ՀԵՂԻՆԱԿ՝ ՍԱՐԳԻՍ Ն. Գ. ՍԷՖԷՐԵԱՆ
Հաւատք, Յոյս, Սէր. ահա՛ թէ ի՛նչ կը խնդրէ երեխան Մկրտութեան Լողաւազանին մօտ։ և, ա՛յսօր, ինչ որ կը գրեմ, զայն կ’ընեմ Աւազանէն ժառանգած իմ գանձարանէս հանուած թանկարժէք գանձերէն թելադրուած։
Զարմանալի չէ՞ արդեօք, թէ ինչպէ՛ս գրիչս կը շարժի ու հեզասահօրէն կը թեւածէ մտքիս հարթակին վրայ՝ ակամայ մղելով զիս արտայայտելու խոհեր, զոր դէպի ո՞ւր կրնան յանգիլ. թէեւ արդէն յստակ է, թէ ի՛նչ կ’ուզեմ… Ի՞նչ հակասութիւն… Ի՞նչ զուգադիպութիւն… Չգիտնալով հանդեձ՝ գիտնալ…
Երեկ առաւօտ, երբ յղացայ նիւթը, որու մասին կ’ուզէի գրել, անմիջապէս գրի առի զայն որպէսզի չմոռնամ. և այդպէս ալ թողուցի զայն՝ անոր վերադառնալու մտքով՝ յետագային։ և, յանկարծ, Դիմատետրիս վրայ ցցուեցաւ՝ ցաւալի և միաժամանակ ցնծալի պատմուածք մը՝ հին օրերէն առնուած…
Սոյն մանրավէպը սկիզբ առած է Համաշխարհային Երկրորդ պատերազմի օրերուն, երբ հրեաներու դէմ ոչնչացման կեցուածք որդեգրած էր անողորմ Հիթլէրը։ Ճակատագրի մէկ բարեբաստիկ խաղով, երկու պատանիներու կը վիճակուի իրարու հետ ծանօթանալ համակեդրոնացման ճամբարի մը մօտակայքը։ Բարեխիղճ պարմանուհին օգտակար կ’ըլլայ իրմէ օգնութիւն հայցող ցանկապատի ետին գտնուող պատանիին, անոր հայթայթելով խնձոր մը, ամէն օր, որ զինք ողջ կը պահէ մի քանի ամիս, մինչեւ անոր տեղափոխուիլը ուրիշ վայր մը։
Կ’անցնին տարիներ. և, օր մը, Նիւ Եորքի մէջ, անոնք դարձեալ կը հանդիպին իրարու, բոլորովին անգիտակից՝ թէ արդէն վաղեմի ծանօթներ էին, զոր անողոք ճակատագիրը բաժնած էր իրարմէ… Մեծ կ’ըլլայ իրենց ուրախութիւնը, որ, ի վերջոյ, կը պսակուի ամուսնութեամբ։ Անոնք, միշտ ալ հաւատացած էին, որ օր մը գուցէ միանան և իրարու հանդէպ տածած իրենց սէրը յաւերժացնեն։ Այն յոյսը, զոր վար պահած էր իրենց սէրը, յաւերժութիւն պարգեւած էր իրենց ապագայի ուրախութեան։
Մեսրոպ Մաշտոցէն ժառանգած սոյն տառերով, այսօր, ես հանդէս կ’ու գամ միտքս պարզելու, ձեզի, իմ սիրելի ընկերներ և ընկերուհիներ, այն յոյսով, թէ նման թանկարժէք լեզուի մը տէրն եմ և չատագովը այդ գանձին, զոր կ’ու զեմ փոխանձել իւրաքանչիւրիդ։ Այս օրերուն, մասնաւոր ուշադրութեան նիւթ դարձած է Արեւմտահայերէնը, որուն հմայքը կը նուազի օր ըստ օրէ, որովհետեւ զայն գործածողներուն թիւը նուազած է արտասահմանի մէջ, ոչ թէ մարդու պակասէն, ա՛յլ մարդոց դժկամակութեան պատճառով։ Արդեօ՞ք նոյնը չէ Արեւելահայերէնի պարագային… Զայն գործածողներուն մեծամասնութիւը կը խորհի, թէ հայերէն կը խօսի, մինչդեռ անոնց բառապաշարը լի է օտար բառերով…
Այս հաշուով, մեր հայ լեզուն նահանջի մէջ է, ըլլայ ան Արեւմտահայերէն կամ Արեւելահայերէն, որովհետեւ Նոր Սերունդը կը նախընտրէ օտար լեզուներով արտայայտել իր միտքը՝ անտեսելով Մայրենին և ամէն ինչ, որ հայերէնով կը ներկայացուի։ Վկայ՝ մեր թերթերը…Որ մեծ ճիգ կը թափեն իրենց խօսքը հասցնելու հանրութեան՝ ձրի թերթ հրամցնելով անոնց որոշ օրեր։ Սակայն ինչո՞ւ այս անտարբերութիւնը…
Յանցանքի մեծ բաժինը կ’իյնայ հայ տան վրայ, ուր անհրաժեշտ է պահել հայերէնի ներկայութիւնը։ Իսկ ի՛նչ կը վերաբերի հայ դպրոցին՝ զայն ղեկավարողները պէտք է ըլլան աւելի բծախնդիր և խստապահանջ և հայ լեզուն սորվեցնեն՝ լաւ կերպով՝ մատղաշ սերունդին մէջ սէր ներմուծելով անոր նկատմամբ և հիմնաւորելով զայն մանուկին մտքին մէջ։ Իսկ գալով ուղղագրութեան շուրջ ստեղծուած հարցին, երկու բարբառներուն միջեւ տարբերութիւնները վերացնելու ճիգը պէտք է քառապատկուի՝ վերջնական համաձայնութեան մը հանգելու համար, որպէսզի ազգային միութիւն ստեղծուի…
Բան մը, զոր Սովետին յաջողուեցաւ ընել՝ անջատողականութիւն ստեղծելն էր Հայրենիքի և Սփիւռքի միջեւ լեզուական խոչնդոտութիւն սերմանելով… Անկախութենէն ետք, Հայրենիք և Սփիւռք վերջնականապէս մօտեցած են, ինչպէս վաղեմի ընկերներ, իրարմէ հեռացած ըլլլալով ճակատագրի դառն «խաղէ» մը ետք, բայց միշտ ալ ամուր հաւատքով կառչած ըլլալով իրենց յոյսին , թէ, օր մը, ճակատագրի մէկ դիպուածով կրնան դարձեալ միանալ… Տակաւին շատ բան ունին կատարելիք՝ զօրաւոր միութիւն մը կազմելու համար։
Այն, ինչ որ կը վերաբերի նորահաս հայ սերունդին, յստակ է. անոնք հպարտ պէտք է զգան, որ ունին գեղեցիկ լեզու և նոյնքան գեղեցիկ և ճոխ գրականութիւն և յոյլ մը նշանաւոր Արեւմտահայ և Արեւելահայ գրողներու, որոնց հետ հաղորդուելու համար պէտք է կարդալ անոնց գրութիւնները։ Միայն այն ատեն է, որ կը հասնինք իսկական «ամուսնութեան» կայացման, որուն յաւերժացումը կը պարտադրէ մեզի սիրել հայը և ամէն ինչ, որ համահայկական է։
Ուստի, ինծի ալ հաճոյք պատճառեցէք՝ կարդալով սոյն յօդուածը։