերական գործերուն մէջ:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ լիբանանցի գրող Ալեքսանտր Նաժժար, որ ներկայացնելով Պերճ Ֆազլեանի թատերական գործին արժէքը, զայն որակեց իբրեւ «Լիբանանեան թատրոնի հայրապետը»:
Նոյն ծիրին մէջ խօսք առաւ լիբանանցի դերասան Ռաֆաաթ Թարապէյ, որ նոյնպէս իր փորձառութեան եւ անձնական ծանօթութեան բերումով լուսարձակի տակ առաւ Պերճ Ֆազլեանի հիմնական դերակատարութիւնը լիբանանեան թատերական կեանքին մէջ` աւելցնելով, որ վերջին շրջանին լիբանանեան թատրոնին հիմքը դնող տիտաններէն 5-ը հեռացած են այս կեանքէն, անոնցմէ մէկը Պերճ Ֆազլեանն է, իսկ երկրորդը` Վարուժան Խըտշեան:
Յիշատակի երեկոն փակուեցաւ Լիբանանի սիմֆոնիք նուագախումբի ղեկավար Յարութ Ֆազլեանի խօսքով. ան իր ընտանիքին անունով ներկայացուց իր հօր` Պերճ Ֆազլեանի արժանիքները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչ մարմինին` յիշատակի երեկոն նախաձեռնելու համար: